Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ ԽԱՐՈՅԿԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԻՒՍԵՑԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒՍ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ

August 23, 2025
in Գաղութային
0
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ ԽԱՐՈՅԿԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԻՒՍԵՑԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒՍ

Կրակը, որպէս նախնադարեան մարդու առաջին եւ ամէնէն կարեւոր յայտնաբերումներէն մէկը, հազարամեակներ շարունակ առաջնային դեր խաղացած է ընկերային կեանքի եղափոխութեան եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացումին մէջ: Այդպէս, խարոյկը աղբիւր էր թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ ընկերային ջերմութեան: Անոր շուրջ հիւսուած պատմութիւնները անցած են դարէ դար, պատմելով համապատասխան ցեղախումբին կամ հաւաքականութեան իւրայատկութիւններուն մասին: Ահա թէ ինչու երբեք զարմանալի չէր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումին 2025-ի խարուկահանդէսին խորագիրը՝ «Պատմութիւններ խարոյկին շուրջ», նկատի առնելով խարոյկին խորհուրդը սկաուտի կեանքին մէջ:

Պասքինթայի բանակավայրին մէջ, 16 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան տեղի ունեցած խարուկահանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներ Վիգէն Չերչեան եւ Կէրի Նազարեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Գարին Գալինճեան, վարչութեան անդամներ՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր մարմինի ատենապետ Նշան Ղորղորեան, Հրաչ Հասըրճեան եւ տոքթ. Շահէ Փարթամեան, Լիբանանի արենուշական շարժում AEL-ի փոխնախագահ Լենա Իւրնէշլեան, AEL-ի քոմիսէր ժեներալ Փերուզ Թիւթիւնճեան, սկաուտներու ծնողներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի վարչութիւնները, միութենականներ, Պասքինթայի գիւղապետութենէն ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Տէրունական աղօթքով, ապա Ռաֆֆի Գոզեանին գլխաւորած ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբին նուագով յայտարարուեցաւ խարուկահանդէսին բացումը եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տարազով թիթեռներուն, արծուիկներուն, արենուշներուն, քարաւելներուն, գայլիկներուն, սկաուտներուն եւ երէցներուն խիտ շարքերը տողանցեցին բանակավայրին մէջ, վերահսկողութեամբ ընդհանուր խմբապետ Յովիկ Փոլաճեանի, ընդհանուր փոխխմբապետուհի Կասիա Պոյաճեանի եւ բոլոր խմբապետ-խմբապետուհիներուն: Սկաուտական խումբը վերջին անգամ ըլլալով կատարեց դրօշակի արարողութիւն, մինչ փողերախումբը նուագեց քայլերգները: Խորհրդաւոր պահով, խարոյկը վառելու համար հրաւիրուեցան Վիգէն Չերչեան, Կէրի Նազարեան, տոքթ. Շահէ Փարթամեան, Վազգէն Յովհաննէսեան, Յասմիկ Աւետիքեան, Գլոտին Կէօտէլէքեան, Հուրի Փարթամեան եւ խմբապետներ Յովիկ Փոլաճեանն ու Կասիա Պոյաճեանը:

Փոլաճեան բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց բոլոր այն անհատներն ու վարչութիւնները, որոնք ջանք չխնայեցին յաջողութեամբ բոլորելու այս տարեշրջանն ու բանակումը, յիշեցնելով որ տարեշրջանը անցեալ Հոկտեմբերին սկսած էր ապահովական անկայուն պայմաններու ընկերակցութեամբ: Ան ընդգծեց, որ սկաուտական հաւաքներուն եւ բանակումին ընդմէջէն սկաուտները ձեռք բերած են բազմաթիւ հմտութիւններ՝ ներառեալ առաջնորդելու, համագործակցելու, ժամանակը տնօրինելու, խնդիրներ լուծելու եւ ստեղծագործելու ունակութիւնը:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի խօսքին մէջ փոխատենապետ Վազգէն Յովհաննէսեան շեշտեց, որ բանակումին «իւրաքանչիւր օրը վերահաստատեց սկաուտներուն անքակտելի կապը ակումբին հետ եւ եղբայրական համերաշխ ոգին իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն նկատմամբ»: Ան ողջունեց ակումբին երիտասարդները, որոնք երկրին անբարենպաստ պայմաններով հանդերձ ակումբին սատար հանդիսացած են իրենց ծառայասէր ոգիով: Յովհաննէսեան վստահեցուց, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի արիները պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր խարոյկներ եւ ուրախ պատմութիւններ: Խարուկահանդէսին յայտագիրը ապա ընթացաւ սկաուտական եւ գեղարուեստական տպաւորիչ ցուցադրութիւններով, ուր կարծէք բոլորը կը մրցէին տիրանալու լաւագոյն ներկայացումի մրցանակին, թէեւ ի վերջոյ ի յայտ եկաւ, որ բոլոր խումբերն ալ լաւագոյնն են:

Տոքթ. Շահէ Փարթամեան արտասանեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ուղերձը, ուր յիշեցուց, թէ սկաուտութիւնը մարդակերտումի դպրոց մըն է: Դիտել տալով, որ խարոյկին շուրջ ոչ միայն կը պատմուին, այլեւ կը հիւսուին պատմութիւններ, տոքթ. Փարթամեան գոհունակութեամբ վստահեցուց, որ «նոր սերունդը տէր կը կանգնի այս հարուստ ժառանգութեան, իր կարգին մշակելով մերօրեայ նորանոր հետաքրքրական պատմութիւններ, որոնք գուցէ տարիներ ետք պատմուին այլ խարոյկի մը շուրջ՝ խօսելով յանդուգն սկաուտներու ա՛յս խումբին մասին, որ յաջողութեամբ կը յաղթահարէ մարտահրաւէրները, լոյս եւ յոյս կը սփռէ միութեան եւ հաւաքականութեան մէջ:» Տոքթ. Փարթամեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ընտանիքին՝ Գործադիր մարմինին, վարչութիւններուն եւ ծնողներուն, գնահատելով մանաւանդ սկաուտական շարժումն ու զայն ղեկավարող խմբապետական կազմը: Իր խօսքը ուղղելով սկաուտներուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամը ըսաւ. «Դուք որպէս քաջ զինուորները այս Միութեան, միշտ պատրաստ էք օգնութեան ձեռք մեկնելու ձեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որպէսզի հասնինք մեր վեհ նպատակներուն»:

Հրաժեշտի երգին միացեալ կատարումը պատշաճ եզրափակումն էր այս արդիւնաւէտ բանակումին եւ հաճելի խարուկահանդէսին, որ համալրեց խարոյկին շուրջ պատմութիւններուն ցանկը:

 

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆՆԵՐ (ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ)»

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.