Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹԵՐ ԵՒ ԴԷՄ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

August 9, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԹԵՐ ԵՒ ԴԷՄ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

 

Հըզպալլա կառավարութեան որոշումը քննադատեց նոյնիսկ կառավարութեան նիստին ընթացքին: Հըզպալլայի հետեւորդներ հաւաքուեցան զանազան շրջաններու մէջ եւ քննադատեցին կառավարութեան որոշումը, երկրին բարձրաստիճան ղեկավարները համարելով Իսրայէլի գործակալներ: Աշխատանքի նախարար Մոհամմատ Հայտար պնդեց, որ իրենք զէնքի մասին պիտի չխօսին նախքան իսրայէլեան նահանջը լիբանանեան հողերէն եւ ոտնձգութիւններուն դադրեցումը:

«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը բողոքեց, որ կառավարութիւնը անտրամաբանականօրէն աճապարած էր իր որոշումին մէջ, իսկ վարչապետը խախտած էր Լիբանանի համախոհականութիւնը՝ վաւերացնելով ամերիկեան պահանջները: Երեսփոխան Իհապ Համատէ յայտնեց, թէ որոշումը գրուած է իսրայէլեան գրիչով, ամերիկեան թուղթի վրայ, «այդպէս ալ պիտի մնայ՝ թանաք թուղթի վրայ»: Երեսփոխան Ռաէտ Պըրրօ իր կարգին զգուշացուց, թէ կառավարութեան որոշումը կ’առաջնորդէ մարդոց հետ բախումի: Իսկ երեսփոխան Ալի Մոքտատ զգուշացուց «կրակով խաղալու վտանգէն»:

Շուտով սուր յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ շիի կրօնական գործիչներ: Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հանրապետութեան նախագահին կոչ ուղղեց գումարելու ազգային երկխօսութեան նիստ մը՝ լուծելու համար այս խնդիրը:

Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի յայտնեց, թէ ինք կը նախընտրէ «զէնքներու յանձնում» եզրը, ոչ թէ «զէնքի մենաշնորհի վերականգնում»:

Լիբանանեան ուժերու երեսփոխաններէն Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ բանակին նկատմամբ Հըզպալլայի որեւէ ժխտական շարժում կուսակցութիւնը պիտի մեկուսացնէ բոլոր լիբանանցիներէն: Երեսփոխան Իհապ Մաթար յայտնեց, թէ նախագահին ու վարչապետին վրայ դրուած գրաւը ճիշդ էր, ակնկալելով յաւելեալ յանդուգն որոշումներ: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա շեշտեց, թէ կառավարութեան որոշումին հրապարակումէն ետք զինեալ որեւէ կազմակերպութիւն կը համարուի ապօրինի: Երեսփոխան Սամի Ժմայէլ Հըզպալլային կոչ ուղղեց կառավարութեան որոշումին վերաբերեալ իր կեցուածքը ճշդելու համագործակցական մթնոլորտի մէջ:

Միջազգային մեկնաբանութիւններուն մէջ, Ծոցի արաբական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութիւնը ողջունեց կառավարութեան որոշումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան, ապահովութեան ու կայունութեան:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Next Post

ԹՐԱՄՓԻ ՈՒՂԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ

Next Post
ԹՐԱՄՓԻ ՈՒՂԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ

ԹՐԱՄՓԻ ՈՒՂԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Յ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.