Ակնարկած էինք արդէն Խառաբաստի վանքին, որ մօտիկ էր Արճէշ քաղաքին եւ որ Մեծոփայ վանքին հետ միասին կը հանդիսանար Վանայ լիճի հիւսիսարեւելեան շրջանի երկու կարեւորագոյն ուսումնագիտական կեդրոններէն կամ վարդապետանոցներէն մէկը։
Գրիգոր Խլաթեցի 1406-ին կը կարգուի Խառաբաստի վանքի ուսումնական կեդրոնի րաբունապետ, յաջորդելով նոյն տարին վախճանած Վարդան Հոգոցվանեցիին։ 1410-էն սկսեալ ալ կը ղեկավարէ Արծկէի մօտակայ Ցիպնավանքի դպրոցը, մինչ նոյն տարին Թովմա Մեծոփեցին ալ ստանձնած էր Մեծոփայ վանքը։ Կը տեսնուի, որ Վանայ լիճին հիւսիսային ափերուն որքա՜ն ճիգ ու քրտինք կը թափուէր այդ հին դարերուն՝ վանական ու կրթական կեանքը ծաղկուն պահելու համար, արժէքաւոր րաբունապետերու առաջնորդութեամբ։
Խլաթեցիի գրչական արտադրութիւններով մօտէն շահագրգռուած է հայրենի բանասէր Սեդա Մարաբեան։ Երեւանի «Բանբեր Մատենադարանի» հանդէսին մէջ (թիւ 15, 1986) ան տուած է ամբողջական ցուցակը Խլաթեցիի պատկանող ձեռագրերուն, որոնց թիւը կ`անցնի երեսունը։ Գիտական անջատ յօդուածներով՝ լուսարձակ բացած է ան Խլաթեցիի գործերէն ոմանց վրայ ալ։ Ըստ Մարաբեանի՝ Խլաթեցիի գործերուն միայն մէկ մասն է որ մեզի հասած է ուղղակի իր ինքնագրով. միւս մասը՝ անոր ձեռագրերուն ընդօրինակութիւններն են այլոց կողմէ։ Իր գործերէն շատեր տեղ գտած են ձեռագիր այլազան ժողովածուներու մէջ՝ իբրեւ առանձին գլուխ կամ յաւելուածական բաժին։ Բոլորը միատեղ հսկայական նիւթ կ`ամբարեն։
Եթէ փորձենք ի մի բերել Ծերենցի գործերը ու մատնանշել գէթ անոնց գլխաւորները, նախ պէտք է յիշենք «Յայսմաւուրք»-ը (սուրբերու կենսագրութիւններ պարունակող մատեան), որ ինք վերախմբագրած է շուրջ 100 վարքերու նորագոյն յաւելումներով ու ճշդումներով։ Այս նոր խմբագրութիւնը Խլաթեցիի անունով կոչուած է «Ծերենցի Յայսմաւուրք» եւ որ իր նմաններուն մէջ նկատուած է ամէնէն ընտիրը։ Ոմանք զինք կոչած են «Երկրորդ Վկայասէր» (ինչպէս ծանօթ է՝ վկայաբանութիւններ ժողվելու կամ շարադրելու մեծ վարպետը Գրիգոր Բ. Վկայասէր հայրապետն էր, ԺԱ. դարուն)։ Յետոյ, կան իր ինքնագիր շահեկան «Յիշատակարան»-ները, որոնք կցած է զանազան ձեռագրերու։ Ասոնցմէ մին կը կոչուի «Յիշատակարան աղէտից» եւ ուր Ծերենց, իբրեւ ականատես, չափածոյ ու սարսռազդեցիկ տողերով կը պատմէ Հայաստանի ենթարկուած աղէտներն ու թշուառութիւնները՝ Լենկթիմուրի ու անոր յետնորդներուն արշաւանքներուն ընթացքին (1386-1422-ի շրջան)։ Տեղ մը կը հառաչէ.
