Լիբանանեան բանակը գուժեց զինուորներ Ապպաս Սալհապի, Ահմատ Ֆատէլի, Իպրահիմ Մուսթաֆայի, Հատի Պայի, Մոհամմատ Ալի Շուքէյրի եւ Եամըն Հալլաքի մահը՝ Սուր քաղաքին մերձակայ Զըպքինի զինամթերանոցներէն մէկուն պայթումին հետեւանքով, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 9 Օգոստոսին, զինամթերանոցի խուզարկումին ընթացքին: Բանակին ցաւակցողներուն շարքին էր ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք, որ հաւաստիացուց Ուաշինկթընի՝ Լիբանանին զօրակցող դիրքորոշումը: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զօրակցութիւն յայտնեց բանակին՝ իր ազգային պարտականութիւնները իրագործելու ուղիին վրայ: Իսկ ԵՈՒՆԻՖԻԼ խոստացաւ շարունակաբար օգնել լիբանանեան բանակին, որպէսզի կայունութիւնը վերականգնուի Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն բանակի հրամանատարէն տեղեկացաւ Մաժտալունի մօտ տեղի ունեցած պայթումին մանրամասնութիւններուն մասին, վստահեցնելով թէ բանակը կը մնայ Լիբանանի վահանը:
Նոյն օրը, Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Այնաթայի մէջ մարդ մը մահացած է ինքնաշարժի մը օդային թիրախաւորումին հետեւանքով: Իսկ երէկ արեւածագին, իսրայէլեան ուժերը մեծ պայթումներ իրականացուցին սահմանային Քֆարքիլա եւ Խիամ բնակավայրերուն մէջ, սակայն Լիբանանէն կարելի չեղաւ իմանալ զոյգ գործողութիւններուն դրդապատճառները:

