Այսօր «Արարատ»էն ներս ուրախութեամբ կը հիւրընկալենք նոր յօդուածագիր մը՝ Սուրէն Տալեան անունով: Մեր սրտին խօսող կարճ, սակայն հետաքրքրական նշմար մը պիտի կարդաք ստորեւ: Յօդուածագիրը հետաքրքրութեամբ կը փափաքի իմանալ, թէ արդեօ՞ք իրեն նման «առածները կարդացող» քաղաքացիներ կա՞ն: Եւ անոր պատասխանը պիտի գտնէ գրութիւնը աւելի տպաւորիչ դարձնող մեր կողմէ զետեղուած լուսանկարով: Բարի գալուստ «Արարատ», յարգելի պրն. Տալեան: «Ա.»
Վստահ եմ, որ Լիբանանի մէջ ամէն մարդ ինքնաշարժը վարած միջոցին հանդիպած է ու կը հանդիպի բեռնատար կամ փիք-ափի կամ մարդատար կամ մինի օթօպիւսի, որոնց ետեւի կողմը գրուած կ’ըլլան հետաքրքրական գրութիւններ, մաղթանքներ կամ լիբանանեան առածներ, անշուշտ արաբերէնով:
Սակայն ինծի համար հետաքրքրական է իմանալ, թէ քանի՞ հայ քաղաքացի կը նկատէ, կը կարդայ կամ կը մտածէ այդ գրութիւններուն մասին, այնքան ատեն որ զբաղած են բջջային հեռախօսով:
Ինչեւիցէ, պիտի ջանամ թարգմանաբար քանի մը օրինակներ բերել, գուցէ ընթերցողներս այսուհետեւ ուշադրութիւն կը դարձնեն այդ գրութիւններուն ու «կաթիլ մը գիտելիք» կ’աւելցնեն իրենց ընդհանուր զարգացման:
«Աստուած հետդ ըլլայ, Ապու Սամիր», «Խնդրեցէք Աստուծոյ եւ ծնողաց գոհունակութիւնը», «Հայրիկ, արագ մի՛ քշեր, մենք քեզ կը սպասենք», «Հանդարտ վարելը ապահովութիւն է, արագութիւնը՝ վտանգ», «Արագ մի՛ քշեր, մահը աւելի արագ է», «Սէրը երբեմն մահացու կ’ըլլայ», «Շատախօսներուն ներկայութեան հասկցայ լռութեան հաճոյքը», «Իշուն արժէք տուին, ինքզինք ձի կարծեց», «Ուշադիր եղիր որ շան մը խածուածքը չըլլայ մահուանդ պատճառը», «“Բարեկամ շուն” մը աւելի նախընտրելի է քան “շուն բարեկամ” մը», «Նախանձողը չի կրնար բանի մը տիրանալ», «Նախանձողին աչքը կը կուրնայ», «Ով Աստուած, աւելիով տուր իրենց այն ինչ՝ որ կը ցանկան ինծի համար, որպէսզի իրենց աչքը հեռացնեն ինձմէ», «Իմաստութիւնը քաղեցէք խենթերուն բերանէն»։

