Շաբաթ, 9 Օգոստոս
Առաւօտեան ժամը 9-ին սկաուտական խումբը՝ սկաուտներ, արենուշներ եւ երէցներ, հաւաքուեցան Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի ակումբը։ Ապրանքները բեռնաւորուեցան բեռնակառքին վրայ, եւ մօտաւորապէս ժամը 12-ին ամբողջ խումբը մեկնեցաւ դէպի բանակավայր՝ Մեթնի շրջանի Տէր էլ Հարֆ – Պթպիաթ։
Բանակավայր ժամանելէն անմիջապէս ետք, տղաքն ու աղջիկները աշխուժօրէն նուիրուեցան աշխատանքներուն։ Բեռնակառքին պարունակութիւնը դատարկուեցաւ, վրանները կազմուեցան եւ բանակավայրին մէջ սկսաւ 90-ամեակի կայմին նախապատրաստութիւնը։

Կիրակի, 10 Օգոստոս
Երէցապետին սուլիչը ազդարարեց զարթնումի, լուացումի եւ վրաններու քննութեան սկիզբը։ Նախաճաշէն ետք սկսաւ օրուան ծրագիրը։ Խումբերը բաժնուեցան ըստ հերթապահութեան՝ մէկ մասը ձեռային աշխատանքներով զբաղեցաւ, միւսները մասնակցեցան տարբեր խաղերու։ Ճաշէն ետք սկաուտները օգտուեցան ազատ ժամերէն, ապա շարունակուեցան ծրագրուած մարզական եւ ժամանցային խաղերը։
Երեկոյեան խմբապետը հաւաքեց բոլոր մասնակիցները եւ բացատրեց բանակավայրը պահպանելու կանոններն ու խումբերու պարտականութիւնները։ Յետոյ խարոյկին շուրջ հնչեցին խմբային երգեր եւ սկաուտական կանչեր, բանակավայրին տալով ուրախ եւ կենսուրախ տրամադրութիւն։ Ապա բոլորը վերադարձան իրենց վրանները։ Ճրագմարը յայտարարուեցաւ եւ սկսաւ գիշերային պահակութիւնը։
Երկուշաբթի, 11 Օգոստոս
Օրը սկսաւ աւանդական խմբապետական կանչով։ Նախքան նախաճաշը բոլորը մասնակցեցան մարզանքի եւ դրօշներու բարձրացման արարողութեան։ Նախաճաշէն ետք սկսաւ օրուան ծրագիրը՝ ստեղծագործական ձեռային աշխատանքներ, տարբեր խաղեր եւ ժամանցային գործողութիւններ։
Սկաուտներուն մէկ մասը երէցներուն հետ մասնակցեցաւ կայմի կառուցման եւ պարաններով հիւսքեր պատրաստելու աշխատանքներուն։ Հանգիստի ազատ պահէն ետք տեղի ունեցաւ դաստիարակչական պահ, ուր մասնակիցները ստացան նոր գիտելիքներ եւ օգտակար խորհուրդներ։
Երեկոյեան կրկին հաւաք եղաւ, շրջանը լեցուեցաւ երգ ու պարով: Ապա բոլորը մեկնեցան իրենց վրանները՝ պատրաստուելով գիշերային պահակութեան։
Երեքշաբթի, 12 Օգոստոս
Բանակավայրը արթնցաւ արենուշներու փոխխմբապետուհիին փողի ազդանշանով։ Օրը Սկսաւ մարզանքով, դրօշակներու արարողութեամբ եւ նախաճաշով, ապա սկսաւ օրուան ծրագիրը։ Նախորդ օրուան պէս նախ մասնակցեցան ձեռային եւ կայմի պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Կէսօրուան ճաշէն ետք հանգիստի եւ դաստիարակչական ժամի պահը հասաւ։ Կայմի աշխատանքները ամբողջացան բոլորին համատեղ մասնակցութեամբ: Հասաւ 90-ամեակին նուիրուած կայմը ուղղահայեաց կանգնեցնելու լուրջ պահը՝ փոքր սխալէ խուսափելու մտահոգութեամբ, որ կրնար ամբողջ աշխատանքը տապալել:
Խումբին միացան նաեւ Տխրունի ուսանողական միութեան երիտասարդները եւ «Աղասի» մասնաճիւղի ատենապետն ու վարչական անդամները։ Բանակավայր այցելեցին նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող անդամները։ Երեկոյեան խարոյկին շուրջ կազմակերպուեցաւ համատեղ հաւաք, ուր բոլորը միասին ուրախութեամբ նշեցին յաղթական այդ օրը։

Չորեքշաբթի, 13 Օգոստոս
Օրը սկսաւ առաւօտեան մարզանքով եւ դրօշակի բարձրացումով: Նախաճաշէն ետք օրուան ծրագիրը շարունակուեցաւ խարուկահանդէսի փորձերով:
Այս օրուան կարեւոր պահը հանդիսացաւ այցելութիւնները։ Բանակավայր այցելեցին Ռըմէյլի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը եւ «Աղասի» մասնաճիւղի ատենապետն ու վարչական անդամները։ Քահանայ հայրը Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներուն, արենուշներուն եւ երէցներուն հետ ունեցաւ սրտբաց զրոյց մը:
Յեմիջօրէին Հ.Մ.Մ.-ի գայլիկներն ու արծուիկները Պէյրութէն հասան բանակավայր եւ անմիջապէս միացան բանակումի մթնոլորտին:

Հինգշաբթի, 14 Օգոստոս
Բանակավայրը արթնցաւ փոխերէցապետին ազդանշանով։ Օրը սկսաւ աւանդական մարզանքով եւ դրօշներու բարձրացումով։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վրաններու քննութիւն, ապա՝ նախաճաշ։ Գիտելիքներու փոխանցումէն ետք խումբերը մեկնեցան արշաւի: Մինչ անոնց վերադարձը Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Մարօ Նազարբեկեան» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիները պատրաստած էին օրուան ճաշը: Հանգիստէն ետք բոլորը աշխուժօրէն մասնակցեցան սկաուտական ողիմպիական մրցումներուն: Լոգանքէն ետք խմբակները մեկնեցան իրենց վրանները եւ սկսաւ գիշերային պահակութիւնը:

Ուրբաթ, 15 Օգոստոս
Առաւօտը բացուեցաւ խմբապետական կանչով։ Մարզանք, դրօշի բարձրացում, վրանի քննութիւն, նախաճաշ։ Խարուկահանդէսի փորձերէն ետք՝ ճաշ: Օրուան ընթացքին խաղեր, ձեռնարկներ, ճաշ։ Հանգիստէն ետք դարձեալ խարուկահանդէսի նախապատրաստական փորձեր: Երեկոյեան ընթրիք, ապա՝ ճրագմար։
Շաբաթ, 16 Օգոստոս
Զարթնում, մարզանք, դրօշակի արարողութիւն, վրաններու քննութիւն, նախաճաշ, ապա հանգիստ։ Օրուան ընթացքին կատարուեցաւ կեդրոնական խարուկահանդէսի ձեռնարկին վերջին փորձերը, ճաշ, եւ ապա խարուկահանդէսի վերջնական պատրաստութիւն։ Երեկոյեան, ղեկավարներու, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին նուիրուած խարուկահանդէսը, որուն յաջորդեց խմբային վերջին հաւաքը։ Երգերով ու մտերմիկ զրոյցներով կայմը քակելու աշխատանքները շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան ժամերը:
Կիրակի, 17 Օգոստոս
Սկաուտները շարունակեցին քակել կայմը: Վրանները հաւաքուեցան եւ ապրանքները տեղաւորուեցան բեռնատար մեքենային վրայ։ Խումբը դուրս եկաւ Տէր էլ Հարֆի բանակավայրէն եւ վերադարձաւ Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի ակումբ։