Դողան ոսկերքս եւ սասանին,
Լոյս իմ քաղի, սիրտըս ճըմլին,
Քանզի աչաւք իմ տեսանին
Ողորմագին հարուած սոցին։
Գործը շարադրուած է գրաբարի ու ռամկօրէնի խառնուրդ բառամթերքով մը։ Արեւելահայ ծանօթ բանասէր Գրիգոր Խալաթեանց (1858-1912) այս գործը հրատարակած է Էջմիածնայ «Արարատ» ամսագրին մէջ 1897-ին, այնուհետեւ՝ անջատ գրքոյկով։
Ծերենցի կատարած արտագրումներուն մէջ ուշագրաւ է Ճառընտիր–Տօնական մըն ալ, 900 հաստ թերթով, որուն կիսուած երկու հատորները պահ դրուած են Երեւանի Մատենադարանը (հմր. 1520, 1521)։ Այս մեծածաւալ մատեանը գրուած է 1403-1406 Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառի Ս. Նկար (կամ Անծղնապատ) մենաստանին մէջ։ Այստեղ, ի միջի այլոց, հայրենասիրական լայն հատուածներ կամ հերոսական դրուագներ քաղուած են բազմաթիւ հայ պատմիչներու երկերէն։ Դեռ աւելի՛ն, գրիչը տարբեր «խորագրերի տակ բերում է երկու հարիւր եօթանասունհինգ պատմութիւն, քաղուածք, խրատ, առակ, ասոյթ եւ այլ օգտակար նիւթեր կրօնաբարոյական, կենցաղային, հայրենասիրական թեմաներով, մարդկային առաքինութիւնները դրուատող եւ մոլութիւնները պարսաւող մանրապատումներ, որոնք Տօնականը դարձնում են ոչ միայն ճառընտիր, այսինքն՝ ընտիր ճառերի ժողովածու, այլեւ ընթերցանութեան համար խրատարան, ուր յաճախ հարցով դիմում են ծերին եւ նա պատասխանում է» (տե՛ս «Գրիգոր Խլաթեցու Տօնականները», Սեդա Մարաբեան, «Էջմիածին» ամսագիր, 1985, թիւ 7)։ Տակաւին, ունի հայոց պատմութիւն մը, որ կորսուած կը սեպուի ու մեզի չէ հասած, Յովհաննու Աւետարանի մեկնութիւն մը, Նարեկ մը՝ մեկնաբանական հատուածներով, ծիսագիտական գրուածքներ («Խրատ ժամատեղաց», «Գովութիւն Սաղմոսի»), նամակներ, մանր երկեր, ներբողներ, յորդորակներ, հանելուկներ եւ այլն, եւ այլն։
Գրիգոր Խլաթեցին նա՛եւ մանրանկարիչ էր։ Հայրենի արուեստաբան Հրավարդ Յակոբեան կէս դար առաջ նկատել տուած էր որ Խլաթեցիի ընդօրինակած ու գրչագրած մատեաններէն մեզի հասած են 10 օրինակներ։ Անոնց մէջ կան Աւետարաններ, Գանձարաններ, Նարեկներ եւ այլ ժողովածուներ։ Յակոբեան մեկնաբանած է ատոնցմէ ոմանց նկարազարդումները (տե՛ս «Գրիգոր վրդ. Խլաթեցին մանրանկարիչ», «Էջմիածին» ամսագիր, 1975, թիւ 12)։
Այս բոլորին զուգահեռ Ծերենց եղած է նաեւ հմուտ երգիչ, խազագէտ ու տաղասաց, օժտուած՝ գեղեցիկ ձայնով։ Կազմած է «Գանձարան» խորագրեալ երգարան մը, ամէն բանէ առաջ սրբագրելով ու տաղաչափական ձեւի բերելով աղաւաղուած հնամենի տաղերը, այնուհետեւ յօրինելով բազմաթիւ նոր տաղեր ու մեղեդիներ, սուրբերու ձօնուած երգեր, որոնք լայն տարածում գտած են թէ՛ Վանայ լիճին շրջակայքը, թէ՛ Մեծ Հայքի միւս նահանգները (տե՛ս Աստղիկ Մուշեղեանի «Գրիգոր Խլաթեցու երաժշտաբանաստեղծական ժառանգութիւնը», «Բանբեր Մատենադարանի», թիւ 22, 2015)։
Այս բանիբուն ու մարդասէր վարդապետը, որ գրչութենէ վաստկած իր դրամն իսկ կը սիրէր բաժնել աղքատներուն եւ կարօտեալներուն, ունեցաւ չարչարալից մահ մը։ Ան խժդուժօրէն նահատակուեցաւ 1425-ին, Ցիպնավանքի վրայ քիւրտ հրոսակներու կողմէ կատարուած յարձակումի մը ընթացքին, պարզապէս որովհետեւ մերժեց իր հաւատքը ուրանալ…։
Այս դէպքէն ճի՛շդ 370 ետք, 1795-ին, նոյնանման նահատակութիւն մը պիտի ունենար Սայաթ-Նովան ալ…։
Խլաթեցիի փայլուն աշակերտներէն մին՝ Առաքել Բաղիշեցի, տաղ մը ձօնած է անոր յիշատակին։
Խլաթեցիի մասին համապարփակ մենագրութիւն մը հրատարակուած է Երեւան, 2000 թուականին, Արտաշէս Մաթեւոսեան-Սեդա Մարաբեան զոյգին համահեղինակութեամբ։

