Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրի նախաստորագրումէն քանի մը օր ետք, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան ժամանեց Երեւան, ուր հայ պաշտօնատարներուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Ատրպէյճանի հետ նախաստորագրուած համաձայնագիրին վերաբերեալ Թեհրանի մտահոգութիւնները: Փեզեշքեան յայտնեց, թէ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութիւնը կ’անհանգստացնէ իրենց: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճին ալ յայտնեց, որ նախագահին Երեւան այցելութիւնը կեդրոնացած է աշխարհաքաղաքական քարտէզին կայունութիւնը ապահովելու վրայ:
Իրանի «Մեհր» լրատու գործակալութեան համաձայն, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդի աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի պնդած է, որ իր ազգային անվտանգութեան հարցերուն մէջ Թեհրան որեւէ որեւէ զիջում երբեք պիտի չընդունի:

