Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այցելեց Ամման, ուր տեսակցեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանի ու տարածաշրջանի զարգացումները: Թագաւորը Յորդանանի ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամրապնդելու կառավարութեան ջանքերուն, կոչ ուղղելով խորացնելու երկկողմանի համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ վիճակին եւ անոր անվտանգութիւնը համարեց տարածաշրջանային առաջնահերթութիւն:
Սալամ, իր կարգին, դատապարտեց լիբանանեան, սուրիական եւ այլ հողեր, բռնագրաւելով «Մեծ Իսրայէլ»-ի երազանքը իրականացնելու Նեթանիահուի խօսքը, զայն համարելով արաբական ազգային անվտանգութեան բացայայտ սպառնալիք:

