Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԹԱՒՐԻԶԷՆ

 Լ. Շ.

August 9, 2025
in Յօդուածներ
0
ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ԹԱՒՐԻԶԷՆ

Թաւրիզի հետ իմ Ժամադրութիւնը բնաւ չի յապաղիր։ Ոչ միայն ընկալեալ օրը, այլեւ ժա՛մն անգամ չ’արձանագրեր դոյզն խանգարում։ Ու ես, բացուող ամէն ամսուան առաջին օրուան առաջին ժամերուն, ելեկտրոնային իմ նամակատուփին մէջ անպայման կը գտնեմ Թաւրիզէն յղուած «Արտազ» ամսաթերթին նորագոյն թիւը։

  «Արտազ»` ճշդապահութեան անմրցելի ախոյեան մը…։

Կը ներբեռնեմ զայն անհամբեր, յետոյ կը սկսիմ մի առ մի դարձնել անոր էջերը` թէ՛ դիտելով գունաւոր լուսանկարները, թէ՛ յամենալով հոն տողանցող դէմքերուն վրայ (որոնք յաճախ անուն-մականունով ծանօթ դարձեր են ինծի…), թէ՛ ալ հանդարտօրէն ընթերցելով հրամցուած նիւթերը` անձանձրոյթ հաճոյքով։

Այս այսպէ՛ս է` տարիներէ իվեր։ Հիմա  «Արտազ» 20 տարեկան է արդէն։

Թերթին խմբագիրն ու հրատարակիչը` Գրիգոր արք. Չիֆթճեանն է, որ միաժամանակ Ատրպատականի Հայոց թեմի սիրեցեալ առաջնորդն է։ Այնքան նուիրումով եւ օրինակելի ջանասիրութեամբ փարած է ան մամուլի իր այս աշխատանքին, որ կարելի չէ չզմայլիլ։ Ամբողջ թերթը, ծայրէ-ծայր, Թաւրիզ եւ Պարսկահայք կը բուրէ…։ Եւ այս անխախտ սկզբունքը, իմ կարծիքով, տեղական այս միակ թերթին գլխաւոր արժանիքն է։ Եթէ չըլլար «Արտազ»–ը` մենք պիտի կարենայի՞նք խապրիկներ ստանալ Թաւրիզէն, Ուրմիայէն եւ շրջակայ քանի մը գիւղաւաններէ, ուր, որքան ալ նօսրացած ըլլան, դեռ կը գոյատեւեն հայ հաւաքականութիւններ. դեռ ազգային-եկեղեցական կեանքը կը շնչէ հոն իր աւանդական ջերմութեամբ, դեռ հայոց լեզուն ու խօսքը կը բարբառին…։

Թաւրիզը մեր իրանահայ երեք թեմերէն մին է` Թեհրանի ու Սպահանի հետ միատեղ։

Երեքին մէջ, թուական տեսակէտէ, ամէնէն նօսրը Թաւրիզն է հաւանաբար, սակայն անիկա ունի պատմական շատ հարուստ անցեալ եւ ժառանգութիւն։ Թեմին տարածքին մէջ է Ս. Թադէի նշանաւոր վանքը, որուն տարեկան ուխտագնացութիւնները, վերջին տասնամեակներուն, սկսած են գրաւել համահայկական ուշադրութիւն։ Թեմական նոյն տարածքին մէջ են նաեւ հնադարեան Ծործորի մատուռը եւ Ջուլֆայի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը։ Ու տակաւին, այս թեմին յատկանիշերէն մին ալ այն է, որ ան սահմանակից է Հայաստանի Հանրապետութեան։ Դրացի` Սիւնիքի մարզին։

Դուք անգամ մը թղթատեցէք Չիֆթճեան սրբազանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում» խորագրեալ երեք ծաւալուն հատորները (2017-2024), որպէսզի արմանքէ զարմանք երթաք, տեսնելով թէ Ատրպատականի տարածքին (Իրանի հիւսիսային նահանգը) ի՜նչ հայաբնակ գիւղեր կամ աւաններ եղեր են անցեալին եւ թէ որքա՜ն շատ,– 200-է աւելի,– մատուռներ, աղօթատեղիներ կառուցուեր են այնտեղ, դարեր առաջ…։ Աւերակ, երբեմն կիսափուլ, երբեմն լքեալ են այդ հայկական կառոյցները այսօր, բայց չեն դադրիր պատմութիւն ուսուցանելէ, պատմութեան շո՛ւնչը բերելէ…։ Չիֆթճեան սրբազան, իր թանկարժէք գիրքերով,  փրկած է զանոնք իսպառ մոռացումէ։

«Արտազ» առաւելաբար տեղեկատու թերթ է։ Ընթերցողը հոն կը գտնէ արձագանգը ազգային ու համայնքային այն բոլոր իրադարձութիւններուն, որոնք կ’արձանագրուին Ատրպատականի թեմէն ներս։

Խմբագիր սրբազանը մի՛շտ առաջնորդող գրութեամբ մը կը բանայ ամսաթերթին իւրաքանչիւր թիւը։ Կը մատնանշէ երեւոյթ մը ու սեղմ տողերով իր մտորումները կը կիսէ ընթերցողներուն հետ։

  «Արտազ»–ի նորագոյն թիւը յուլիսեան համարն է։ Զայն ստացայ օրեր առաջ։ Նկատի առած իրանաիսրայէլեան վերջին «մենամարտ»-ը, այն յոռետես մտածումն ունեցեր էի` թէ թաւրիզեան ամսաթերթին Յուլիսի համարը լոյս չի տեսներ…։ Սխալեր եմ։ Թերթը ոչ միայն լոյս ընծայուեր է, այլեւ ինչ-ինչ խապրիկներ բերեր է մեզի Թաւրիզի հայոց առօրեայէն…։

Քաղուածաբար կ’ամփոփեմ ամսագրին լրատուութիւնները, գաղափար մը տալու համար այդ հեռաւոր ու ինքնիր մէջ կծկուած գաղութին աւանդապահ ու տոհմիկ դիմագծութեան մասին։  Ես Թաւրիզի բուռ մը հայութիւնը կը նմանցնեմ մեծ ընտանիքի մը, որ, հակառակ զինք շրջապատող կաշկանդիչ պայմաններուն, կ’ապրի հայօրէն, կառչած կը մնայ իր ինքնութեան։

Ուրեմն`

– Վարդավառի առիթով (27 Յուլիս), Չիֆթճեան սրբազան պատարագեր ու քարոզեր է Թաւրիզի Մարալան թաղամասի Ս. Աստուածածին ուխտավայր-մատուռին մէջ։ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին ճաշի սպասարկութիւն կատարուեր է տեղւոյն ազգային կալուածի այգիին մէջ, տիկնանց խնամակալ մարմինի կողմէ։ Նոյն առթիւ, Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեր է տեղւոյն հովիւը` Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեան։

– 23 Յուլիսին առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, հանդիպում մը ունեցեր է Չալտրան նահանգի կուսակալին հետ` Ս. Թադէի տարեկան ուխտագնացութեան առնչաբար (ի դէպ, այդ ամէնամեայ աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի կատարուեցաւ արդէն 29 Յուլիս-2 Օգոստոս)։ Կուսակալը ազնուօրէն կարգադրեր է, որ ամէն դիւրութիւն եւ ապահովութիւն ընծայուի հայ ուխտաւորներուն։ Առաջնորդարանը, իր կարգին, ժողովի հրաւիրեր է համայնքային մարմինները ու կազմեր յատուկ յանձնախումբ մը` ուխտագնացութեան վերաբերեալ պարտն ու պատշաճը դասաւորելու նպատակով։

– 18 Յուլիսին բացումը կատարուեր է Ազգ. առաջնորդարանի վերանորոգեալ շքամուտքին ու երկաթեայ մայր դարպասին, Յակոբեան բարերար ընտանիքին աջակցութեամբ։ Այս առթիւ, երախտագիտութեամբ յիշատակուեր է բարերար զաւակաց ողբացեալ հայրը` Էմիլ Յակոբեանը, որ ազգային որոշադրիչ դեր ու երկարամեայ ծառայութիւն ունեցեր է Թաւրիզի մէջ, մօտիկ անցեալին։ Նոյն օրը, բացուած յայտարարուեր է նաեւ առաջնորդարանի շրջափակի ընտանեկան այգին, որ թաւրիզահայութեան համար ամառնային մէկտեղումի հաճելի վայր մըն է աւանդաբար։ Այգիին մատակարարումն ու հսկողութիւնը այս տարի ստանձներ է Հայ համալսարանականներու միութիւնը։

– Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութիւնը իր կեդրոնատեղիին մէջ բացեր է նկարչութեան եւ գեղարուեստի դասընթացք մը, ուր իբրեւ դասատու հրաւիրուեր է նկարչուհի Փոլետ Բենոյեան։ Շաբաթը անգամ մը` տասնեակ երեխաներ կը մարզուին հոս գծագրական արուեստի մէջ։

– Ուրմիոյ մէջ ալ շարժումներ կան։ ՀՕՄ-ի տեղւոյն մասնաճիւղը 20 Յուլիսին իր անդամուհիները հաւաքեր է նախաճաշի սեղանի մը շուրջ` դուրս բերելու համար զանոնք երկիրը պատուհասող պատերազմական վերջին ծանր մթնոլորտէն։

Դարձեալ Ուրմիոյ մէջ, Հայ մարզամշակութային Արարատ կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) սկաուտական թեւը պատանիներու ուսուցողական հաւաք մը սարքեր է 3 Յուլիսին։ Նոյն ծիրով, 17 Յուլիսին ալ միօրեայ արշաւ մը կատարուեր է մօտակայ Ռահւա հայկական երբեմնի գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ ՀՄԱԿ-ի Ուրմիոյ մասնաճիւղը արդէն 71 տարեկան է եղեր։

Մշակութային  լուրեր չկան այս ամիս։ Եղանակը ամառնային է ու տօթը` կիզիչ։ Պէտք է սպասել սեպտեմբերեան վերամուտին, որպէսզի դպրոցները բացուին եւ մշակութային կեանքը փթթի վերստին Թաւրիզի երկնակամարին տակ…։

Մինչ այդ, թեմին մէջ անպակաս են շինարարական աշխատանքները։ Մօտ ու հեռու հայաթափուած գիւղերու մէջ այնքան շատ մատուռներ ու կիսաւեր աղօթատեղիներ կան որ քիչ֊քիչ պէտք է հասնիլ բոլորին։ «Արտազ» կը հաղորդէ, որ անցեալ ամիս որոշ նորոգութիւններ կատարուեր են Ս. Թադէի մօտիկ երբեմնի Վանք գիւղի մատռան շուրջ, երկաթեայ դռներով օժտուեր է Մահլամ գիւղի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին, սիւներով ամրացուեր է Ս. Թադէի վանքին ներքնամասը…։ Ընթացքի մէջ են եղեր, նաեւ, Թաւրիզի առաջնորդարանի «Մելիք-Թանգեան» թանգարանի վերաբացման համար տարուող աշխատանքները։

Թաւրիզը մի՛շտ խապրիկներ ունի։ Եւ ես կը խոստանամ առիթը չփախցնել` արձագանգելու Ատրպատականի մեկուսի այդ շրջանէն հասնող ոգեւորիչ խապրիկներուն…

 

 

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ը ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ ՅՈՎԻԿ ՊՉԱՔՃԵԱՆԸ Ի ՍՊԱՍ ՀԱՃԸՆԻ ԵՒ ԽԱԼԻԼ ՊԱՏԱՈՒԻԻ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ

Next Post

ՄԱՀ ԵՒ ՈՉ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Next Post
ՄԱՀ ԵՒ ՈՉ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

ՄԱՀ ԵՒ ՈՉ ԶԷՆՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.