Ոչ եւս է ընկեր Հրաչ Գէորգեանը։
Ոչ եւս է մեր հեզահամբոյր, համեստ, ժպտադէմ, ընկերասէր, միշտ ծառայելու պատրաստ ընկեր Հրաչը։
Ոչ եւս է հալէպահայութեան ընդհանրապէս եւ Կիլիկեան շրջանակին յատկապէս անսակարկ նուիրումով ծառայող վսեմ հայորդին եւ գաղափարի ընկերը։
Շաբաթ, 2 Օգոստոս 2025-ին, Հալէպի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի օրացոյցին մէջ տխուր օր մը եղաւ։ Ընկեր Հրաչ վերջին հրաժեշտ մը տուաւ իր սիրելի ակումբին մէջ։ Դագաղը կարծէք կ’ըսէր «ես անիրաւօրէն կը գտնուիմ այստեղ», բայց ճակատագիրի տիեզերական ուժը իջած էր թանձր մառախուղի մը պէս բոլորին վրայ։ Ներկայ էին ընկերոջ ընտանիքը, Վարիչ մարմինի անդամները, միութենական բոլոր խումբերը, Կիլիկեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնեաները, բարեկամներու եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը։
Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի մահանուագի երաժշտութեան տխուր հնչեղութեան ներքոյ դագաղը պարուրուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի դրօշով, կարդացուեցան սրտի խօսքեր՝ ընկեր Վարուժ Սիւլահեանի եւ ընկերուհի Մարալ Քիւփելեանի կողմէ։ Հնչեցին աղօթքներ կրօնական այրերու կողմէ։ Ապա, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը ակումբն ու շրջակայքը թնդացուց հնչակեան հայրենասիրական` «Տուր ձեռքդ ընկեր» եւ «Հեռաւոր երկիր» երգերով։
Յուղարկաւորութեան երթաշարը հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ փողոցը եւ կանգ առաւ անոր սկիզբը: Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներ եւ տխրունիականներ, հանգուցեալին մարմինը քալելով եւ ուսամբարձ բերին մինչեւ եկեղեցի։ Սուգի թափօրին վշտահար ու մունջ մաս կազմեցին ընկեր Հրաչին ընտանիքը, ընկերները, բարեկամներ եւ սգակիրներ։ Թափօրը կը շարժէր դանդաղ, մինչ այդ, յետմիջօրէին, ամռան երկինքին մէջ իրարու հալածող ամպերու կոյտերը մերթ ընդ մերթ շուք եւ արեւ կը սփռէին։
Ընկեր Հրաչի գործունէութեան ծիրը եղած էր տարածուն եւ կ’ընդգրկէր տարբեր միութիւններ, ազգային կառոյցներ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ։ Այդ ամէնուն բերումով` եկեղեցին կը ծփար մարդկային հեղեղով։ Մեծ եւ փոքր, երիտասարդներ եւ պարմանուհիներ, բոլորը միատեղ։
Հալէպի գերեզմանատան բարտիները անգամ մը եւս ականջալուր եղան «Տուր ձեռքդ ընկեր» ոգեւորիչ եւ միասնականացնող ուխտերգին, ուր մարդ ինքնզինք կը գտնէ եղբայրական վեհ մթնոլորտի մէջ։
Յուղարկաւորութենէն յետոյ, ողբացեալին ընտանիքը ցաւակցութիւններ ընդունեց եկեղեցւոյ ներքնասրահը: Հիւսիսային Սուրիոյ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Հրանդ Աթթարեան կարդաց դամբանականը, հետեւեալ խօսքերով.-
«Ընկեր Հրաչ ծնած է Հալէպ 1959-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կիլիկեան վարժարանի յարկին տակ եւ ապա նետուած է կեանքի ասպարէզ, մասնագիտանալով մեքենաշինութեան մէջ։ Միութենական կազմաւորումը սկիզբ առած է Հայ մարմնամարզական միութեան մէջ։ Փոքր տարիքէն եղած է սկաուտ եւ երէցական։ Ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ոգին ու դաստիարակութիւնը ստացած է Տխրունի ուսանողական երիտասարդական միութեան շարքերուն մէջ։ Ժամանակի թաւալումին հետ ստանձնած է զանազան պաշտօններ, որոնք կատարած է ձեռնհասօրէն։ Նշանակուած է Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամ եւ վերջին տարիներուն՝ կազմին ատենապետը։
