Կազայի մէջ կը շարունակուին իսրայէլեան արիւնալի գործողութիւնները, չխնայելով նոյնիսկ լրագրողներն ու բժշկական անձնակազմերը: Իսրայէլեան հարուածներուն նորագոյն զոհն էին չորս լրագրողներ՝ ներառեալ էլ-Ժազիրա լրատուական ցանցի երկու պաշտօնեաներ Անաս էլ-Շարիֆը եւ Մոհամմատ Քըրայքիհը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, թէ իրենք «այլ միջոց չունին, այլ պէտք է Կազայի մէջ շարունակեն առաքելութիւնն ու պարտութեան մատնեն Համաս շարժումը, որ կը մերժէ վար դնել զէնքերը»:
Լիբանանի մամլոյ սենտիքան դատապարտեց Կազայի մէջ չորս լրագրողներու ահաբեկումը, զայն համարելով Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութեան դիմաց միջազգային անտարբերութիւնը:
ՄԱԿ-ի մէջ Սլովենիոյ մնայուն ներկայացուցիչը ընթերցեց Ապահովութեան խորհուրդի անդամ եւրոպական հինգ պետութիւններուն՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Դանիոյ, Յունաստանի եւ Սլովենիոյ միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ դատապարտուեցաւ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները ընդարձակելու իսրայէլեան որոշումը: «Այս ծրագիրը կը խախտէ միջազգային մարդասիրական օրէնքները, ուստի կոչ կ’ուղղենք զայն չգործադրելու եւ հրաժարելու զինուորական գործողութիւններէն», նշեցին եւրոպական հինգ երկիրները:

