Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

August 19, 2025
in Գաղութային
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Սուրբ Աստուածածինի վերափոխման տօնը Հայ եկեղեցին այս տարի նշեց Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին։ Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի կողմէ։

Պատարագիչ սրբազան հայրը իր յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի արժանիքները եւ զանոնք դիտել տուաւ ներկայ դարուս կենցաղի լոյսին տակ։ Առ այդ, ան նշեց, որ Աստուածամօր բարեխօսական դերակատարութեան սկիզբը Քրիստոսի առաքելութենէն առաջ իսկ է, բայց եւ այնպէս՝ պէտք չէ անոր առաքելութիւնը սահմանափակել լոկ բարեխօսութեամբ։ Այս իմաստով, ան երեք հիմնական յատկանիշներ ընդգծեց. ա) Սուրբ Մարիամի ընտրութիւնը որպէս Աստուածամայր, բ) անոր ծնողքին կողմէ ստացած դաստիարկութիւնը եւ, իր կարգին, Քրիստոսի փոխանցումը, գ) անոր մայրական հոգատարութեան անսահմանափութիւնը, նոյնիսկ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին։

Արդարեւ, սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առաւ Սուրբ աստուածածինին առնչուած այն դրուագները, ուր յստակօրէն կը յիշատակուին անոր՝ Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ ըլլալը։ Աստուածածին ընտրուեցաւ բարեպաշտ ընտանիքէ մը, որ ստացած է հրէական օրէնքի դաստիարակութիւնը եւ, իր կարգին, նոյն դաստիարակութիւնը փոխանցեց իր Որդիին՝ Քրիստոսի։ Այս իմաստով, սրբազան հայրը նշեց ազգային եւ կրօնական դաստիարակութեան ջամբումին անհրաժեշտութիւնը մեր հայր կեանքին մէջ, մանաւանդ ներկայ դարուս, երբ դուրսէն մուծուած ապրելակերպեր կ՚աղաւաղեն մեր հարազատ մշակոյթն ու կենցաղը։ Վերջապէս, Մեսրոպ արքեպիսկոպոս խրախուսեց յատկապէս հայ մայրերը, որ բոլոր պայմաններու ու տարիքի մէջ հետամուտ ըլլան իրենց զաւակներուն եւ չզլանան մայրական գուրգուրանք ու հոգատարութիւն տածելու իրենց զաւակներուն՝ հետեւելով Սուրբ Կոյս Մարիամի կեանքի օրինակին, որ մինչեւ վերջ Աստուծոյ Միածին Որդին շրջապատեց իր գուրգուրանքով, եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կատարուեցաւ խաղողօրհնէք՝ շարականներու երգակցութեամբ եւ սաղմոսերգութիւններու ու աղօթասացութիւններու արտասանութեամբ։

 

***

Սուրբ Աստուածածին վանքի Ուխտի տօնին առիթով, վանքի համանուն մատրան մէջ, աւանդութեան համաձայն, տեղի կ՚ունենան հոգեւոր խորհրդածութիւններ ու աղօթասացութիւններ։ Արդարեւ, այս տարի եւս, 10-15 Օգոստոս 2025-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, կատարուցեան հոգեւոր խորհդածութիւններ եւ աղօթասացութիւններ՝ Կիլիկեան Ուխտի միաբանութեան երիտասարդ միաբան հայրերու կողմէ։

 

Շուրջ 200 ուխտաւոր հաւատացեալներ ամէն օր բարձրացան Սուրբ Աստուածածին վանք, ուր հաղորդ դարձան Աստուածամօր կեանքին ու տիպարին։ Յիշեալ դասախօսական շարքը վարեցին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի պատասխանատու գերապատիւ Տէր Ստեփանոս ծայրագոյն վարդապետ Փաշայեանի։

Արդարեւ, Ուրբաթ, 15 Օգոստոսին, Ուխտի շաբթուան վերջին հոգեւոր խորհրդածութենէն անիմջապէս ետք, Դպրեվանքի աշակերտներուն կողմէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ վանքի շրջափակ, ուր Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ սուրբ խորանին առջեւ կատարուեցան անդաստանի եւ աղօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնները, նախագահութեամբ Սուրբ Աստուածածին վանքի վանահօր՝ գերապատիւ Տէր Շնորհք ծայրագոյն վարդապետ Աշըգեանի։

 

Share64Tweet40
Previous Post

Ստացանք ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 45-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՐՔԸ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ

Next Post
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.