Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԷՆ ԱՆՏԻՊ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ` ԶՄՄԱՌՈՒ ՑԱՒԱԳԻՆ ՏԻՐԱՄՕՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր

August 21, 2025
in Յօդուածներ
0
Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԷՆ ԱՆՏԻՊ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ` ԶՄՄԱՌՈՒ ՑԱՒԱԳԻՆ ՏԻՐԱՄՕՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ

Դէպի սրբավայրեր եւ վանքեր այցելութիւնը շատ կանուխ քրիստոնէական սովորութիւն է` հաստատուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներու ձեռամբ: Այն մեծարանքի եւ յարգանքի տուրք է մատուցուած այն սուրբին, որուն յիշատակին կառուցուած է տուեալ ուխտավայրը: Հայրենազուրկ հայը սփիւռքի տարածքին եւս կառուցեց վանքեր, եկեղեցիներ, մատուռներ եւ սրբավայրեր, որոնք նոյնպէս դարձան ուխտավայրեր, ուր  աշխարհացրիւ հայերը կը համախմբուին առնուազն տարին մէկ անգամ:

Այս ուխտավայրերէն մէկն է Լեռնալիբանանի Զմմառու վանական համալիրի մայր եկեղեցին` Փոխման Սուրբ Կուսին, կառուցուած 1771-ին, կից Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, կառուցուած 1940-ին, որուն հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը կը նշենք մեծ շուքով, եւ որուն խորանին տեղադրուած` Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր կտաւը Եւրոպական վերածնունդի գեղարուեստի գլուխգործոցներէն մէկը կը համարուի:

Իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամսուան վերջին Կիրակին եւ Օգոստոսի Վերափոխման տօնին, սոյն ուխտատեղիները իրենց ասպնջական թեւերը բանալով կը հիւրընկալեն գաղութիս եւ գաղութս այցելած բոլոր հաւատացեալ հայորդիները, անոնց փոխանցելով քրիստոնէական հաւատքի ջերմութիւնն ու հայրենի բնաշխարհի լեռները յիշեցնող բնութեան քաղցրութիւնը:

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբաններուն մօտ` Տիրամօր նկատմամբ իւրայատուկ սէրն ու ակնածանքը դրոշմուած է հիմնադիր հայրապետ Աբրահամ Ա. Արծիւեանի օրօք եւ այդ զեղուն զգացումները փոխանցուած են հայրապետէ-հայրապետ, որոնք, մայրավանքէն հեռու գտնուելով հանդերձ, եղած են ջերմ երկրպագուները Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր:

Սոյն խօսքերուն լաւագոյն ապացոյցը Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի յղած նամակն է օրուան մեծաւորին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն, առանց յապաւումի:

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Ալեքսանդրիա

10 մայիս 1910

 

Գերյարգելի Տէր վարդապետ,

Հոս կը ծրարեմ mandate մի 50 ֆրանքի:

Այս գումարը Քէօսէեան Գեր. Յովսէփ Վարդապետը ղրկած է, նա կը խնդրէ եւ կը թախանձի, որ բարեհաճիք Ցաւագին Աստուածամօր յարմար զարդ մի գնել տաք այդ գումարով:

Հաճեցէք ընդունիլ սիրոյ ողջոյն, անկեղծ համակրանացս հաւաստիօք Գերյարգելի Տէրութեանդ:

Խ. Ծ.

Ի. Վ. ՄԱԼՈՅԵԱՆ

mandate ուղղակի Ձեր անուանը ղրկուեցաւ

Պէյրութի բոսթայով

Հաճիք հոնտեղի

Գեր. Վարդապետաց ձեռք

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՎԱՌ ԿԸ ՊԱՀԷ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԸ

Next Post

ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԵՐԸ

Next Post
ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԵՐԸ

ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.