Հայրենասիրական ու սկաուտական ջերմութիւնը ապրելու եւ յիշատակելի պահերն անմահացնելու նպատակով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը հայկական պատմական թագաւորութիւնները փոխադրած էր Ռաս էլ Մեթնի բանակավայր, ուր 9 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ամէնամեայ մեծ բանակումը եզրափակող խարուկահանդէսը, որուն ներկայ էին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետ Թալին Ճէպէճեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր մարմինի ատենապետ Նշան Ղորղորեան եւ Հրաչ Հասըրճեան, Ռաս էլ Մեթնի գիւղապետ Պասսամ Մաքարէմ եւ գիւղապետութենէն անդամներ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ քաղաքացիական անվտանգութեան պատասխանաու Մէհէր էլ Հալապի, Լիբանանի սկաուտական շարժում SDL-էն Պէյրութ-1 շրջանի քոմիսէր Եղիկ Աւետիքեան, օգնական քոմիսէր Ճոնի Սաատ, Լիբանանի արենուշական շարժում AEL-ի քոմիսէր ժեներալ Փերուզ Թիւթիւնճեան, վեթերաններ, սկաուտներու ծնողներ եւ ընկերներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի վարչութիւնները, միութենականներ եւ հիւրեր:
Խարուկահանդէսին նախորդեց արդէն որախ աւանդութիւն դարձած խաղողօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որ մատուցեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներու հոգեւոր հովիւ, արժ. Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան, ապա օրհնուած խաղողը բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Նշան Ղորղորեան երախտագիտութիւն յայտնեց գիւղապետին, Մէհէր էլ Հալապիին եւ բանակավայրի հարեւաններուն՝ իրենց համբերութեան եւ անմիջական աջակցութեան համար: Ան արդիւնաւէտ համարեց բանակումը, վստահեցնելով որ յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան նոյնքան եւ նոյնիսկ աւելի յաջող:
Շոճիներու հովանիին տակ հաւաքուած ժողովուրդը ապա ծափողջոյններով դիմաւորեց Ռաֆֆի Գոզեանի գլխաւորած ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբը, որուն նուագով բանակավայր մուտք գործեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խումբերը՝ ընդհանուր խմբապետութեամբ Կարօ Թաշճեանին: Խաչքարի, Հայաստանի զինանշանի խորհրդանիշներ արծիւին եւ առիւծին կերպարներով հիւսուած կայմին առջեւ տեղի ունեցաւ դրօշակի եզրափակիչ արարողութիւն եւ քայլերգներու կատարում, իսկ խարոյկը վառելու պատիւը տրուեցաւ քահանայ հօր, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան մասնաճիւղի Գործադիր մարմինի նախկին ատենապետ Յակոբ Թելվիզեանին, Վիգէն Չերչեանին, Նշան Ղորղորեանին, Հրաչ Հասըրճեանին, Կարօ Թաշճեանին եւ ընդհանուր փոխխմբապետուհի Դալար Թօսունեանին: Քարաւելական խումբէն Անի Թաշճեան եւ երէցներէն Ժորժ Սալամէ արտասանեցին երկլեզու բացման խօսք, որուն մէջ շեշտեցին, թէ իւրաքանչիւր սկաուտ միշտ կը հպարտանայ պատմելով հայկական թագաւորութիւններուն մասին եւ վառ պահելով անոնց աւանդը որպէս «Յաւիտենական թագաւորութիւններ»: Անոնք ապա հակիրճ խօսեցան Ուրարտուի, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Ռուբինեան թագաւորութիւններուն գլխաւոր իրագործումներուն մասին, շեշտելով թէ «որպէս ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտներ, այս ժառանգութիւնը միշտ վառ կը պահենք, ամէն երգով, քայլով եւ, ինչպէս այսօր, իւրաքանչիւր խարուկահանդէսով: Մեր կանչերուն, երգերուն եւ աւանդութիւններուն մէջ կը բոցկլտայ հայկական ոգին»:
Յաջորդաբար, փոքրիկ թիթեռները, արծուիկները, գայլիկները, արենուշներն ու սկաուտները, երէցներն ու քարաւելները ներկայացուցին իրենց մշակած հարուստ յայտագիրը, որ ներառեց հայկական, արաբական ու միջազգային պարեր, սկաուտական ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ Թումանեանի «Անխելք մարդը» գործին բեմականացումը: Մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուեցան անցնող տարեշրջանին յիշատակելի պահերը, ուր պարզուեցաւ, որ սկաուտները, վեթերանները եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ընտանիքը տարեշրջանի ամբողջ ընթացքին ուս-ուսի տալով իրար օգնած են, սրտանց մասնակցած բոլոր ծրագրերուն՝ առ ի գործադրութիւն «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանին:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչական Հրաչ Հասըրճեան: Ան յիշեցուց, թէ «բանակումները յատուկ դեր ունին մարդակերտումի հոլովոյթին մէջ: Այստեղ իր ապրած փորձառութիւններուն շնորհիւ, բանակումէն անցած մարդը կ’ըլլայ ոչ միայն անվախ եւ յանդուգն, այլեւ կ’օժտուի ընկերային կեանքին մէջ այնքան կարեւոր արժէքներով»: Ան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ ՀԵԸ-ի սկաուտները յանձնառու կը մնան հայկական ինքնութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու նպատակներուն ու միշտ կ’ապացուցեն, որ արժանի ժառանգորդներն են հիմնադիրներուն եւ պատմական ղեկավարներուն:
Աւարտին, մինչ արիներուն համար հասած էր հրաժեշտի դառն պահը, խարոյկին բոցերը կը բարձրանային երկինք, պարզելով սկաուտներուն ձեռքով հիւսուած պատմական թագաւորութիւններուն դրօշները, յայտարարելով փառաւոր անցեալը չմոռնալով հանդերձ պայծառ ապագային տենչող սկաուտական վճռակամութիւնը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

