Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՐՐԱՔ. «Կ’ԸՆԹԱՆԱՆՔ ՃՇԳՐԻՏ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ»

August 19, 2025
in Լիբանանեան
0

 

Ամերիկացի տարածաշրջանային պատուիրակներ Թոմ Պարրաք եւ Մորկըն Օրթէյկըս Օգոստոսի աւարտին վերստին պիտի այցելեն Լիբանան՝ շարունակելու համար հարաւային կայունութեան պահպանումին քննարկումները: Պարրաք, Օրթէյկըս եւ ՊԷյրութի մէջ ամերիկացի դեսպանը երէկ տեսակցեցան հանրապետութեան երեք պետերուն հետ: Պարրաք հաւաստիացուց, թէ «բոլորս կ’ընթանանք ճիշդ ուղղութեամբ»: Անոր համաձայն, Հըզպալլայի ապազինումը կը բխի շիի համայնքի շահերէն, աւելի լաւ կեանք մաղթելով լիբանանցիներուն եւ շրջանի երկիրներուն:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պարրաքը ընդունած ատեն պահանջեց, որ «միւս կողմերը յարգեն զինադադարի միացեալ յայտարարութեան բոլոր յօդուածները, յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրեն լիբանանեան բանակին եւ արագացնեն կործանուած շրջաններու վերակառուցումին միտող միջազգային համագումարի մը կազմակերպումը»:

Ապա, Այն Թինէի մէջ Պարրաք եւ ամերիկեան պատուիրակութեան անդամները տեսակցեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Վերջինս ընդգծեց, որ կայունութեան եւ վերակառուցումի ծրագիրը գործադրելու սկիզբը իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դադրեցումն է եւ սահմանային բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջը:

Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ամերիկացի պատուիրակը վարչապերարանին մէջ ընդունած ատեն Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Թել Աւիւին վրայ, որպէսզի վերջ դրուի թշնամական ոտնձգութիւններուն, ազատ արձակուին գերիները եւ իսրայէլեան ուժերը հեռանան լիբանանեան սահմանային բլուրներէն: Սալամ կարեւորեց նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն առաքելութեան երկարաձգումը, որպէս կայունութիւնը ամրապնդելու միջոց:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԵԶԵՇՔԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

Ստացանք ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 45-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՐՔԸ

Next Post
Ստացանք  ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 45-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՐՔԸ

Ստացանք ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 45-ՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՐՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.