18-21 Օգոստոս 2025-ին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան պիտի այցելէ Հայաստան, ուր տեղի պիտի ունենայ գործարար համաժողով՝ քննարկելու համար համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ ներառեալ արդիւնաբերութեան, ճանապարհաշինութեան, երկրագործութեան եւ այլ ոլորտները: Իրանցի նախագահը Երեւանի մէջ պիտի քննարկէ նաեւ քաղաքական թղթածրարներն ու տարածաշրջանային հարցերը: Իրանի կառավարութեան մամլոյ քարտուղար Ֆաթիմա Մոհաճերանի իր կարգին յայտնեց, որ Թեհրան երբեք չ’ողջուներ հարեւան երկիրներու մէջ օտարերկրացի ուժերու ներկայութիւնը: Իսկ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքճի հեռաձայնով խօսեցաւ իր հայ պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ ու պահանջեց, որ հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեամբ առաջարկուող փոխադրութեան նոր միջանցքը չխոչընդոտէ Իրանի մուտքը տարանցիկ այլ ուղիներ:
Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան մամլոյ գրասենեակի փոխտնօրէն Ալէքսէյ Ֆատէեւ յայտնեց, թէ Մոսկուա ուշադիր կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական նախաստորագրուած համաձայնագրին վերաբերեալ Իրանէն հնչած յայտարարութիւններուն: Ան ահազանգեց խնդիրներու լուծումին համար արտաքին երրորդ կողմերու մասնակցութեան վտանգաւոր հետեւանքներէն: «Այլ ուժերու ներգրաւումը պէտք է միայն նպաստէ խաղաղութեան օրակարգի ամրապնդումին, ոչ թէ յառաջացնէ նոր դժուարութիւններ եւ բաժանարար գիծեր», յայտնեց ռուս դիւանագէտը: Ան նաեւ շեշտեց, որ Սիւնիքէն անցնող հաղորդակցութեան ուղիները բանալու ատեն պէտք է հաշուի առնել ռուս սահմանապահներուն ներկայութիւնը շրջանին մէջ», ըսաւ ան:
Նոյն ծիրին մէջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլան նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին կոչ ուղղեց անյապաղ վերաբանալու Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանը, նկատի առնելով Ուաշինկթընի մէջ հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան նախաստորագրումը:

