Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ  ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՆԱԽԱՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

August 12, 2025
in Այլազան, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ  ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ  ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՆԱԽԱՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն անմիջական ներգրաւուածութիւնը այդ գործընթացէն ներս:

Այս բեկումնային իրադարձութիւնը առաջին հերթին մեծապէս կը նուազեցնէ պատերազմի վերսկսման վտանգը, որ Դամոկլեան սուրի նման կը շարունակէր կախուած մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխուն վրայ եւ կը ստեղծէ բոլոր նախադրեալները հասնելու համար տեւական խաղաղութեան, բանալով լայն հորիզոններ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ու բարգաւաճման:

Այդ ամէնը անշուշտ կ’ենթադրէ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրում, իսկ այդ առումով լիայոյս ենք, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը՝  ի տես ատրպէյճանական կողմի մինչ նախաստորագրման պահը դրսեւորած ապակառուցողական վարքագծին ու հռետորաբանութեան, ոչ միայն սկզբունքային ու հետեւողական կ’ըլլայ այդ քայլի իրականացման ուղղութեամբ, այլ նաեւ հետամուտ կ’ըլլայ բոլոր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ու Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն անվտանգ ու անխոչընդոտ վերադարձի ապահովման գործին:

Անտարակոյս, սա իրական խաղաղութեան գործընթացի միայն սկիզբն է եւ յառաջիկային դեռ շատ աշխատանք ու մարտահրաւէրներ կը սպասուին: Այսուհանդերձ, մենք կը մնանք լաւատես Հայրենիքի ապագայով եւ յուսադրուած այն հեռանկարով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախացումէն ի վեր առաջին անգամ պիտի ունենայ բարիդրացիական յարաբերութիւններ իր բոլոր հարեւաններուն հետ, բազմապատկելով արտաքին աշխարհին հետ իր արեւտրային եւ հաղորդակցութեան միջոցները: Իսկ ԱՄՆ-ի հետ ստորագրուած յուշագրերով պիտի դառնայ կարեւոր օղակ եւ մասնակից միջազգային ու տարածաշրջանային լայնամաշտապ տնտեսական ծրագրերու, որ իր հերթին հնարաւորութիւն  պիտի ստեղծէ կերտելու բոլորիս երազած ազատ, ինքնիշխան, ժողովրդավար ու բարգաւաճող հզօր Հայաստանը:

 

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

9 Օգոստոս 2025

 

 

 

Share68Tweet43
Previous Post

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Next Post

Կ’ՈՂԲԱՄ Ո՜ՂՋ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՍ ՎՐԱՅ

Next Post
Կ’ՈՂԲԱՄ Ո՜ՂՋ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՍ ՎՐԱՅ

Կ'ՈՂԲԱՄ Ո՜ՂՋ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՍ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.