Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՐԵՑԻՆ…

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

August 7, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՐԵՑԻՆ…

Հինգ տարի անցած է Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն։ Տակաւին ո՛չ մէկ պատասխանատուի անուն հրապարակուած է, ո՛չ ալ բացայայտուած են զայն գործած ուժերը։ Լիբանանի չգրուած օրէնքին համաձայն, ինչպէս բազմաթիւ այլ պարագաներու, այս դժոխային պատահարն ալ խեղդուեցաւ պատմութեան մշուշոտ ծալքերուն մէջ։

Պատահական չէ յիշել, որ քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան՝ 1976-ին, Պէյրութի նաւահանգիստը դարձեալ թիրախ դարձած էր։ Թէեւ այդ արարքը 2020-ի պայթումին հասնող չէ՛ր իր ուժգնութեամբ, սակայն իր խորհրդանշական եւ նպատակային համեմատութիւններով չափազանց մօտ է։

«Պատմութիւնը կը կրկնուի» ասացուածքը այս պարագային անժխտելիօրէն կը համապատասխանէ իրականութեան։ Անունները փոխուած են, դերակատարները այլ երեւոյթներու տակ կը գործեն, բայց տրամադրութիւնը՝ նաւահանգիստը «խաղէն դուրս» դնելու, մնացած է նոյնը։

Այս բնաբանին մէջ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ «Արարատ»ի աշխոյժ յօդուածագիր, այդ ժամանակ տակաւին քսան տարիքը չբոլորած Պերճ Արապեանի՝ մօտ յիսուն տարի առաջ գրած յօդուած մը, որ հրատարակուած է «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի Կիրակի, 18 Ապրիլ 1976-ի թիւին մէջ (վարիչ եւ խմբագիր՝ Մանուէլ Գազանճեան, օգնական խմբագիր՝ Պերճ Արապեան)։ Այս գրութիւնը, որ տակաւին իր արդիականութիւնը պահած է, կարելի է մէկ շունչով կարդալ՝ համոզուելու համար, թէ որքան խորքային եւ ժամանակակից է անիկա:

«Ա.»

 

Ինչո՞ւ այրեցաւ կամ այրեցին Պէյրութի նաւահանգիստը․․․ Եւ ինչո՞ւ դանդաղեցան կրակը մարելու աշխատանքին մէջ։

Արդեօք նաւահանգիստը քաղաքական անձնագի՞ր ունի… աջակողմեա՞ն է, թէ՞ ձախակողմեան, թէ՞ կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն ու Լիբանանի հողին վրայ բոլոր ապրողներուն։

Պաշուրայի եւ Էշրէֆիէի հրշէջներուն, լիբանանեան բանակին եւ պաղեստինեան կազմակերպութեան, Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ կորսուեցաւ պատասխանատուութիւնը ու կրակին բոցերը լափեցին Պէյրութի նաւահանգիստին պարունակութեան մէկ երրորդը, որ կ’արժէ աւելի քան հարիւր միլիոն Լիբանանեան ոսկի։

Այսպէս արտայայտուեցաւ Աշխատաւորական, փոխադրական, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարը պրն. Ատէլ Օսէյրան:

Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 1976-ի առաւօտեան, պէյրութցիները արթնցան նաւահանգիստէն եկող ծուխերուն տակ: Կրակը իր սկզբնաւորութեան մէջ էր երբ պաշտօնեաներէն մին հեռաձայնեց նախարարին՝ տեղեկացնելու համար թէ հրձիգ ռումբ մը ինկած էր ամբարտակներէն մէկուն վրայ, որ դիւրավառ նիւթեր կը պարունակէր եւ թէ կրակը սկսած է ընդլայնիլ։

Որպէսզի կարենայ հասկացողութեան եզր մը գտնել կռուող կողմերուն միջեւ, նախարար Ատէլ Օսէյրան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Պաշուրայի եւ Էշրէֆիէի հրշէջներու պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի գոնէ այս պարագային համաձայնէին ու մարէին նաւահանգիստին կրակը, փրկելու՝ Լիբանանի տնտեսութեան մնացորդացը, առանց մոռնալու որ նաւահանգիստը կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն: Հաղորդակցութիւնները ապարդիւն եղան։ Կռուող կողմերը վստահութիւն չունէին իրենց հակառակորդներուն վրայ։

Նախարարը դիմեց օդակայանի հրշէջներուն, մերժուեցաւ։ Որովհետեւ, Պէյրութի միջազգային օդակայանը ունէր միայն մէկ հրշէջային ինքնաշարժ: Արդ, սոյն ինքնաշարժը չի կրնար հեռանալ օդակայանէն:

Նախարարը տեսաւ թէ պէտք է դիմել Դամասկոսին։ Հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Սուրիոյ ներքին գործերու նախարար Ալի Զազային հետ ու օգնութիւն հայցեց անկէ որպէսզի անմիջապէս հրշէջային քանի մը ինքնաշարժ ուղարկէ Պէյրութ։ Սուրիացի նախարարը պատրասկամութիւն ցոյց տուաւ եւ ըսաւ թէ Սուրիա պատրաստ է ամէն տեսակի օգնութիւն տածելու Լիբանանին։ Իր կարգին խնդրեց որ լիբանանեան կառավարութիւնը սուրիացի հրշէջներուն փոխադրութիւնը ապահովէ լիբանանեան սահմանէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստը:

Այս նպատակաւ, նախարար Ատէլ Օսէյրան դիմեց բանակի հրամանատարութեան: Զօրավար Սաիտ Նասրալլա պատասխանեց. «Հրամանատարութեան մօտ ոչ մէկ պահակ-զինուոր կայ: Նոյնիսկ բարձրաստիճան սպաները ստիպուած են պահակութեան պաշտօն ստանձնել պաշտպանելու համար Պաշտպանութեան նախարարութիւնը»։

Հինգշաբթի, 25 Մարտ 1976-ի առաւօտեան ժամը երկուքն էր, երբ նախարարը դիմեց պաղեստինեան կազմակերպութեան։ Ապու Ամմար (Եասէր Արաֆաթ) խոստացաւ ապահովել Դամասկոսի հրշէջներուն փոխադրութիւնը։

Տնտեսական նախարարը կ’ըսէ.- «երբ առաւօտուն արթնցայ, տեղեկացայ թէ Դամասկոսի հրշէջերը ժամանած չէին տակաւին, որովհետեւ պէտք եղած ապահովութիւնը հայթայթուած չէր։ Դարձեալ դիմեցի Եասէր Արաֆաթին… քնացած էր տակաւին: Զինք փոխարինողէն խնդրեցի որ պէտք եղած կարգադրութիւնները ընէ: Քիչ ետք տեղեակ պահեցին զիս, թէ Պաղեստինեան կազմակերպութիւնը հեռագրած էր Շթորայի իր կեդրոնը որպէսզի լիբանանեան սահմանէն դիմաւորեն սուրիացի հրշէջերը եւ խիստ հսկողութեան տակ փոխադրին Պէյրութ: Քիչ ժամանակ ետք հարց տուի թէ․․․ ի՞նչ պատահեցաւ․․․ վստահեցուցին թէ պաղեստինեան կազմակերպութեան անդամները հասած են սահման, տեսնելու համար որ սուրիացի հրշէջներէն ոչ ոք ժամանակ էր։ Այսպէս, Պաշուրայի եւ Էշրէֆիէի հրշէջներուն, լիբանանեան բանակին եւ պաղեստինեան կազմակերպութեան, Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ կորսուեցաւ պատասխանատուութիւնը մինչ կրակը սկսած էր տարածուիլ աւելի ու աւելի»։

Երբ այս կարգադրութիւնն ալ ապարդիւն ելաւ, նախարար Ատէլ Օսէյրան դիմեց օտար պետութիւններուն: Հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի դեսպաններուն հետ՝ օգնութիւն հայցելով անոնցմէ, փրկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստն ու Պէյրութ քաղաքը։ Նոյն նպատակով հեռաձայնեց նաեւ Կիպրոսի լիբանանեան դեսպանին: Պատասխանը ժխտական եկաւ. «Այն հրշէջ նաւերը, որոնք կրակը կը մարեն անմիջականօրէն, առնուազն հինգէն վեց օր կ’ուզեն հասնելու համար Պէյրութ»։

