Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուին Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը վերջին տարի մը եւս երկարաձգելու փորձերը, հակառակ իսրայէլեան քննադատութիւններուն: Այս ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ հիւրընկալեց ամերիկեան ծերակուտական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ յայտարարուած զինադադարը ամրապնդելու ջանքերը: Աուն ամերիկացիներուն կոչ ուղղեց յաւելեալ աշխատանք տանելու, որպէսզի իսրայէլեան ուժերը քաշուին լիբանանեան սահմանային բլուրներէն, վերջ տան ոտնձգութիւններուն եւ անյապաղ ազատ արձակեն գերիները: Նախագահը պահանջեց նաեւ յաւելեալ օգնութիւն տրամադրել լիբանանեան բանակին, որ կը շարունակէ պաշտպանել սահմանը, կանխել մաքսանենգումի փորձերը եւ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ, փորձելով պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրել Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Աուն յիշեցուց, թէ կառավարութիւնը կը փորձէ միջոցներ ապահովել, որպէսզի հարաւի մէջ գործող զինուորներուն թիւը բարձրանայ 10 հազարի: Խօսելով ներլիբանանեան նիւթերուն մասին, Աուն ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուց կառավարութեան իրականացուցած ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումները: Պաապտայի մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի վերաթարմացած զբօսաշրջային ոլորտը եւ վերջին շրջանին աշխուժութիւնը համարեց Լիբանանի նկատմամբ արաբական եւ միջազգային վստահութեան վերականգնումին ապացոյց մը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն էլ-Թինէի մէջ ընդունեց ամերիկեան գոնկրէսէն երկկուսակցական պատուիրակութիւններ, որոնց հետ արծարծեց Լիբանանի ապահովական վիճակը եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն առաքելութիւնը երկարաձգելու ջանքերը: Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ, հակառակ իսրայէլեան ոգնձգութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ ամերիկեան եւ միջազգային միջնորդական ջանքերուն, ՄԱԿ-ի 415 եւ 1701 բանաձեւերը հովանաւորած նոյն ուժը այժմ կը պայքարի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութեան դէմ: «Խաղաղապահներուն առաքելութիւնը հովանիին տակ պահող հնգակողմ խմբակին ղեկավարը ամերիկացի զօրավար մըն է, իսկ անոր տեղակալը՝ ֆրանսացի: Ուստի, ի՞նչպէս կը պատահի, որ զինադադարը ամրապնդելուն հարցով աշխատողը կը թիրախաւորէ իր իսկ ջանքերը», զարմանք յայտնեց Պըրրի:
Գետնի վրայ, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ սահմանամերձ Քուսէյրի մէջ 1701 բանաձեւին հիման վրայ կատարուած խուզարկումներուն ընթացքին խաղաղապահները լիբանանեան բանակին աջակցութեամբ յայտնաբերած են շուրջ 50 մեթր երկարող գետնափոր ուղի մը եւ չպայթած զինամթերք, որ յանձնած է լիբանանեան բանակին:

