Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՐԱՄՓԻ ՈՒՂԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ

August 9, 2025
in Հայաստան, Միջազգային
0
ԹՐԱՄՓԻ ՈՒՂԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ

 

Որպէս գործադրութիւն հակամարտութիւնները լուծելու եւ անոնց փոխարէն տնտեսական աշխուժութիւնը քաջալերելու իր խոստումին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով ուշ գիշերին Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Նախ տեղի ունեցան Թրամփի երկկողմանի ժողովները Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ համապատասխանաբար: Թրամփ ապա հիւրընկալեց եռակողմանի հանդիպումը: Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Աննա Քէլիի համաձայն, Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութեամբ Ուաշինկթըն պիտի ստանայ տարածաշրջանային տարանցիկ ճանապարհ մը գործարկելու բացառիկ իրաւունքը: «Միջանցքը Թրամփի անունով պիտի կոչուի «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի ուղի» (TRIPP Trump Route for International Peace and Prosperity) եւ երկու երկիրներուն համար պիտի ապահովէ անխափան հաղորդակցութիւն, միաժամանակ յարգելով Հայաստանը, անոր գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը», ըսաւ Քէլի: Կ’ենթադրուի, որ ամերիկացիները այդ շրջանին մէջ յատուկ ընկերութեան միջոցաւ պիտի կառուցեն երկաթուղի, քարիւղատար եւ կազատար խողովակաշար, մանրաթելային կապի գիծ եւ ելեկտրահաղորդումի գիծեր:

Թրամփ յիշեցուց, որ «այս երկու երկիրները տարիներ շարունակ պատերազմի մէջ եղած են, որուն հետեւանքով զոհուած են հազարաւոր մարդիկ», աւելցնելով որ Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի համաձայնագրեր պիտի ստորագրէ երկու երկիրներուն հետ՝ տնտեսական հնարաւորութիւնները համատեղ օգտագործելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտեց տարածաշրջանին ամբողջ ներուժը: «Ես հպարտ եմ այս խիզախ առաջնորդներով, որ ճիշդ կը վարուին՝ ի շահ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհին», գրեց ամերիկացի նախագահը, շեշտելով որ շատեր փորձած են վերջ տալ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան, սակայն միայն ինք յաջողած է այդ ընել: Ան նշեց, որ իր վարչակարգը երկար ժամանակ կապի մէջ էր երկու կողմերուն հետ, ապահովելու համար համաձայնութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուաշինկթընեան տեսակցութենէն առաջ համացանցային գրառումներու մէջ գրեց. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին: Մատթ. 5.9»: Իսկ վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան շեշտեց, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ բոլոր այն պնդումները, թէ Հայաստան համաձայնած է կամ կրնայ համաձայնիլ «միջանցքային» լուծումներու: Նշենք, որ Փաշինեանին հետ Միացեալ Նահանգներ մեկնած պաշտօնատարներուն շարքին էին Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեանը, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան համացանցի ընկերային հարթակներուն վրայ անդրադարձաւ վարչապետ Փաշինեանի Ուաշինկթըն այցելութեան եւ փաստաթուղթերու ստորագրութեան: Ան վստահեցուց, թէ որեւէ պայմանաւորուածութիւն պիտի ներառէ ապաշրջափակում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանումը, իսկ Հայաստանէն անցնող բոլոր ճամբաները եւ ենթակառոյցները պիտի ըլլան հայկական ինքնիշխանութեան տակ եւ պիտի գործեն հայկական օրէնսդրութեան համաձայն: «Եթէ ճամբաներ կը բացուին Ատրպէյճանի համար, կը բացուին նաեւ Հայաստանի համար», ըսաւ Ռուբինեան:

Իսկ ամերիկացի արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ իրենք յոյս ունին խաղաղութիւն հաստատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: «Նախագահ Թրամփ հաւատարիմ է խաղաղութեան եւ այդ ցոյց կու տայ զանազան հակամարտութիւններու մէջ ամերիկեան միջամտութիւնները», ըսաւ Ռուպիօ:

Ամերիկացի ծերակուտական Սթիվ Տէյնս իր կարգին յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական համագործակցութեան շնորհիւ Կեդրոնական Ասիոյ քարիւղը, բնական կազը եւ կենսականօրէն կարեւոր հանքանիւթերու մատակարարումները այդ միջանցքով պիտի հասնին Եւրոպա եւ Արեւմուտք, շրջանցելով Ռուսիան ու Չինաստանը:

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԹԵՐ ԵՒ ԴԷՄ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Next Post

ԶԱՆԱԶԱՆՔ ԿԱՄ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՂԱՑ ՊԻՏԱՆԻ

Next Post
ԶԱՆԱԶԱՆՔ ԿԱՄ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՂԱՑ ՊԻՏԱՆԻ

ԶԱՆԱԶԱՆՔ ԿԱՄ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՂԱՑ ՊԻՏԱՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.