Մինչ այդ քանի մը հրշէջեր հասած էին նաւահանգիստ ու գործի լծուած՝ շատ մը լիբանանցի, սուրիացի եւ իրաքցի գործաւորներու հետ, որոնք ռումբերու տեղատարափին պատճառով բանտարկուած էին նաւահանգիստէն ներս։ Ուրբաթ, 26 Մարտի կէսօրին, կարողացան մարել կրակը։

Կէսօրէ ետք դարձեալ բռնկեցաւ նաւահանգիստը։ Քանի մի հրձիգ ռումբեր ինկած էին ամբարտակներուն վրայ։ Հրշէջներն ու գործաւորները կրակը կարողացան մարել Շաբաթ օր, կէսօրէ առաջ, քիչ մըն ալ անձրեւներու օգնութեամբ։

 

Պէյրութի նաւահանգիստէն ի՞նչ այրեցաւ… ու ի՞նչ մնաց անկէ։

Հրոյ ճարակ դարձան ինը ամբարներ, որոնց մակերեսը կը հասնի յիսուն հազար մեթր քառակուսիի, գրաւելով նաւահանգիստին մէկ երրորդ տարածքը։

Այրեցան մաքսատան վեց ամբարտակները։ Թիւ ինը ամբարտակը առաստաղը ծածկուած, հինգ հազար մեթր քառակուսի տարածութեամբ։ Անոր մօտ գտնուող առանց առաստաղի պահեստ մը։ Թիւ եօթը ամբարը, առանց առաստաղի, եօթը հազար մեթր քառակուսի տարածութեամբ։ Թիւ քսաներկու ամբարտակը, ծածկուած, վեց հազար քառակուսի մեթր։ Թիւ քսանը՝ ութը հազար քառակուսի մեթր, որ կը պարունակէր մեծ քանակութեամբ ուտեստեղէն։ Թիւ ինը առանց առաստաղի՝ հինգ հազար մեթր քառակուսի տարածութեամբ։

Փճացան նաեւ Ազատ Գօտիի (զօն ֆրանշ) թիւ չորս ամբարտակը՝ վեց հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ, ինչպէս նաեւ թիւ հինգ ամբարը, որուն մակերեսը կը հասնի վեց հազար քառակուսի մեթրի։

Եւ վերջապէս հրոյ ճարակ դարձաւ մաքսատան եւ ազատ գօտիի միացեալ ամբարը՝ վեց հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ, որ կը պարունակէր դիւրավառ նիւթեր, քիմիական դեղեր, խաղալիքներ եւ պայթուցիկներ:

Գալով հացահատիկներու ամբարին, կրակին բոցերը սեւցուցած են պատերը ու կոտրած գրասենեակներուն ապակիները։ Տակաւին չենք գիտեր թէ կրակը իր ազդեցութիւնը գործա՞ծ է ամբարին մէջ գտնուող երեսունհինգ հազար թոն ցորենին վրայ թէ ոչ: Առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար պրն․ Ատէլ Օսէյրան կ’ըսէ. «Ցորենին վրայ կրակին ձգած ազդեցութիւնը չեն կրնար որոշել մինչեւ որ վերոյիշեալ ցորենէն պատրաստուած ալիւրը համտեսենք»:

 

Որքանի՞ կը հասնին վնասները եւ ո՛վ պիտի վճառէ…

Վնասուց հատուցման շուրջ եղած կարծիքները բազմաթիւ են։ Շատեր կ’ըսեն թէ պատասխանատուն նաւահանգիստի տնօրէնութիւնն է։ Ուրիշներ կը պնդեն թէ տնօրէնութիւնը պատասխանատու է միայն առաստաղածածկ ամբարներուն։ Մինչ ուրիշներ, գլխաւորութեամբ ապահովագրական ընկերութիւններուն, կ’ըսեն թէ ոչ ոք պատասխանատու է, նկատի ունենալով որ քաղաքացիական պատերազմի արդիւնք է։

Ամէն պարագայի, այս հարցը շատ մը փատաբաններու սերտողութեան նիւթ պիտի դառնայ, պատճառ դառնալով շատ մը դատական քննութիւններու։

Ի միջի այլոց ըսենք, թէ տեղական դրամատուները շատ մեծ վնասներ ունեցան նաւահանգիստի աղէտէն, նկատի ունենալով որ ապրանքներուն մեծ մասին մուրհակները վճարուած են դրամատուներու կողմէ ու վաւերաթուղթերը իրենց մօտ կը գտնուին տակաւին։ Արդ, ի՞նչպէս կարելի է դրամ պահանջել այրած ապրանքներուն տէրերէն, երբ ոչինչ յանձնուած է իրենց: Անտարակոյս որ այս հարցը շատ տարակարծութիւններ պիտի ստեղծէ դրամատուներուն եւ իրենց յաճախորդներուն միջեւ։

 

Ե՞րբ կարելի է վերաշինուած տեսնել այրած ամբարտակները:

Եթէ ապահովութիւնը վերջնականապէս այսօր հաստատուի, պետական վարչամեքենային դանդաղութիւնը անտարակոյս որ պատճառ պիտի դառնայ որպէսզի տարիներ տեւէ վերաշինութեան աշխատանքնը: Որովհետեւ մինչեւ այսօր նաւահանգիստին տնօրէնութիւնը չկարողացաւ մաքրել թիւ վեց ամբարտակին (հինգ հազար մեթր քառակուսի) մնացորդները, որոնք այրած էին տարի մը առաջ (19 Ապրիլ 1975), հակառակ որ վարչապետ պրն․ Ռաշիտ Քարամէ խիստ հրամաններ արձակած էր արագ աշխատանք տանելու համար։

Անտարակոյս որ դատական քննութիւնը պէտք է անմիջապէս իր հունին մէջ մտնէ, նկատի ունենալով որ նաւահանգիստին տնօրէնութիւնը ոչինչ կրնայ ընել նախ քան հարցաքննիչ դատաւորին որոշումը։ Ինչ որ կը դժուարացնէ որոշելը թէ որքան ժամանակի կը կարօտի վերաշինութիւնը:

Բոլորէն կը պահանջուի նաւահանգիստը վերածել շինարարական մեծ կեդրոնի մը, որպէսզի կարենայ վերստանձնել առեւտրական իր կարեւոր դերը։ Որովհետեւ նաւահանգիստը Լիբանանի շուկան է։ Իսկ Լիբանանը՝ արաբական աշխարհի շուկան։ Արդեօք պիտի է վերստանձնէ՞ իր դերը կամ վերջնականապէս կորսնցուցած է արդէն։

Կ’արժէ յիշել նաեւ թէ երեք տարի առաջ, պետական երեսփոխան պրն․ Մոհամմատ Եուսէֆ Պայտուն, որպէս խորհրդական Պէյրութ Քաղաքապետական խորհուրդին, առաջարկած էր Պէյրութի մէջ հրշէջներու երկրորդական կեդրոններ շինել, գլխաւորաբար նաւահանգիստին ու օդակայանին մէջ, նկատի ունենալով որ ինքնաշարժներու խճողումը պատճառ սկսած էր դառնալ, որ հրշէջները չկարենան իրենց պարտականութիւնը լիուլի կատարել։ Քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց առաջարկը։ Սակայն պետական վարչամեքենային դանդաղութիւնը պատճառ դարձաւ որ որոշումը գործադրութեան չդրուի։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս եթէ շինած ըլլային այս կեդրոնը, կարելի ըլլար փրկել նաւահանգիստը։

Սակայն ինչո՞ւ այրեցաւ, կամ այրեցին նաւահանգիստը…:

Ցարդ, ոչ ոք կրնայ ճշգրիտ պատասխան մը տալ։

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻՆ

Next Post

ՀԱԼԷՊԷՆ ԲՐԵՆԶԼԱՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ ՄԸ

Next Post
ՀԱԼԷՊԷՆ ԲՐԵՆԶԼԱՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ ՄԸ

ՀԱԼԷՊԷՆ ԲՐԵՆԶԼԱՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ ՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.