Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

August 7, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ  ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին հինգերորդ տարելիցին առիթով, կը խոնարհինք ի յիշատակ անմեղ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին Լիբանանի արդի պատմութեան ամենաահաւոր աղէտներէն մէկուն: Այս չսպիացող ազգային խոր վէրքը տակաւին կ’արիւնի, որովհետեւ ճշմարտութիւնը չէ բացայայտուած, արդարութիւնը չէ իրականացուած եւ մեղաւորները չեն պատժուած։

2020 թուականի այդ օրը մայրաքաղաք Պէյրութի սիրտը պայթեցաւ. թաղամասեր ամբողջութեամբ փլուզուեցան, աւելի քան 200 հոգի զոհուեցան, հազարաւորներ վիրաւորուեցան եւ տասնեակ հազարաւորներ անտուն մնացին։ Հակառակ կորուստներու ահռելիութեան, հետաքննութիւնը կը մնայ սեռեցուած, արդարութիւնը՝ յետաձգուած, իսկ քաղաքական եւ դատական միջամտութիւնները մինչեւ այսօր արգելք կը հանդիսանան ամբողջական ճշմարտութեան բացայայտման։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը իր վճռակամ դիրքորոշումը կը վերահաստատէ՝ անկախ հետաքննութիւնը յարգելու եւ արագացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, զայն զերծ պահելով ճնշումներէ եւ միջամտութիւններէ, որպէսզի իրականանայ արդարութիւնը եւ պահպանուի զոհերուն արժանապատուութիւնն ու անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները։

Այս յանցագործութիւնը միայն մարդասիրական հարց մը չէ, այլ գերազանցօրէն ազգային եւ հայրենական է, որ կը վերաբերի պետութեան գոյութեան եւ հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ արդարադատութեան ապագային:              Կարելի չէ հայրենիք կառուցել մոռացութեան վրայ, եւ կարելի չէ Պէյրութը վերականգնել նախքան զայն աւերողները պատասխանատուութեան ենթարկելու։

Այս ցաւալի տարելիցին առիթով, կը վերահաստատենք մեր ուխտը՝ մնալու խիղճի եւ արդարութեան ձայնը։ Կոչ կ’ուղղենք ազգային միասնական դիրքորոշում որդեգրելու, հեռու նեղ հաշուարկներէ, յանուն ճշմարտութեան եւ հաշուետուուողականութեան, եւ յանուն զոհերու հանդէպ արդարութեան ու հայրենիքի կառուցման, հայրենիք՝ որ պիտի պաշտպանէ իր ժողովուրդը, այլ ոչ թէ սպաննէ զանոնք անհոգութեամբ։

Կը հայցենք ողորմութիւն Օգոստոս 4-ի նահատակներուն, ապաքինում՝ վիրաւորներուն եւ համբերութիւն՝ անոնց ընտանիքներուն։ Արդարադատութիւնը պիտի մնայ մեր հիմնական նպատակը մինչեւ անոր իրագործումը:

 

Պէյրութ, 4 Օգոստոս 2025

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԹՐԱՄՓ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Next Post

ԳՐԻԳՈՐ ԽԼԱԹԵՑԻԻ (ԾԵՐԵՆՑ) ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 600-ԱՄԵԱԿԸ – 2

Next Post
ԳՐԻԳՈՐ ԽԼԱԹԵՑԻԻ (ԾԵՐԵՆՑ)  ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 600-ԱՄԵԱԿԸ – 2

ԳՐԻԳՈՐ ԽԼԱԹԵՑԻԻ (ԾԵՐԵՆՑ) ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 600-ԱՄԵԱԿԸ - 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.