Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուղերձ մը յղեց ժողովուրդին, որուն մէջ խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ նախաստորագրուած համաձայնագրին վերաբերող շարք մը հարցերու մասին, պատասխանելով քննադատութիւններուն: Ան Սպիտակ տան մէջ 8 Օգոստոսին տեղի ունեցածը համարեց շրջադարձային գագաթաժողով եւ շեշտեց, որ անկէ ետք Հարաւային Կովկասի մէջ կը տիրէ բոլորովին այլ մթնոլորտ, քաղաքացիները կ’ապրին նոր Հայաստանի մէջ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է: «Հայաստան 30 տարի ետք կ’ապաշրջափակուի», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, թէ հայերը առաջին անգամ ըլլալով զերոյէն պիտի սորվին, թէ ինչ է խաղաղութիւնը, որ պիտի լուսաւորէ նաեւ մեր նահատակներուն հոգիները: Խաղաղութիւնը հաղորդակցութեան ուղիներու հատուածներուն մէջ պէտք է ըլլայ սահմանազատում եւ սահմանագծում: Անոր խօսքով, այդպիսով պիտի լուծուի նաեւ Հայաստանի շուրջ 200 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւուած տարածքներուն խնդիրը:
Խօսելով այն քննադատութիւններուն մասին, ըստ որոնց, արցախեան հարցը փակուած է համաձայնագրի նախաստորագրումին պատճառով, Փաշինեան յիշեցուց, թէ այս տարուայ Մարտին Ազգային ժողովէն արդէն յայտարարած էր եւ ժողովուրդն ալ ըմբռնած էր, որ ղարաբաղեան շարժումը պէտք չէ շարունակել, որովհետեւ այդ պարագային խաղաղութիւնը հնարաւոր չէ: «Ղարաբաղի հարցը որոշ ուժեր կը գործածէին Հայաստանի զարգացումը կանխելու համար», ըսաւ Փաշինեան, իրատեսական չհամարելով Արցախէն տեղահանուածներուն վերադարձի պատկերացումները: Ըստ վարչապետին, անոնք որոնք համաձայն չեն այս ռազմավարաութեան հետ, կը յայտնուին հակամարտութիւնը վերակենդանացնելու տրամաբանութեան մէջ: Խօսելով գերիներու տունդարձը համաձայնագիրին մէջ չներառելու մասին, Փաշինեան սխալ համարեց գերիներուն ճակատագիրը խաղաղութեան համաձայնագիրի հետ առնչելը եւ յիշեցուց, որ դիւանագիտական բանակցութիւններուն շնորհիւ 58 գերի արդէն վերադարձած է հայրենիք եւ աշխատանքը կը շարունակուի մնացեալ գերիներուն արձակումը ապահովելու ուղղութեամբ:

