Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Լարիժանի երէկ այցելեց Պէյրութ, ուր տեսակցեցաւ հանրապետութեան երեք պետերուն, Հըզպալլային եւ դաշնակից այլ ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ Պէյրութ կը մերժէ իր ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները, աւելցնելով թէ Լիբանանի պետութիւնը պատասխանատու է բոլոր լիբանանցիներուն պաշտպանութեան: «Իսրայէլեան մարտահրաւէրները կը վերաբերին բոլոր լիբանանցիներուն, ոչ թէ միայն մէկ խմբաւորումի», յստակացուց Աուն՝ աւելցնելով, թէ լիբանանցիները կը մերժեն, որ ներքին որեւէ կողմ ունենայ զէնք եւ վստահի արտաքին աջակցութեան վրայ: Հակադարձելով Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտող իրանցի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն, նախագահը ըսաւ. «Վերջերս իրանցի որոշ անձնաւորութիւններէ Լիբանանին վերաբերող մեր լսած խօսքերը օգտակար չեն»: Լարիժանի իր կարգին ողջունեց լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդելու Աունի ջանքերը եւ յստակացուց, որ իրենք չեն ուզեր վնասել երկկողմանի յարաբերութիւններուն, այլ կը փափաքին օգնել, եթէ այդ պահանջուի Պէյրութէն:
Իրանցի պաշտօնատարը ապա Այն Թինէի մէջ տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիին հետ: Լարիժանի յայտնեց, որ իրենք Պէյրութ գալով լիբանանցիներուն ծրագիր մը չեն փոխանցած, ինչպէս ըրած են ամերիկացիները, այլ պարզապէս խորհուրդ կու տան պահպանել դիմադրութիւնը: «Լիբանանցիները երկխօսութեամբ կրնան շրջանցել խնդիրները: Չենք ուզեր միջամուխ դառնալ Լիբանանի ներքին հարցերուն, սակայն պատրաստ ենք անհրաժեշտութեան պարագային օգնելու», ըսաւ Լարիժանի: Անոր համաձայն, տարածաշրջանին մէջ պէտք է ըլլալ այնքան ուժեղ, որպէսզի մերժուին արտաքին ցուցմունքները: Պըրրի միւս կողմէ ժխտեց, թէ համաձայնած ըլլար Հըզպալլայի զէնքին վերաբերող կառավարութեան որոշումին: Անոր համաձայն, Իրան Լիբանանին բարեկամն է, իսկ «Հըզպալլա տակաւին չէ աւարտած»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Լարիժանին ընդունած ատեն անընդունելի համարեց լիբանանեան թղթածրարներուն առնչուած իրանցի պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները, մերժելով որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումները քննարկումի առարկայ դառնան այլ երկրի մը մէջ:
Նշենք, որ Լարիժանի այցելութեան ընթացքին չտեսակցեցաւ արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռաժժիի հետ, որ կը ներկայացնէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւ ծանօթ է իր հակաիրանեան բուռն յայտարարութիւններով: Լարիժանի պատճառաբանեց՝ ըսելով, թէ ժամանակ չունէր տեսակցելու Ռաժժիին: Վերջինս աւելի խիստ հակադարձեց իրանցի պաշտօնատարին ու շեշտեց, որ նոյնիսկ եթէ ժամանակ ունենայ, պիտի մերժէ տեսակցիլ Լարիժանիի հետ:

