Շատ անգամ լռութիւնը կ’ընկալուի որպէս բացակայութիւն, բայց այն կրնայ հնչողութիւն ունենալ, ներկայութիւն եւ իմաստ, որոնք դուրս են խօսքի սահմաններէն։ Այս խոհագրութիւնը ծնունդ առաւ կեանքի դիտարկումներէն, երաժշտութեան հանդէպ ունեցածս սէրէն, գրականութեան ներշնչանքէն եւ զիս մղեց պատկերել լռութեան անտեսանելի իրողութիւնները։
Որպէս վերնագիր ընտրուած շէյքսփիրեան այս տողը՝ «Մնացեալը՝ լռութի՛ւն», գրութեանս առանցքն է եւ կը յիշեցնէ, թէ երբ խօսքը դադրի, սկիզբ կ’առնէ լռութեան խօսուն ճամբան։
Կեանքիս ընթացքին կուտակած փորձառութեամբ հասած եմ այն եզրակացութեան, որ լռութիւնը ոչ թէ վիճակ, այլ բարդ ու բազմաշերտ երեւոյթ է եւ միշտ չէ որ հանգստութիւն կը ներշնչէ։ Խօսիլ-չխօսիլ-լռել՝ մարդկային գոյութեան տարբեր ձեւեր են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տարբերակները ունի, իր շեշտադրումները։
Կայ անտարբերութեան լռութիւն, սթափ լռութիւն, կայ գիտակցուած ու արգասաւոր լռութիւն, որ ունակ է նոր միտքեր յառաջ բերելու։ Կայ զգօն լռութիւն, կայ ուրիշին խօսքը լսելու լռութիւն, դժգոհ եւ աղմկոտ լռութիւն, շփոթուած լռութիւն, նաեւ այլոց հետ ներդաշն համաձայնութիւն յուշող լռութիւն, ինչպէս նաեւ լռութիւն, որ կապ կը հաստատէ տիեզերքի անսահմանութեան հետ։
Տեսնենք, թէ ինչ կ’ըսէ այս մասին Շոփենհաուըր.
«Կանտ «Կենսական ոյժերու» մասին թրաքթաթ մը ունի, բայց ես պիտի ուզէի ողբերգութիւն գրել այդ մասին, քանի որ ատոնց անհամաչափ օգտագործումը ամբողջ կեանքս վերածած է ամէնօրեայ տանջանքի։ Անշուշտ կան մարդիկ, նոյնիսկ շատեր, որոնք պիտի ժպտին, քանի որ անոնք աղմուկի հանդէպ զգայուն չեն։ Սակայն այդպիսիք է, որ զգայուն չեն վիճաբանութեան, միտքի, քերթողութեան կամ արուեստի, մէկ խօսքով՝ որեւէ տեսակի մտաւոր տպաւորութեան հանդէպ։ Այդ փաստը կարելի է վերագրել անոնց ուղեղի հիւսուածքին կոպիտ եւ ամուր կառուցուածքին»։
Երանի անոնց, որոնք ընդունակ են լսել եւ ըմբոշխնել գիշերային լռութիւնը։
Լռութիւնը ոչ թէ խօսքի կասեցում է, այլ նոր շեշտաւորումով անոր առաւել արժեւորումը։ Լռութիւնը յղի է ստեղծագործական լիցքով։ Թերեւս աւելի քիչ քան լեզուն, բայց մասնակիցն է մարդու կերպաւորման գործընթացին։
Լռութիւնը, անկասկած, էական մասն է մարդու կառուցուածքին։
Այս մասին լսենք Սիւզըն Սոնթակին ձայնը. «Լռութիւնը, անխուսափելիօրէն, խօսքի ձեւ է։ Ինչպէս որ չի կրնար ըլլալ «վեր» առանց «վարի», այնպէս ալ լռութիւնը չի կրնար ճանչցուիլ առանց ձայն ու լեզուով լեցուն միջավայրի»։
Օրերը կ’անցնին օրացոյցէն փրցուած թերթիկներու պէս, եւ ամէն օր նոր բան մը տեսնելու, նոր բան մը լսելու առիթներ ունինք։ Յընթացս կը փորձենք լռութիւն գտնել-ստեղծել, բայց հազուադէպ կը յաջողինք։
Եթէ կեդրոնանանք, ամէն լաւ խօսքի տակ աւելի լաւ ու աւելի բովանդակային լռութիւն մը կը գտնենք, որ խորունկ է… յաւերժութեան չափ։
Նուրբ զգացողութիւններէն մինչեւ գեղեցիկի ընկալում, հաճոյքէն ու ցաւէն մինչեւ սէր ու մահ՝ բոլոր այն հիմնարար երեւոյթները, որոնք մարդկային հոգիին բուն էութիւնը կը կազմեն, կրնան խորապէս զգացուի’լ, բայց արտայայտուի՞լ՝ հազիւ թէ… Մնացեալը միշտ լռութիւն է։
Յաճախ մտածած եմ արուեստներու մասին եւ տարիներ առաջ ձեւաւորուած տեսակէտս չի փոխուիր։ Արուեստներէն կատարելագոյնը երաժշտութիւնն է։ Եւ ինչո՞ւ… Որովհետեւ միայն երաժշտութիւնն է, որ ընդունակ է արտայայտելու… անարտայայտելին։
Լռութիւնը հնարաւորութիւն է։ Ինչպէս խօսքը, այն ալ գոյաբանական հիմք ունի։ Զրոյցի ընթացքին լուռ մնացող անձ մը շատ բան կրնայ ըսել դիմացինին, բաղդատմամբ ուրիշի մը, որ չի տառապիր բառերու պակասէն։ Որեւէ նիւթի շուրջ երկար խօսիլ կարենալը երաշխիք մը չէ, որ այդպիսով հասկացողութիւն կը զարգանայ։ Բայց չմոռնանք, որ լռելն ալ համր ըլլալ չէ։ Ճիշդ ատենին եւ ճիշդ տեղին լռել գիտնալը անձին գիտակցական մակարդակը կ’ընդգծէ։
Երբեմն լռութիւնը զիջում կ’ենթադրէ… Զիջում ոյժի մը դիմաց, որ վեր է մեր վերահսկումէն։ Այդ զիջումը կրնայ ծնիլ մղուած յարգանքէ, թերեւս ալ երկիւղածութենէ։ Մենք լռութեամբ կ’ընդունինք մէկու մը գոյութիւնը, որ արժանի է մեր յարգանքին ու ակնածանքին։
Հայերէն «լուռ» բառին աճառեանական բացատրութենէն կը հասկնանք, որ լռութիւնը կը կապուի ընդհատուած գործողութեան գաղափարին հետ։ Կը սկսի նահանջէն, հրաժարումէն, սեփական կամքն ու պատկերացումը պարտադրելու փորձէն։ Բայց ատիկա չի նշանակեր անշարժանալ։ Լռել չի նշանակեր չմասնակցիլ։ Աճառեան կ’ըսէ՝ «Անխօս, լռած, սուս… բնիկ հայ բառ. կը նշանակէր նախ՝ լսող, միտ դնող, ականջ դնող, հլու… եւ կը պատկանի «լու», «լուր» արմատին»։
Կա՞յ արդեօք մտածելու ընդունակ մարդ, որ արտայայտուած չըլլայ լռութեան արժէքին մասին։
Հնդկաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդ Մահաթմա Կանտի գրած է.
«Լռութեան մէջ հոգին աւելի յստակ լոյսի տակ կը գտնէ իր ուղին, եւ այն, ինչ անորսալի ու խաբուսիկ էր, կը վերածուի բիւրեղեայ մաքրութեան։ Մեր կեանքը ճշմարտութեան երկար ու դժուարին որոնում է»։
Իսկ Շէյքսփիր՝ Դանիոյ արքայազնին շուրթերով կը հնչեցնէ այս անմոռանալի տողերը.
Մեռնում եմ, Հորացիօ, զօրաւոր թոյնը յաղթում է ոգուս,
Այնքան չեմ ապրի, որ Անգլիայի լուրերը լսեմ,
Բայց գուշակում եմ, որ ընտրութիւնը վիճակուելու է
Քաջ Ֆորթինպրասին։ Նրան եմ տալիս մահամերձ ձայնս.
Պատմիր այս նրան, այն դէպքերի հետ, աւել կամ պակաս,
Որ պատճառ դարձան… Մնացեալը՝ լռութի՛ւն։
Այսպէս, «Համլէթ»-ին մէջ մենք ականատես կ’ըլլանք տեսանելի ողբերգութեան, որ կը ծաւալի հանդիսատեսի աչքին առջեւ, սակայն զուգահեռաբար կ’ընթանայ ներքին ուրիշ տրամ մը՝ աւելի խորունկ, որ տեղի կ’ունենայ լռութեա’ն մէջ։
Լռութիւնը կը նմանի ուսերու վրայ նետուած մխիթարական շալի։ Ես ծանօթ եմ նաեւ այն լռութեան, որ կը ծաւալի երկու հոգիի միջեւ, երբ խօսքերը աւելորդ են։
Կայ նաեւ լռութիւն, որ դատարկութիւն կը յիշեցնէ. Այդ տեսակը դաժան է։ Հոն կարելի չէ շնչել։
Լռութիւնը նաեւ ամէն բանի բացակայութիւնն է… Բայց միեւնոյնն է, մարդը անոր խորքերուն մէջ ինքզինք կ’որոնէ…
Մնացեալը՝ լռութի՜ւն…

