Սուրիոյ կառավարութիւնը մերժեց բանակցային սեղան նստիլ քրտամէտ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր կազմակերպութեան (Քասատ) հետ, դատապարտելով երկրի հիւսիսարեւելեան քրտական ինքնակառավարութեան շրջանին մէջ գումարուած ընդարձակ համագումարը, որուն մասնակցած էին քիւրտերը, ալաուիները եւ տիւրզիները: «Կը մերժենք բանակցիլ բոլոր այն ուժերուն հետ, որոնք կը փորձեն վերակենդանացնել տապալած վարչակարգը», յայտարարեց կառավարութիւնը: Նշենք, որ անցեալ Ուրբաթ Հասաքէի մէջ տեղի ունեցած համագումարին մասնակիցները կոչ ուղղած էին կազմակերպելու ազգային երկխօսութեան համագումար մը, մասնակցութեամբ բոլոր ազգային եւ ժողովրդավարական ուժերուն:
Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան ուժերը մուտք գործած են սահմանային Քնէյթրա գաւառին Արեւելեան Սամտանիէ գիւղը, ուր խուզարկումներ կատարած են հինգ բնակարաններու մէջ, ապա քաշուած են դէպի իրենց դիրքերը: Իսկ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան առաջնորդ Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց դատելու եւ Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ մահապատիժի ենթարկելու անոնք, որոնք սպանդ գործած էին Սուէյտայի հիրանդանոցին մէջ, որպէսզի օրինակ դառնան ուրիշներուն:

