Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յուսալի եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ամուր հիմք մը համարեց Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր նախաստորագրած փոխըմբռնումի յուշագրերը, միջնորդութեամբ ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփի: Ըստ Փաշինեանի, նախաստորագրուած համաձայնութեան մէջ կան երկու կողմերուն հաւասարակշռուած շահերը: Իսկ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց նախաստորագրուած՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին համաձայնագիրը», որ կը բաղկանայ 17 յօդուածներէ: Նոյն ծիրին մէջ, Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի հետ՝ քննարկելու Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները եւ համաձայնագրի նախաստորագրումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին լուծարումը եւ տարածաշրջանային այլ հարցեր: Փաշինեան նոյն նիւթերը քննարկեց նաեւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ: Վերջինս յիշեցուց, թէ ճանապարհային այս նախագիծին մէջ անթոյլատրելի է զինուորականներու եւ անվտանգութեան ուժերու մասնակցութիւնը: Հայաստանի վարչապետը Ատրպէյճանի հետ նախաստորագրուած համաձայնագրին նիւթը արծարծեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ՝ ներկայացնելու ուաշինկթընեան բանակցութիւններուն արդիւնքները:

