Ս.Դ.Հ.Կ. «Ժիրայր Մուրատ» եւ «Աղասի» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յովիկ Պչաքճեանի անմիջական հովանաւորութեամբ, նախաձեռնութիւնները կը վերածուին պտղաբեր եւ շօշափելի իրականութեան։
Այս համատեղ ջանքերը կը միտին շրջանի կեանքը բարելաւելու, թաղամասերուն մէջ նոր աւիշ ու աշխուժութիւն ներմուծելու։
Աշխատանքները կեդրոնացած են Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի թաղամասերուն մէջ, որոնք Պէյրութի հայահոծ եւ աշխոյժ շրջաններն են։
Կը կատարուին փողոցներու նորոգման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ լուսաւորութեան եւ ջրամատակարարման բարելաւումներ։
Նախաձեռնողները կը շեշտեն, որ թաղամասերու բարգաւաճումը նպաստ կը բերէ
յարաբերական ապահովութեան եւ բնակիչներու հանգիստին։
Այս համատեղ ջանքերը կը վկայեն շրջանի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ վերջին ընտրութիւններուն Քաղաքապետական խորհուրդին անդամ դարձած թեկնածուին խոստումներու իրագործման մասին՝ ի նպաստ քաղաքացիներու բարօրութեան։

