Շաբաթ, 16 Օգոստոսի երեկոյեան, Տէր Էլ Հարֆի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան մեծ բանակումի խարուկահանդէսը՝ նուիրուած Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան 90-ամեակին։ Ներկաներուն շարքին էին Ս.Դ.Հ.Կ.ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամները, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական եւ Պէյրութի վարչութիւններու ատենապետներն ու անդամները, Հ.Մ.Մ.-ականներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Խարուկահանդէսին նախորդեց խաղողօրհնէքը, որ կատարեց Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան։ Ապա փողերախումբը հանդիսաւոր մուտք գործեց՝ նուագելով Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-եան երգեր։ Հանդիսութեան սկիզբը յոտնկայս ունկնդրուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Մ.-ի քայլերգները։

Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը ներկայացաւ նորոգուած երգացանկով՝ ընդգրկելով «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Ղարաբաղցին» երգերու նորամշակ տարբերակները։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ փողերախումբի ղեկավար ընկ. Նարեկ Ղարիպեան։ Ան բարի գալուստի խօսքերէն ետք նշեց․ «Իննսուն տարիներ ինծի կը յուշեն անցեալ մը՝ կերտուած արիութեամբ, զոհողութեամբ ու հաւատքով։ Իսկ վաղուան պատկերը պայծառ կը պարզուի, որովհետեւ այդ յոյսը բուն ունի այս ժառանգութեան մէջ։ Այս գիշեր խարոյկը միայն փայտ չէ որ պիտի վառի. խարոյկը պիտի վառէ իննսուն տարի եռացող հաւատքը՝ շարունակելու, չընկրկելու եւ միշտ պատրաստ ըլլալու։ Խարոյկը վկայութիւնն է, թէ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտը իննսուն տարիներ մնաց պատնէշի վրայ։ Եւ պիտի մնայ։ Շնորհաւոր իննսունամեակ, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութիւն»։
Այնուհետեւ կատարուեցաւ ընդհանուր հաւաքը՝ գայլիկ, արծուիկ, արենուշ, սկաուտ, քարաւէլ եւ երէց խումբերու։ Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, նաեւ տրուեցան խմբային եւ անհատական գնահատանքներ ու պաշտօններու բարձրացումներ։

Կատարուեցաւ «Opening fire show»-ն, որուն աւարտին բոցավառուեցաւ 90-ամեակի խարոյկը: Ներկաները վայելեցին նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի ծննդեան պատմութիւնը, որ ներկայացուցին Փաթիլ Փափազեան եւ Սերժ Ագրապեան պատմողական սքեչով։
Այնուհետեւ հանդիսատեսը զմայլեցաւ մշակութային բազմազան համարներով․
12 արենուշներ հայկական պարով գրաւեցին ներկաներուն սրտերը։
Գայլիկներն ու արծուիկները ներկայացուցին անգլերէն պար մը։
Իսկ արենուշներն ու արիները ուրախ տրամադրութիւն պարգեւեցին «Գեղուհի աղջիկ» կատակ պարով։
Խմբապետ Յակոբ Վասիլեան հանդէս եկաւ փակման խօսքով՝ ի պատիւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան 90-ամեակին։ Ան շեշտեց․ «Այս գիշերուան խարուկահանդէսը սովորական խարոյկ մը չէ, այլ պատմական պահ մը, որովհետեւ մենք միասին կը տօնենք Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան իննսունամեակը։ Իննսուն տարի առաջ, առաջին Հ.Մ.Մ.-ական սկաուտները իրենց ֆուլարները կապեցին, հանգոյց սորվեցան եւ վառեցին իրենց առաջին կրակը՝ ինչպէս դուք այսօր։ Անոնք հաւատացին ընկերութեան, ծառայութեան ու բարի գործերու ուժին։ Այսօր այդ ժառանգութիւնը դուք էք որ կը շարունակէք։ Սկաուտ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ նպատակով, հաւատարիմ մնալ խոստումիդ եւ ծառայել առանց ակնկալութեան։ Եղէք հպարտ. թող ձեր սիրտերը վառին սկաուտական կրակով եւ ձեր արարքները ցոյց տան Հ.Մ.Մ.-ի իսկական ոգին։ Շնորհաւոր իննսունամեակ, սիրելի սկաուտներ։ Եւ միշտ յիշեցէք՝ «Միշտ պատրաստ»»ը։


Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ «Բաժանման երգ»ով եւ հրավառութեամբ։
Այս խարուկահանդէսը ոչ միայն հանդիսութիւն մըն էր, այլ նաեւ սերունդներու հաւաքոյթ եւ ժառանգութեան փոխանցում։ Այն ցոյց տուաւ, թէ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութիւնը իննսուն տարիներու ընթացքին պահեց իր կրակը կենդանի, սերունդէ-սերունդ փոխանցեց իր ուխտը եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւնը։ Խարոյկին բոցը դարձաւ խորհրդանիշ միասնութեան, հաւատքի եւ ծառայութեան, որ պիտի շարունակուի նոյն բծախնդրութեամբ ու ոգեւորութեամբ։

