Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը խստիւ արգիլեց անկարգելով սաւառնումի մարզաձեւին acro-paragliding խիստ վտանգաւոր տարբերակը, յիշեցնելով որ, ի տարբերութիւն երկու այլ տարբերակներուն, Լիբանանի մէջ չկան acro-paragliding մարզաձեւը կարգաւորող օրէնքներ: Յիշեցնենք, որ 20 Օգոստոսին, մահացու միջադէպ մը տեղի ունեցաւ Ճիւնիի ծոցին մէջ, քանի մը ամսուայ ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով: Քաղաքացիական անվտանգութիւնը յայտարարեց, թէ ծովափէն շուրջ 15 մեթր հեռու գտած է անկարգելով Հարիսայէն Ճիւնի սաւառնած մարդու մը մարմինը: Ի յայտ եկաւ, որ զոհը նշեալ մարզաձեւի փորձառուներէն Օմար Սէնճէրն է, որուն վտանգաւոր սաւառնումին տեսագրութիւնները շուտով տարածուեցան համացանցի ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակներուն վրայ՝ ներգրաւելով ցաւակցական գրառումներ եւ այս մարզաձեւին անվտանգութիւնը ամրապնդելու կոչեր:

