Վան նահանգը 1915-ին ունէր 542.000 բնակիչ: Այս թիւին 192.000-ը հայերը կը կազմէին:
1915-ի Ապրիլ ամսուան մէջ «թալաններն ու ջարդերը այս նահանգին մէջ աւելի մեծ համեմատութիւն առին»,– կ’ըսէ Լեփսիուս: Սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք ցրուած Համիտիէ զօրագունդերը կրկին կը կազմակերպուին եւ հայոց դէմ գործի կը լծուին: Քիւրտ վատահամբաւ աւազակներ ու ոճրագործներ բանակ կը կանչուին իրենց հրոսակախումբերով՝ հայերը աւերելու եւ սպաննելու համար:
Արտանոյշի եւ Օլթիի շրջաններուն մէջ Պերտու եւ Եորուք հայկական գիւղերը կը կողոպտուին, 1276 հայեր կը սպաննուին, 250 կիներ եւ աղջիկներ կ’առեւանգուին, իսկ 24 կին ինքզինք կը թունաւորէ: Ռուսական զօրագունդ մը Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ 500 հայ կիներ եւ մանուկներ կը փրկէ: Աճառները (իսլամ վրացիներ) թուրքերուն կը միանան եւ հայեր կը կոտորեն: Պաթումի մօտ Օխրապակերտի (տեղանունը այսպէս է բնագիրին մէջ – Յ. Ի.) գիւղին մէջ անոնք հայ կիներ եւ աղջիկներ կը պահանջեն իրենց հարեմներուն համար:
Ալաշկերտի եւ Տիատինի գաւառներուն մէջ բազմաթիւ հայկական գիւղեր կային, որոնց բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը հասնէր 40 հազարի: Թուրքերն ու քիւրտերը 1915-ի գարնան բոլոր այս գիւղերը կը քանդեն եւ հայերը կը ջարդեն բացի Ալաշկերտի գաւառին մէջ երկու գիւղերէ: Ալաշկերտ աւանի 300 հայ ընտանիքներէն միայն 30-ը կ’ազատի կոտորածէն. 270 ընտանիքներուն արուները կը սպաննուին, իսկ կիներն ու աղջիկները կ’առեւանգուին: Թուրքերը նոյն կերպ կը վարուին Ալաշկերտի գաւառի Մոլլա Սիւլէյման, Սետկան, Ամերտի, Խոջան եւ Շուտկան գիւղերու հայ բնակչութեան հետ: Լեփսիուս կը յայտնէ, որ բոլոր առեւանգուած կիներն ու մանկամարդ աղջիկները իսլամացուեցան: Տիատինի գիւղերը՝ Աքմաք, Քաչան, Չպուքլը, Կահիմաք, Խան, Ազօրիկ, Հասան-Թամրա, Աղբարիկ եւ Ռաշվա բուռն յարձակումի կ’ենթարկուին եւ անոնց հայ ու ասորի բնակիչները կը կոտորուին:
Ալաշկերտի մէջ քրտական համիտիէ զօրագունդերու հրամանատար երեք շէյխեր՝ Մուսա պէկն ու Ապտիւլ Մեճիտ եւ Խալիտ պէյերը տեղական քրտութիւնն ու թրքութիւնը կազմակերպելով՝ հայեր եւ ասորիներ կը ջարդեն: Այս կոտորածներուն մանրամասնութիւնները կը գտնէք Լեփսիուսի տեղեկագրի 95-97-րդ էջերուն մէջ:
Լեփսիուս թուրքերուն ստոր մտադրութիւնը կը բացայայտէ հետեւեալ իրողութիւնը յիշելով. «Վանայ վալին բոլոր գայմագամներուն հրաման տուած էր, ամենադոյզն պատճառի մը համար, հայոց դէմ հակառակ վարմունք ցոյց տալ»: Լեփսիուս իր տեղեկագրի 97-120-րդ էջերուն մէջ կը խօսի Խալիլ պէյի (ճիշդը՝ Խալիլ փաշա – Յ. Ի.) Պարսկաստան թափանցելուն, Ճեւտէթ պէյի կողմէ Վանի պաշարման եւ տեղի հայոց ինքնապաշտպանական հերոսամարտին մասին: Ներկայացնելով Վանի անցուդարձերը, Լեփսիուս կը քննէ Ճեւտէթ պէյի նենգ նկարագիրը. «Ճեւտէթ պէյ բարեկամութեամբ ողջունեց հայ պետերը, անոնց խոստացաւ դադրեցնել գիւղերու աւարառութիւնները եւ հատուցում ընել անոնց որոնք թալանուած էին… Միւս կողմէ թուրք մեծամեծներու հաւաքի մը մէջ ան ըսած է. «Մաքրեցինք Ատրպատականի հիւսիսը՝ հայերն ու ասորիները: Հիմա պէտք է միեւնոյն կերպով շարժինք Վանայ հայոց հանդէպ»»:
Տեղեկագրի 120-131-րդ էջերուն մէջ կը գտնենք «Ռուսերու գործողութիւնները» եւ «Քանդում Վանայ մարզին, Ուրմիա եւ Սալմաստ» խորագիրով նոր հատուածներ հայոց կոտորածներուն հետ առնչուած: Նեստորական ասորիներու պատրիարք Մար Շիմոն Բենիամին կ’ըսէ, թէ իր ժողովուրդը կը բաղկանայ 80 հազար հոգիէ, որոնք, քրտական աշիրէթներուն պէս, ո՛չ տուրք կու տային Օսմանեան պետութեան եւ ո՛չ ալ՝ զինուոր: Ասորի ցեղախումբին 10 տարեկանէն վեր բոլոր այրերը զինուած ու մարզուած են եւ իրենք 20 հազար զինեալներով իրենց համայնքը կը պաշտպանեն: Երբ օսմանեան սահմանադրութիւնը կը վերահռչակուի, ասորիները հաւատք կ’ընծայեն թուրքերու խոստումներուն՝ թէ այլեւս խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը պիտի տիրեն ամէն կողմ, եւ, քիւրտերուն պէս, իրենց զէնքերուն մեծ մասը կը յանձնեն կառավարութեան: Սակայն ճիհատի յայտարարութենէն ետք թուրքերը կ’որոշեն նեստորական ասորիներն ալ բնաջնջել հայոց հետ: Նեստորականներուն վիճակը կը վատթարանայ եւ Խալիլ պէյ Պարսկաստանի հիւսիսէն 1915-ի Մայիսի վերջերուն կ’անցնի Զապի հովիտը՝ նեստորականները ջարդելու: Երբ կոտորածը կը սկսի, ժողովուրդը իր բնակարանները կը լքէ եւ Պեգաշինի լեռնադաշտը կ’ապաստանի: Անոնց պարէնը սպառելու վրայ էր արդէն երբ համաճարակ մը կը տարածուի անոնց մէջ: Թուրքերը ասորիները կը պաշարեն: Նեստորականները պաշարումի շղթան կը կտրեն բացառիկ ճիգով մը եւ Պարսկաստանի սահմանագլուխին մօտակայ դաշտ մը կ’ապաստանին:

