Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԵՐԸ

ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ (Երեւան)

August 21, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԵՐԸ

ԺԶ. դարուն, յատկապէս դարավերջին, աշխարհը շատ ու շատ երեւոյթներու մասին տեղեակ ըլլալու, լուրեր ստանալու մեծ պահանջք ունէր։

1591-ին «լուր»-ը նկարագրուած կը տեսնենք որպէս «անգլիացիի մը առաջին հարցումը»՝ «ի՞նչ լուր»։ Սովորական ողջոյնին փոխարինելու եկած այս հարցումը կը տրուէր յատկապէս ճամբորդներուն կամ տեղէ մը նոր ժամանողներուն։ Նոյնը կրնանք ըսել նաեւ այլ երկիրներու մասին։ Այդ շրջանին, ինչպէս կը բնորոշեն կարգ մը պատմաբաններ, Եւրոպան լուրերու ծարաւ աշխարհ մըն էր։

Բոլորին յայտնի է, որ 1605-ին Սթրասպուրկի մէջ յայտնուեցաւ առաջին տպագիր թերթը, այնուհետեւ անոր յաջորդեցին այլ տպագիր լրատուական պարբերականներ, որոնց մեծ մասը կը համապատասխանէին թերթի մասին մեր ունեցած այսօրուան պատկերացումներուն։

Իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին թերթեր սկսան հրատարակուիլ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ, ապա Ամսթերտամ՝ 1618-ին, Անթուըրփ՝ 1620-ին, Լոնտոն՝ 1621-ին եւ շարքը այսպէս կարելի է երկարել։

1703-ին թերթ ունեցաւ նաեւ Մոսկուան։

Ինչ կը վերաբերի օրաթերթին, ապա անոր առաջին թիւը լոյս տեսաւ Լայփցիկ՝ 1650-ին,  յետոյ նաեւ Լոնտոն, 1702-ին։

Տասնամեակներու ընթացքին կարգ մը մասնագէտներ հաւաքած եւ ի մի բերած են թերթերու տպագրութեան գործընթացին պատմութիւնը, այդպիսով հրատարակութիւններուն կարեւորագոյն պահերուն մասին արձանագրելով բազմաթիւ պահպանուած ապացոյցներ, որոնք ժամանակակից թերթ դառնալու ճամբուն վրայ փոխեցին իրենց պարբերականութիւնը, աճող յաճախականութիւնը, խմբագրական յօդուածի ներդրումը եւ այլն…։

 

Ինչ էր, ի վերջոյ, «լուրը»: Որո՞նք էին արձանագրութիւններն ու պայմանները, որոնց միջոցով այն ընդունուեցաւ: Լուրը ինչպէ՞ս կը հասնէր թերթի հեղինակին, փոխանցումի գործընթացը ի՞նչ ձեւով կ’ազդէր անոր բնոյթին վրայ:

 

Ահա յաւակնոտ հարցումներ, որոնց ճշգրիտ պատասխանները գտնելու համար պարտադիր պայման է լուրջ հետազօտութիւնը։

Տպագիր լուրերը սկսան զարգացում ապրիլ եւ իրենց դիրքը պահպանել որպէս ընդհանուր պատմութեան աստիճանական, բայց ամէն օր աւելի ու աւելի գերիշխող մաս։ ԺԷ. դարուն Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ արդէն իսկ արագ յառաջընթաց կ’ապրէր լրատուական գրքոյկներու, թռուցիկներու արտադրութիւնը, զուգահեռաբար նաեւ սպառումը։

 

Յատկանշականօրէն, հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ճակատագիրը խորհրդանշելով՝ հայկական առաջին տպագիր թերթը հայրենի հողին վրայ չէ որ լոյս տեսաւ, այլ՝ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, ուր արդէն իսկ հայ համայնք մը կար եւ ուր ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան անուն կղերականը։

Այդ օերու Մատրասը միջազգային նշանակութիւն ունեցող վաճառականական եւ մշակութային կեդրոն էր, նաւահանգիստ քաղաք։ Դեռեւս 1547-ին հայկական եկեղեցի հիմնուած էր հոն։ Կորովի քահանան գիտէր պարսկերէն եւ արաբերէն. հմտացած էր գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ։ Նաեւ՝ իւրացուցած էր արհեստներ եւ այդ բոլորով զինուած, հասած էր Մատրաս՝ լծուելու հոգեւոր, ազգային-հասարակական, մշակութային-գաղափարական գործունէութեան։

Ան անմիջապէս իր ձեռքը առաւ հայկական հաւաքական կեանքի բոլոր բաղադրիչներուն զարգացումը։ Իրմով նոր շունչ ներարկուեցաւ եկեղեցական կեանքին, եւ աւելին, ան զարմանալի հմտութեամբ իր սորված արհեստները տարածեց շրջապատին մէջ եւ ոգեւորութեան հզօր ալիք բաձրացուց երիտասարդ սերունդի շարքերուն մէջ։

1770-ականները տեղւոյն հայութեան համար նշանաւորուեցան ազգային-հասարակական ծաղկումի շրջանով, իսկ ատոր մէջ մեծ եղաւ հայկական առաջին տպարանին հիմնադրութիւնը Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ, որ ձեռնարկեց ոչ միայն հայ մատենագիրներու, այլ նաեւ ժամանակի հայ հեղինակներու գործերու տպագրութեան։

 

Տպարանի հիմնումը (1789) նպատակ ունէր հայ հոգեմտաւոր հարստութիւնը մատչելի դարձնել թէ՛ Մատրասի հայութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակներուն համար։

Մեր պատմութեան մէջ շատ չեն այսպիսի նուիրեալներու անունները։ 1794 Հոկտեմբեր 14-ին, Յարութիւն Շմաւոնեանը լոյս ընծայեց հայկական առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»-ին առաջին թիւը, որ մինչեւ 1796-ի Մարտ ամիսը, ամսական պարբերականութեամբ 965 էջերէ բաղկացած 18 թիւ ունեցաւ եւ ծառայեց որպէս վարակիչ օրինակ։

1979-ին Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը երկու հատորով լոյս ընծայեց «Ազդարար»-ի ամբողջական հաւաքածոն, զայն արժանացնելով յոբելենական  վերահրատարակութեան։

«Ազդարար»-ը շատ մը առումներով նախակարապետը եղաւ սփիւռքահայ մամուլի աւանդական պատկերացումներուն։ Ան ամսական պարբերականութեամբ ամփոփ լրատուութիւնը ապահովեց հնդկահայ եւ, մանաւանդ Մատրասի հայ կեանքի իրադարձութիւններուն։ Կարեւոր բաժիններ տրամադրուած էին ինչպէս կրօնաբարոյական, այնպէս ալ գրական ու պատմական նիւթերուն։

Միով բանիւ, իր անունին հաւատարիմ, «Ազդարար»-ը դարձաւ հայ ազգային զարթօնքի առաջին ազդարարներէն։

«Հայերը ծոյլ չեն, այլ աշխատասէր,- կը կարդանք թիւերէն մէկուն մէջ,-  կը տքնին, մեծ կարողութիւն ձեռք կը բերեն, բայց շուտով կը վատնեն, եւ իրենք ալ կ’ոչնչանան: Բարոյական այլանդակութիւնը կաթուածահար կ’ընէ հայերը»:

Այլ օրինակներ.

«Ուսումը աշխարհիս վրայ է, ոչ թէ երկինքի… Կը համարձակիմ հաւատալ, որ ամէն թերութիւն, թէ՛ ուսման, թէ՛ առողջութեան, թէ՛ յարութեան եւ թէ փառքի, կարելի է ոչ միայն լրացնել, այլեւ հաստատուն պահել միշտ: Որքա՜ն բան կրնայ կատարել պակասութիւն զգացողը, որքան կրնայ վերանորոգել ազատութեան ձգտողը…»։

«Կուտակուած հայկական դրամագլուխի խնայողութիւն եւ ազգօգուտ գործադրութիւն՝ ազգի բարոյական վերակրթութիւն «ուսումնատուներու» միջոցաւ»։

Ինչպէս կը տեսնենք, «Ազդարար»-ը լուրերու հաւաքածոյ մը չէր միայն։ Ան լոյս կը սփռէր հայութեան գաղափարական ու բարոյական կարիքներուն վրայ՝ փորձելով ըլլալ հայ մարդուն ուղեցոյցը նոր ժամանակներու մէջ։ Թերթին էջերուն մէջ կը հանդիպինք քաղաքական, հասարակական, կրթական ու կրօնական նիւթերու քննարկումներու։

Շմաւոնեան խմբագիրը հայ ընթերցողին կը մատակարարէր ոչ միայն անոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, այլեւ կը մղէր գիտակցութեան։ Անոր հիմնական նպատակն էր նպաստել հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ հոգեւոր զարթօնքին։

Թէեւ ժամանակակից հայ հանրութիւնը կրթական սահմանափակումներու եւ տարածական հեռաւորութեան պատճառով մեծ մասամբ չէր կրնար զանգուածաբար օգտուիլ թերթերէն, բայց հայ մտաւորականութիւնը եւ Մատրասի հայ համայնքը ջերմութեամբ ընդունեցին «Ազդարար»-ը։

Հայկական առաջին թերթը նախակարապետը եղաւ մամուլի այն լայն շարժումին, որ պիտի ծաղկէր ԺԹ. դարուն՝ Զմիւռնիայէն մինչեւ Պոլիս եւ Թիֆլիսէն մինչեւ Վենետիկ։

 

Այսօր, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ խնամքով կը պահուի հայերէն մամուլի հսկայ հաւաքածոյ մը, ուր պահպանուած են աւելի քան 4112 անուն պարբերական, ինչպէս նաեւ 7,5 միլիոնէ աւելի թուայնացուած էջ…։

 

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԷՆ ԱՆՏԻՊ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ` ԶՄՄԱՌՈՒ ՑԱՒԱԳԻՆ ՏԻՐԱՄՕՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ

Next Post

ՏՈՒՏՈՒԿԱՀԱՐ, ՇՈՒԻԱՀԱՐ ՆԵԼԼԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԽԼԵՑ ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇՔԸ

Next Post
ՏՈՒՏՈՒԿԱՀԱՐ, ՇՈՒԻԱՀԱՐ ՆԵԼԼԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ  ԽԼԵՑ ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇՔԸ

ՏՈՒՏՈՒԿԱՀԱՐ, ՇՈՒԻԱՀԱՐ ՆԵԼԼԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԽԼԵՑ ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.