Լիբանանի կառավարութիւնը նախանցեալ օր գումարեց քանի մը ժամ երկարած կարեւոր նիստ մը, որուն աւարտին հրապարակեց Իսրայէլի հետ զինադադարի եւ Հըզպալլայի ապազինումին վերաբերող ամերիկեան փաստաթուղթին գլխաւոր կէտերը վաւերացնելու յանդուգն որոշում մը, թէեւ Հըզպալլային եւ Ամալին հետ առնչուած հինգ նախարարները քաշուեցան Պաապտայի մէջ գումարուած նիստէն՝ յայտնելով իրենց վերապահութիւնը: Հանրապետութեան նախագահութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յստակացուց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է զինադադարը ամրապնդելու նպատակները, որոնք կը ներառեն հետեւեալ գլխաւոր կէտերը. 1) Թայէֆի գործադրութիւն, կառավարութեան հեղինակութեան ամրապնդում Լիբանանի ամբողջ տարածքին, որպէսզի պետական հատատութիւնները ունենան զէնք կրելու մենաշնորհ, 2) զինադադարի համաձայնութեան երկարաձգուած գործադրութիւն՝ ներառեալ ցամաքային, օդային եւ ծովային բոլոր ոտնձգութիւններու դադրեցում, յանգելու համար վերջնական եւ ամբողջական լուծումի, 3) զինեալ բոլոր կազմակերպութիւններու ապազինում՝ ներառեալ Հըզպալլան, 4) լիբանանեան բանակէն յաւելեալ ուժերու տեղակայում սահմանային եւ այլ շրջաններու մէջ, 5) իսրայէլեան ուժերը նահանջ՝ սահմանային բռնագրաւեալ հինգ կէտերէն, ապա սահմանագծումի եւ գերիներու հարցերու լուծում՝ դիւանագիտական միջոցներով, 6) տեղահանուած քաղաքացիներու վերադարձ իրենց քաղաքներն ու սահմանային գիւղերը, 7) երաշխաւորում, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի դադրեցնեն իրենց բոլոր գործողութիւնները՝ ներառեալ սահմանային խախտումները, 8) սահմանագծումի ամբողջացում Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, 9) սահմանագծում Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ, 10) տնտեսական համագումարի կազմակերպում, մասնակցութեամբ գլխաւոր պետութիւններուն եւ Լիբանանի բարեկամներուն՝ աջակցելու համար Լիբանանի տնտեսութեան եւ վերականգնումին, որպէսզի Լիբանան վերստին դառնայ բարգաւաճ երկիր մը:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է ամերիկեան փաստաթուղթին առաջին հատուածին մէջ ներառուած զինադադարի ամրապնդումին նպատակները, որոնք փոխանցուած էին պատուիրակ Թոմ Պարրաքէն:

