Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻ ՈՐՈՇՈՒՄԷՆ ԵՏԴԱՐՁ ՉԿԱՅ»

August 23, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻ ՈՐՈՇՈՒՄԷՆ ԵՏԴԱՐՁ ՉԿԱՅ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալը, որուն հետ արծարծեց լիբանանեան ապահովական վիճակը, հարաւի դրութիւնը, իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ ապահովութիւնը հակակշիռի տակ պահելու հրամայականը: Աուն ընդունեց նաեւ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Էտկար Լաունտսը, որուն հետ քննարկեց ծառայութեան մանրամասնութիւնները եւ փտածութեան դէմ պայքարին ընթացքը:

Երէկ Պաապտա այցելեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքին եւ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները, ապօրինի զէնքի երեւոյթին վերջ տալու որոշումը եւ վերականգնումի լիբանանեան ծրագրերը: Աուն շեշտեց, թէ զէնքի մենաշնորհին հարցով կառավարութեան որոշումները փոխանցուած են բարեկամական պետութիւններուն ու ՄԱԿ-ին, վերահաստատելով որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ նշեալ որոշումի գործադրութեան՝ պաշտպանելու համար լիբանանցիներն ու անոնց շահերը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժահն ու երեսփոխան Սթրիտա Ժաաժահը: Ժողովականները արծարծեցին երկրին ընդհանուր վիճակը, պետութեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու, զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու եւ զէնքի մենաշնորհին հարցը լուծելու հարցով կառավարութեան կարեւոր որոշումները: Սամիր Ժաաժահ համոզում յայտնեց, թէ «կառավարութեան որոշումները Լիբանանի մէջ վերականգնած են գործունեայ պետութեան տրամաբանութիւնը»: Երկու կողմերը շեշտեցին, որ ապազինումին մասին կառավարութեան որոշումներէն ետդարձ չկայ, այլ պիտի գործադրուին:

Խորհրդարանի նախագահ Նըպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները: Զաքի յայտնեց, որ Լիբանան կ’այցելէ գնահատելու համար զէնքի մենաշնորհին վերաբերեալ կառավարութեան որոշումը եւ զօրակցութիւն յայտնելու Պէյրութին: Ան պնդեց, թէ Իսրայէլ պէտք է յարգէ զինադադարի որոշումը եւ վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութիւնը խախտող ոտնձգութիւններուն: «Լիբանանի կայունութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը համարուի Արաբական լիկային համար», հաւաստիացուց Զաքի, պահանջելով յաւելեալ ճնշում բանեցնել Թել Աւիւի վրայ, որպէսզի դադրին ոտնձգութիւնները:

 

Share63Tweet40
Previous Post

Հ.Մ.Մ.-Ի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ԽԱՐՈՒԿԱՀԱՆԴԷՍԸ ՏԷՐ ԷԼ ՀԱՐՖԻ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈ՞ՒՄ

Next Post
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈ՞ՒՄ

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈ՞ՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.