Ընկեր Հրաչ որեւէ ճիգ չէ խնայած նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու իր շատ սիրելի Կիլիկեան կրթական հաստատութեան, նպաստելով անոր յառաջխաղացումին ու վերելքին։ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով վնասուած Կիլիկեան ճեմարանի շէնքին վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ ունէր մեծ ներդրում` իր ընկերներուն հետ միասին։

Ընկեր Հրաչ յատուկ կազմակերպութեան մը յարած ըլլալով հանդերձ` հատուածական նկարագիր չունէր։ Հաւասարակշռուած յարաբերութիւն կը մշակէր հայ կեանքէն ներս գործող կառոյցներուն հետ անխտիր եւ իր ծառայութիւնը կը մատուցէր բոլորին։ Կը գործէր լռելեայն առանց թմբուկի, առանց աղմուկի, զուրկ սնափառութեան հոգեկան ախտէն։ Որպէս ջերմեռանդ հաւատացեալ, ամէն Կիրակի կը յաճախէր եկեղեցի աղօթելու եւ մոմ մը վառելու սուրբի մը դիմանկարին ընդառաջ։ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանին կողմէ նշանակուած էր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ։ Այդ հանգամանքով մեծ բաժին ունեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգման հսկայական աշխատանքին մէջ։
Ընկեր Հրաչ ընտանեկան բոյնը կազմած է շնորհալի տիկին Մայտա Մերթիխանեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու սիրասուն զաւակներով՝ Արազ եւ Գէորգ։
Ամիսներ առաջ երբ ան վերին մարմինին մէջ պաշտօնի կոչուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, անողոք հիւանդութիւնը արդէն սկսած էր նախանշաններ ցոյց տալ եւ հետզհետէ արմատաւորուելով տկարացուցած էր յոգնիլ չգիտցող իր մարմինը։ Ի դէմս այս վիճակին ան բնաւ չյուսալքուեցաւ, կորովաթափ չեղաւ, այլ զարմանալի ուժականութեամբ մը շարունակեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը մինչեւ իր վերջին շունչը։
Սիրելի ընկեր Հրաչ, մենք ամէնօրեայ ներկայութիւն էինք հետդ եւ դժուար թէ հաշտուինք բացակայութեանդ։ Պիտի ապրինք յիշատակներովդ որպէս անզուգական ընկեր եւ հրաշալի մարդ։
Ս.Դ.Հ.Կ. հիւսիսային Սուրիոյ շրջանի Վարիչ մարմինին եւ յարակից միութիւններուն անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ գաղափարի ընկերներուն»։
Հնչեց նաեւ Պրն. Ճորճ Կարապետեանի խօսքը արաբերէնով, իսկ հոգաբարձութեանը` բժշ. Յովիկ Աթոքեանին։ Հոգիի եւ սրտի հանգստութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւող ցաւակցական եզրափակիչ խօսքը կատարեց րբազան Մակար սարք. Աշգարեան։
Աստղ մը շիջեցաւ Հալէպի հնչակեան ընտանիքէն ներս։ Դա՜ռն ճակատագիրը մեզմէ խլեց անոր բարի հոգին։ Դեռ կանուխ է, ընկեր, բոլորս սուգի մատնեցիր։ Քու կորուստովդ որբացաւ Հալէպի Հնչակեան կուսակցութիւնը։ Կորսնցուցինք տիպար հայրենասէր, միութենական, ազգային բարեսիրտ ընկեր մը։ Բարի յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ։
Լոյսերու մէջ ննջէ քու բարի հոգիդ։

