ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ 8 Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, կը հաղորդէ The Washington Post-ը:
Հնարաւոր է, որ հանդիպման բերումով յայտարարուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղությեան համաձայնագրի մասին, որոնք քանի մը տասնամեակ կը գտնուէին հակամարտութեան մէջ:
Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7-8 Օգոստոս ին պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Փաշինեան երկկողմ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ՝ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ եռակողմ հանդիպում՝ նախագահ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ միտուած տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, բարօրութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան յառաջմղման։

