Շաբաթ առաւօտ հաճոյքով հանդիպեցանք իրաւաբան, հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Ռուբէն Աւշարեանի հետ։
Դոկտ. Ռուբէն Աւշարեան ուսանած է Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Մ. Տեմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները եւ Ամերիկեան համալսարանը (AUB), ապա Գալիֆորնիոյ Լա Վերնի համալսարանէն ստացած է «Քաղաքական գիտութիւններու» վկայական։ Մագիստրոսի աստիճանին տիրացած է Չարլսթընի (Վիրժինիա) American Military University-էն՝ խորանալով ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ։ Տիրացած է «Իրաւաբանական դոկտոր» (Juris Doctor) տիտղոսին Western University College of Law համալսարանէն, Ֆուլըրթըն, Գալիֆորնիա։
Տարիներ աշխատած է Tribonian Law Advisors-ի հետ, որու կեդրոնները կը գտնուին Պէյրութի, Տուպայի եւ Ռիատի մէջ, եւ ապա պաշտօնավարած՝ որպէս Գլխաւոր իրաւաբան (General Counsel) Քուէյթի The Investment Dar ընկերութեան մէջ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական բաժինին կողմէ հրատարակուած է իր երկհատոր աշխատութիւնը՝ «On the Record: Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments», հատոր Ա.՝ 1922-1972 եւ հատոր Բ.՝ 1972-2017։
Դոկտորը, կարճ այցելութեամբ գտնուելով Լիբանան, այցելած էր «Արարատ» խմբագրատուն, սակայն դժբախտաբար այցը չէր համընկած մեր աշխատանքային ժամերուն հետ։ Այդ պատճառով յարմար գտանք երկրորդ հանդիպում մը կազմակերպել՝ աւելի հանգիստ եւ մատչելի վայրի մը մէջ, ուր քննարկուեցան լիբանանահայութիւնը յուզող արդի հարցերը։ Մեր հաճելի զրոյցին մէջ յատուկ տեղ զբաղեցուց արտասահմանի հայկական մամուլի ներկայ վիճակը ընդհանրապէս, եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական ընթացիկ վիճակը յատկապէս։ Այս հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու հայկական ընկերային ցանցերու ուղղակի եւ անուղղակի ներգրաւուածութիւնը յառաջիկային սպասուող Լիբանանի օրէնսդիր ընտրութիւններուն։
Դոկտ. Աւշարեան «Արարատ»ին նուիրեց անգլերէնով լոյս տեսած իր վերջին երկու աշխատասիրութիւնները՝ 2018-ի եւ 2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու մասին, «The Armenian Vote in the Lebanese Legislative Elections – 2018, Trends and Tendencies» եւ «The Lebanese-Armenian Preferred Votes Lebanese Legislative Elections – 2022»։ Հոն գտանք բծախնդիր եւ տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը, ուր ամենափոքր մանրամասնութիւնն անգամ ընդգրկուած էր վիճակագրական տուեալներով։ Զոյգ հատորները կարելի է դիտարկել որպէս հանրագիտարան՝ յառաջիկայ ընտրական գործընթացներուն նախապատրաստուողներուն համար։
Խորին շնորհակալութիւն յայտնեցինք դոկտ. Աւշարեանին՝ նախ իր նուիրած արժէքաւոր հատորներուն, եւ ապա՝ «Արարատ»ի հանդէպ ունեցած ուշադրութեան եւ սիրալիր վերաբերմունքին համար։ Սրտանց գնահատեցինք նաեւ, որ յարգելի իրաւաբանը ի շարս տարբեր ղեկավարներու եւ մտաւորականներու հետ հանդիպումներուն, պատիւ ըրած էր հանդիպիլ նաեւ «Արարատ»ի խմբագրութիւն։

