Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱԼԷՊԷՆ ԲՐԵՆԶԼԱՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ ՄԸ

ՓՐՈՖ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

August 7, 2025
in Յօդուածներ
1
ՀԱԼԷՊԷՆ ԲՐԵՆԶԼԱՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ ՄԸ

 

Սուրիոյ մէջ Մարտ 2011-ին սկսած ու երկիրը արիւնաքամ ընող քաղաքացիական անողորմ պատերազմի անտանելի դառնութիւնները, ապագայի հանդէպ շեշտուած անորոշութիւնները հարկադրեցին, որ ստուար թիւով սուրիահայեր իրենց սեփական տուները ետին թողած արտագաղթեն՝ խաղաղ ու անվտանգ կեանքի պայմաններով ապաստաններ գտնելու, մինչեւ իսկ օտար ու պղտոր հրապոյրով հորիզոններու վրայ ապաստանելու։ Անծանօթ, երբեմն չճանչցուած անուններով քաղաքներու մէջ, նոր տուներ կառուցելու մթապատ ակնկալութեամբ, աւելի ծաւալելով հայ սփիւռք կոչուած ժայռոտ ակօսին ոլոր-մոլոր խրթին երթը։ Սփիւռքի մէջ տարբեր համեմատութիւններով հայերու արտագաղթի սրտնեղիչ իրավիճակները միշտ ալ կը կրկնուին, ինչպէս՝ Լիբանանէն, Իրաքէն, Յունաստանէն եւ այլ հայ փոքրամասնութիւններ ունեցող երկիրներէն։

Բեննա Կիրակոսեան-Պատագեանն ալ, Հալէպի երկրաչափական ուսումնարանը աւարտելէ ետք պաշտօնավարած էր Հալէպի Ազգ․ Հայկազեան նախակրթարան 1999 թուականէն սկսեալ, ուր դասաւանդած էր թուաբանութիւն, գիտութիւն, ընկերային գիտութիւններ, իսկ յաջորդող տարիներուն՝ անգլերէն։ Բեննա իր ամուսինին՝ Ռաֆֆիին եւ զաւկին՝ Գէորգին հետ արտագաղթած էին Լիբանան, ապա շրջան մը բնակած Հայաստան: Սպառիչ դեգերումներէ ետք ի վերջոյ 2016 թուականին հասած են Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մօտիկ՝ Բրենզլաու (Prenzlau) քաղաքը։ Լեզուի եւ մանկավարժական տեղւոյն դասընթացքներէ ետք նոյն քաղաքի Մօնթեսորի (Montessori) դպրոցներու միջազգային ցանցին [1] պատկանող նախակրթարանին մէջ 2018-էն ի վեր Բեննան կը սկսի դասաւանդել՝ անգլերէն եւ թուաբանութիւն։ Արտագաղթի նմանօրինակ փորձառութիւն մը ունի նաեւ իր գործընկերուհին՝ ուսուցչուհի Դանիա Սայեղը, որ նախ 1998-էն Ազգ․ Հայկազեան, ապա Ազգ․ Կիւլպէնկեան նախակրթարաններու մէջ պաշտօնավարած է, իսկ 2012 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր հաստատուած է Լեհաստան։ Հալէպի մէջ յիշեալ ազգային նախակրթարանները ներկայիս անցած են պատմութեան դարանները, իսկ այդ դպրոցներուն մէջ ծառայած կրթական մշակներուն հայ մարդուժը ընդհանրապէս եղած է ցիրուցան։

Պատագեաններուն համար արտագաղթը, տեղափոխութիւնները եւ նոր պայմաններու հետ ընտելացումը այնքան ալ հեշտ չընթացան։ Բեննա կը վկայէ՝ ըսելով .«Երբ Գերմանիա եկանք, սկսանք տեղացիներու հետ յարաբերիլ։ Լաւապէս կը հասկնային մեր սուրիացի ըլլալը, անմիջապէս անոնց անդրադարձը կ՛ըլլար «բայց դուք սուրիացիի չէք նմանիր»։ Երբ կը բացատրէինք որ մենք հայ ենք, մեր արմատները Հայաստանէն կու գան, անոնք ստիպուած կ՛ըլլային քանի մը վայրկեան մտորելու։ Իսկ երբ լուսաբանէինք թէ, ցեղասպանութեան հետեւանքով մենք այդ երկրին մէջ ապրեցանք, այդ պահուն մեզ քիչ մը աւելի լաւ կը հասկնային, ու հետաքրքրուած կ՛ուզէին մօտիկէն ծանօթանալ ու տեղեկանալ հայերու  մասին»։

Բեննա կը շարունակէ՝ ըսելով. «Մեծ ինքնագոհութիւն մը ապրեցայ երբ մեր դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը, մեզ ճանչնալէ ետք, սկսաւ ալ աւելի հետաքրքրուիլ ու գիրքեր կարդալ հայերու մասին։ Նման իրադարձութիւններ եւ զրոյցներ յաճախակի կը կրկնուին մեր ապրած նոր միջավայրին մէջ։ Անգամ մը եկեղեցւոյ շրջանակէն մէկը հարց տուաւ Ռաֆֆիին․ «2016-ին Գերմանիան ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ձեզի՝ հայերուդ համար այդ ճանաչումը ի՞նչ օգտեց։  Ռաֆֆին հարցումով մը պատասխանեց, — «ճանաչման թուականէն առաջ դուք Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին տեղեակ էի՞ք»։  «ՈՉ», — եղաւ մարդուն պատասխանը։ Մենք ինքնաբաւարարութեամբ պատասխանեցինք, — «Գերմանիոյ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը առիթ եղաւ, որ գերմանացիներ լսեն, իմանան հայոց վշտալի տառապանքներուն եւ ողբերգութեան մասին»։

Ինչպէս զանազան օտար միջավայրերու մէջ, Բրենզլաուի պարագային ալ, չկան հայ ինքնութիւնը պահպանող որեւէ կառոյցներ՝ եկեղեցի, հայ դպրոց, մշակոյթի կեդրոն եւ այլ օժանդակ միաւորներ, բայց սուրիահայ արտագաղթողներէն ոմանք դրսեւորած էին իրենց ծննդավայրի թրծուած եւ հասուն փորձառութիւնը, կերտուած ազգային կամքը, էութեան մէջ շաղախուած մշակութային ժառանգութիւնը, իսկ ոմանք ալ մնացած էին անտարբեր։ Պարզ է, որ ինքնութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը ինքնաբուխ է։ Այդուհանդերձ, եւրոպական երկիրներու մէջ փոքրամասնութիւններու ինքնութիւնը՝ լեզուն եւ մշակոյթը պահպանող  համակարգեր գոյութիւն ունին, որոնք նկատելի ներդրում ունին, օժանդակ պայմաններ կը տրամադրեն ինքնութիւնը երաշխաւորելու։ Մեզի կը մնայ օգտուիլ հնարաւոր պայմաններէն, գործնական ծրագներ մշակել, իսկ այդ մէկը իրականացնելու համար մեզմէ կը պահանջուի լոկ ամրակուռ կամքի առկայութիւն ունենալ։

Բեննա օժտուած է ինքնութեան ու կամքի խթանիչ աղիւսներով, եւ այդ կամքն է, որ զինք մղած է նոր միջավայրին մէջ վերարտադրելու ամբարած ազգային ժառանգութիւնը՝ սիրայօժար ներկայացնելու իր հայութիւնը։ Այդ առումով ալ, ան կը նախաձեռնէ իր դասաւանդած դպրոցի աշակերտութեան համար պարզունակ բայց գործնական ծրագիր մը՝ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնող դասախօսութիւն մը, իսկ Դանիա Սայեղը պիտի ծանօթացնէ հայ կարպետագործութեան սկզբնական կանոնները, պիտի ներկայացնէ փոքր չափի հայկական կարպետներ հիւսելու արուեստը եւ իրագործէ գործնական վարժանիստ մը։ Ծրագրի հաճոյալի ժամերը պիտի ամբողջանան Դանիայի երկու զաւակներուն՝ Ճորճի ու Արամի հայկական երգ ու նուագի համերգով՝ ներկաները խանդավառելու եւ միաժամանակ հաճելի նորութիւն մը ստեղծելու տեղացի երիտասարդներուն, աւելի մօտէն հետաքրքրուելու հայկական երաժշտութեամբ։

Վերոնշեալ Մօնթեսորի դպրոցի վարչական արտօնութիւնը առնուած էր. ծրագրուած դասախօսութիւնը, հայ կարպետագործութեան արուեստը եւ հայ երաժշտութեան համերգը պիտի ներկայացուէին իբրեւ դպրոցական դասապահ։ Բեննա, իր կարգին, պիտի հիւրընկալէ երկար տարիներու գործընկերուհին իր երկու զաւակներով։ Կը մնար Լեհաստանէն դէպի Բրենզլաու ճամբորդել ծրագիրը իրականացնելու համար։

Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ին, Բրենզլաուի մէջ, այդ ծրագիրը հեզասահ եւ յաջողութեամբ իրականացած էր ոգեւորելով ներկաները։ Ճորճ եւ Արամ եղբայրներու՝ GOARM band-ի  ելոյթները Լեհաստանի զանազան քաղաքներու, առաւել Շուէտի եւ Վիեննայի մէջ, 13 տարիներու հայ երաժշտութիւնը տարածելու շարունակուող երթը իրենց հարուստ փորձառութիւն մը շնորհած էր։ Բրենզլաուի մէջ նոյնպէս հայերէն երգացանկի տղոց կատարումները՝ ալթի եւ կիթառի զմայլիչ ձայներով, հայ երաժշտութեան մոգութիւնը, հոգեխառն ոգեւորութիւնը պարգեւած էին ունկնդիրներուն, ինքնագոհութիւն եւ եռանդ ներշնչած էին նաեւ յայտագիրը իրագործողներուն, այլ վայրերու մէջ ալ նոյնանման ծրագրեր կրկնելու լաւատեսութեամբ։

Սփիւռքի բազմատասնեակ նոր տեղանուններու ցանկին վրայ՝ Բրենզլաու կոչուած քաղաքին մէջ ներկայացուածը արտագաղթող հալէպահայերու առօրեայէն առնուած յորդորիչ խճանկար մըն է, ՄԵԶ պէտք է հրաւիրէ ինքնամփոփումի եւ խորհրդածութեան, որ միայն մեր սեփական ուժերով կը պահպանուի հայու գոյատեւութիւնն ու ինքնութիւնը, հո՛ն ուր չկան ինքնավար միաւորներ, կազմակերպուած կառոյցներ։ Հո՛ն հրատապ կարիքը կը զգացուի հայ տաղանդաւոր մարդուժի սատարող յենարաններուն։ Հո՛ն ուր հայկականութիւն պահելը կը մնայ գերագոյն հիմնախնդիր յատկապէս անհրաժարելի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ՝ հեռու փուճ կարգախօսերէ։

[1] Մօնթեսորի՝ դպրոցներու միջազգային կրթական ցանցը, կը հետեւի իտալացի անուանի մանկավարժ, փիլիսոփայ, մարդաբան, գիտնական եւ բժիշկ Maria Montessori (1870-1952) մանկավարժական մեթոտաբանութեան սկզբունքներուն։  Կը կիրառէ մանկավարժական ինքնուրոյն եւ ամբողջական կրթութեան հիմքեր։ Զարգացնելով ոչ միայն դպրոցականի գիտա-ուսումնական կարողութիւնները, այլեւ ընկերային եւ զգացական աճը: Ուսուցիչները կը գործեն որպէս ուղղութիւն ցոյց տուողներ, խառն տարիքներով դասարաններու մէջ։ Յարգելով իւրաքանչիւր դպրոցականի անհատականութիւնը, խթանելով նաեւ համապարփակ մտածելակերպը: Մանկավարժական հիմնական սկզբունքն է` օգնէ ինծի ինքնաբաւ գործելու:

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՐԵՑԻՆ…

Next Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Next Post
ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Comments 1

  1. Ազատուհի Գալայճեան-Սիմոնեան Azadouhi Kalaidjian Simonian says:
    10 months ago

    Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կարդացի Բրենզլաուի մէջ պատահած հրաշքին մասին։ Այդ անծանօթ Գերմանական քաղաքին մէջ ինչպէս ներդաշնակուեր են որպէս դասապահ հայոց պատմութեան նուիրուած դասախօսութիւն Բեննայի կողմէ, կարպետագործութեան մասին տեղեկութիւններ եւ գործնական ցուցմունքներ workshop-ի ընդմէջԷն Դանիա Սայէղի կողմէ որպէս Բեննայի նախկին գործակից հալէպէն ու Դանիայի զաւակներուն՝ Արամի եւ Ճորճի հայկական երաժշտութեան մատուցումով եղած գործակցութիւնը։

    Հրաշալի ներդաշնակութիւն օտար միջավայրի մէջ հայոց պատմութիւնը, հայ արուեստը եւ երաժշտութիւնը համադրող։ Այո՛, կ’արժէ տրուած առիթները օգտագործել հայ մշակոյթը տարածելու համար եթէ կամք կայ։ Բրենզլաուի մէջ եղած ձեռնարկի օրինակը կարելի է օգտագործել նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու եւ հայ մշակոյթը ծանօթացնելու տուեալ օտար միջավայրին մէջ։ Ողջունելի է Բեննայի եւ Դանիայի նախաձեռնող ոգին։ Ազատուհի Գալայճեան-Սիմոնեան

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.