Ուաշինկթընի մէջ հայ-ատրպէյճանական համաձայնագրի նախաստորագրումը կը մնայ հայկական եւ միջազգային լուսարձակներու տակ: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագիրը կարեւոր է նախագահ Տոնըլտ Թրամփին համար: Ամերիկացի նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր «լաւ ընկերներն են»: Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնութեան հիման վրայ, Ամերիկայի հայկական համագումարին համանախագահները նամակով դիմեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիոյի՝ պահանջելով ճշում բանեցնել Պաքուի վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ գերեվարուած բոլոր հայերը՝ ներառեալ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը: Նամակին մէջ շեշտուեցաւ, թէ լիարժէք խաղաղութեան համար Հայաստան կարիք ունի անվտանգութեան երաշխիքներու՝ ներառեալ ատրպէյճանական ուժերու հայկական հողէն ամբողջական հեռացումը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով մնայուն յանձնաժողովի անդամ Յասմիկ Յակոբեան յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնութեան մէջ կայ կէտ մը, ըստ որուն, Երեւանն ու Պաքուն կը հաստատեն երկկողմանի յարաբերութիւններ նշանակելու պատրաստակամութիւնը: Անոր համաձայն, այս կը վերաբերի հասարակական, մարզական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն, թէեւ յառաջընթացը դիւրին պիտի չըլլայ: «Այո՛, հաւանաբար այսօր չըլլայ, հաւանաբար քանի մը տարի անց, սակայն այդ պիտի կատարուի, որպէսզի մեր երեխաները եւ թոռները խաղաղութեամբ ապրին: Մենք անոր համար անհրաժեշտ հող կը պատրաստենք», ըսաւ երեսփոխանը: Իսկ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, թէ հայ-ատրպէյճանական յայտաբերութիւններու կարգաւորումին փաթեթը անպայման պէտք է ներառէ Արցախի ժողովուրդին անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը հայրենիք, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն, հայ գերիներու ազար արձակում՝ ներառեալ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

