Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՀ ԵՒ ՈՉ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

August 12, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԱՀ ԵՒ ՈՉ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Լիբանանի մէջ գործող զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու մասին կառավարութեան որոշումը տակաւին կ’ենթարկուի շիի երկակի՝ ժողովրդային եւ պաշտօնական քննադատութեան: Յաջորդական 4-րդ օրն ըլլալով, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցան բողոքի շարժումներ եւ մոթորսիքլէթներով երթեր, որոնց մասնակիցները դաւաճանութիւն եւ գործակալութիւն համարեցին կառավարութեան որոշումը, պնդելով թէ իրենք զէնք յանձնող չեն: Բողոքող քաղաքայիններէն ոմանք հրկիզուած անիւներով ժամանակաւորապէս փակեցին շարք մը փողոցներ ու պողոտաներ: Լիբանանեան բանակը իսկոյն միջամտեց, վերաբացաւ ճամբաները եւ փակեց արուարձաններուն մուտքերը, որպէսզի այդ շարժումները չշարունակեն այլ թաղամասերու մէջ, վտանգելով ներքին կայունութիւնը: Նման շարժումներ տեղի ունեցան նաեւ Շթուրա-Զահլէ մայրուղիին վրայ: Բանակը հաղորդագրութեամբ մը շեշտեց, թէ կը յարգէ քաղաքացիներուն ազատ արտայայտութեանիրաւունքը, սակայն պիտի չարտօնէ երկրին անվտանգութիւնն ու ներքին կայունութիւնը վտանգելու որեւէ փորձ՝ ներառեալ ճամբաներու փակում:

Միաժամանակ Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խմբակցութեան անդամներէն շատեր անցնող երկու օրերուն վերստին խստիւ դատապարտեցին զէնքի մենաշնորհին հարցով կառավարութեան որոշումը, խոստանալով զայն չգործադրել: «Կը մեռնինք, բայց զէնքը չենք յանձներ», ըսաւ խմբակցութեան նախագահ Մոհամմատ Ռաատ: Կուսակցութեան Քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քամաթի շեշտեց, թէ անկարելի է գործադրել կառավարութեան որոշումը եւ խլել Հըզպալլայի զէնքը: «Կառավարութիւնը ծախեց հայրենիքը եւ բոլոր լիբանանցիները պիտի արգիլեն որոշումին գործադրութիւնը», ըսաւ Քամաթի՝ Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպի հետ տեսակցութենէն ետք: Անոր խօսքով, Հըզպալլա կը քննարկէ կառավարութեան մէջ մնալու կամ հրաժարելու երկընտրանքը: Երեսփոխան Իհապ Համատէ կարծիք յայտնեց, թէ «կառավարութիւնը մինչեւ ընտրութիւն պիտի չդիմանայ, որովհետեւ ժողովուրդը զայն պիտի տապալէ, իսկ Դիմադրութիւնը իր զինանոցէն ասեղ մ’իսկ պիտի չյանձնէ»: Երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի շեշտեց, թէ իրենք կ’ուսումնասիրեն կառավարութեան որոշումով ստեղծուած իրավիճակը՝ ըստ այնմ առնելու անհրաժեշտ քայլերը: «Բանակը հայրենիքին պահապանն է, իսկ անոր նահատակները մեր նահատակներն են», ըսաւ Մուսաուի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա դատապարտեց զինեալ կազմակերպութիւնները ապազինելու կառավարութեան որոշումը չգործադրելու կոչերը: «Այսպիսի կոչեր արձակողները կը խախտեն Սահմանադրութիւնը, որովհետեւ որոշումը կայացուած է օրինական կառավարութեան մը կողմէ», ըսաւ Ժաաժաա: Խօսելով Լիբանանի հարցով իրանցի պատասխանատուներու յայտարարութիւններուն մասին, կուսակցապետը կառավարութեան կոչ ուղղեց «խորհելու արաբական արտակարգ նիստեր գումարելու մասին, քննարկելու համար Թեհրանի սպառնալիքները»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժմայէլ այցելեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամին, ուր դատապարտեց Հըզպալլայի հարցով Թեհրանի յայտարարութիւնները, պահանջելով որ Իրան յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ազատ որոշումը: Երեսփոխան Ուատտահ Սատէք իր կարգին Հըզպալլային տեղեկացուց, թէ «վարչապետութիւնը ձեր ձախողութիւնները քօղարկողը չէ, այլ ձեր կործանած պետութիւնը վերակառուցելու հիմնաքարը»: Երեսփոխան Թոնի Ֆրանժիէ կոչ ուղղեց օգտուելու ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մշակելու մասին Հըզպալլայի կոչերէն, զայն համարելով պատմական հնարաւորութիւն մը:

Share64Tweet40
Previous Post

ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԹԱՒՐԻԶԷՆ

Next Post

ԲԱՆԱԿԷՆ ՎԵՑ ԶՈՀ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԶԻՆԱՄԹԵՐԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Next Post
ԲԱՆԱԿԷՆ ՎԵՑ ԶՈՀ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԶԻՆԱՄԹԵՐԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

ԲԱՆԱԿԷՆ ՎԵՑ ԶՈՀ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԶԻՆԱՄԹԵՐԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.