Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐԱՐԱՐ ՈՒ ՇՔԵՂ ԿԱՅՄ ՄԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Հ.Մ.Մ.-Ի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

August 21, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
ՆՈՐԱՐԱՐ ՈՒ ՇՔԵՂ ԿԱՅՄ ՄԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Հ.Մ.Մ.-Ի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ

Սկաուտական կեանքը միայն զուարճութիւն եւ խաղ չէ․ ան կը կոփէ պատանիները, կը սորվեցնէ համբերութիւն, պատասխանատուութիւն եւ դժուարութիւններու յաղթահարում։ Բանակումի ամենանշանակալի պահերէն մէկը կայմի կառուցումն է. խորիմաստ խորհրդանիշ մը, որ կը դառնայ բանակավայրի սիրտն ու ոգին։ Վերջերս Հ.Մ.Մ.-ի բանակավայրին մէջ կանգնեցուած՝ սկաուտութեան 90-ամեակին նուիրուած կայմը անզուգական վկայութիւն մըն էր այս ճշմարտութեան։
Սկաուտական բանակումներուն կարեւոր եւ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ կայմի կառուցումը։ Սկաուտական խումբերու պատասխանատուները յատկանշական տեղ կու տան անոր պատրաստման եւ կանգնեցման։ Երբեմն բանակումի մեծ մասին ժամանակը կը տրամադրուի անոր կառուցման եւ պատրաստութեան։ Շատ անգամ բանակումի պաշտօնական օրերէն առաջ իսկ փորձառու տղաք կը բարձրանան բանակավայր՝ կայմի կառուցումը նախապատրաստելու համար։

Սկաուտական կեանքէն հեռու մնացողներուն համար կայմին կարեւորութիւնը, կատարուած աշխատանքներուն չափը եւ գնահատանքը բնաւ չեն հետաքրքրեր։ Կը կարծուի, թէ քանի մը փայտեր հապճէպօրէն իրար միացուած են եւ, ահաւասիկ, դարձած է ինչ-որ ձեռային աշխատանք մը։ Միայն սկաուտական խումբերու շարքերէն անցածները լաւապէս կը գիտակցին այդ կայմերու արժէքին ու իմաստին։

Սկաուտական կայմերը մեր վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն բեմին գլխաւոր պաստառին խորհուրդին կը նմանի, կամ՝ նոր հրատարակուած գիրքի մը կողքին կամ յոբելենական միջոցառման գլխաւոր զարդանշանին։ Լաւ պատրաստուած կայմերը կ’ունենան խորհուրդ․ անոնց վրայ կը բարձրանան խումբերու դրօշները։ Հայկական սփիւռքի բանակավայրերուն համար յատուկ է առնուազն երեք դրօշակներու տեղադրումը՝ Հայաստանի, «երկրորդ» հայրենիքի եւ պատկան միութեան դրօշները։ Կայմին շուրջ կը կատարուին երեկոյեան խմբակային ժամանցները, խարուկահանդէսները, առաւօտեան ու գիշերային դրօշակի արարողութիւնները։ Մեր քաղաքային հրապարակներուն պէս՝ բանակավայրին վրայ սփռուած վրաններէն դուրս ան կը դառնայ պատանիներու ձգողական կեդրոնը։

Կայմի պատրաստութեան իւրաքանչիւր փուլ ունի իր դժուարութիւնները․ ամէն պարանի հիւսում, ամէն փայտի միացում համբերութիւն ու ճշգրտութիւն կը պահանջէ։ Եւ երբ վերջապէս հորիզոնական դրութենէն բարձրացուի դէպի երկինք, կը դառնայ բանակավայրի կենդանի խորհրդանիշը։ Իսկ աւարտին՝ քանդելը նոյնքան յուզիչ է, որքան կազմելը․ օրերու աշխատանքը քանի մը ժամուան մէջ կը դառնայ միայն յիշատակ։

Շատեր կը յիշեցնեն, որ բանակումները պատանիները կեանքի դժուարութիւններուն կը պատրաստեն։ Այս իմաստով կայմի կառուցումը բանակումի ամենակարեւոր փորձառութիւններէն մին է։ Մէկ անգամ մասնակցելէ ետք, պատանիները տուն կը վերադառնան աւելի պատրաստ՝ ձեռային գործերու եւ ինքնուրոյն նախաձեռնութիւններու։

Անցեալ Շաբաթ օր Հ.Մ.Մ.-ի բանակավայր այցելողներուն առջեւ բացուեցաւ անզուգական տեսարան մը․ վարպետութեամբ կանգնեցուած 90-ամեակին նուիրուած կայմը։ Ներկաները մեծապէս գնահատեցին կատարուած աշխատանքը։ Յիրաւի տարբեր բան մըն էր անիկա, ոչ միայն նախորդներէն, այլեւ փորձառու աչքերով տեսնուած բազմաթիւ օրինակներէն։ Երբ հարցուեցաւ անոր ճարտարապետին կամ գաղափարի հեղինակին անունը, պատասխանատուն խոնարհութեամբ մերժեց զայն յայտնել՝ շեշտելով, թէ կայմը բոլորին միասնական ջանքերուն արդիւնքն է։

Կայմին խորհրդանշական բացատրութիւնը յստակ էր․ կեդրոնական մասի «90»-ը կը խորհրդանշէ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան 90-ամեակը։ Զայն շրջապատող ծաղիկը՝ կեանք եւ վերածնունդ։ Երկու սրածայր մասերը՝ ոյժ, պատրաստուածութիւն եւ ապահովութիւն։ Պարաններու բարդ հիւսքերը կը ցուցնեն, որ Հ.Մ.Մ.-ի անցած ճամբան հեզասահ չէր, բայց այդ կապերով է որ սկաուտութիւնը մեզ կը պահէ միասնական։
Շնորհաւորելի են բոլոր պատասխանատուները՝ մտայղացողները, գծագրողները, գործադրողները եւ այնքա՜ն ջանք թափողները։ Ձեր վարձքը կատար: Յոբելենական թուականի այս անզուգական նմոյշը երկար պիտի մնայ ոչ միայն Հ.Մ.Մ.-ի արիներուն, այլեւ խարուկահանդէսին չափ կայմով զմայլող ներկաներուն յիշողութեան մէջ։

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԿԱԶԱ ԳՐՈՀԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՎԱՌ ԿԸ ՊԱՀԷ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԸ

Next Post
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՎԱՌ ԿԸ ՊԱՀԷ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԸ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՎԱՌ ԿԸ ՊԱՀԷ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.