Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի յայտնեց, թէ որոշած են շարունակել բանակցութիւնները եւրոպական եռեակին հետ: Նշենք, որ Թեհրան եւրոպական երկիրներուն հետ բանակցած էր նաեւ տարիներ առաջ՝ յանգելու համար հիւլէական ծրագրին հարցով վերջնական համաձայնութիւններու:

