Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

August 7, 2025
in Լիբանանեան
0
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

 

Հըզպալլա յայտարարեց, թէ վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը գործած է մեծ սխալ մը, երբ որոշած է Լիբանանը զրկել Իսրայէլէն պաշտպանող դիմադրութեան զէնքէն, որովհետեւ այս պիտի առաջնորդէ թուլութեան եւ իսրայէլեան գործողութիւններու շարունակութեան: «Ուստի, մենք այս որոշումին հետ պիտի վարուինք այնպէս՝ կարծես գոյութիւն իսկ չունի», նշուեցաւ Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ: Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասէմ իր կարգին յայտնեց, թէ Հըզպալլա կը մերժէ Իսրայէլի հետ որեւէ նոր համաձայնութիւն կնքել նախքան անցեալ տարուայ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը: «Եթէ Իսրայէլ նոր պատերազմ շղթայազերծէ, ապա պիտի ենթարկուի հրթիռարձակումներու», սպառնաց Քասէմ: Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Իհապ Համատէ յայտնեց, թէ իրենք զէնք յանձնելու դիրքի վրայ չեն, այդ մասին մտածողները որակելով «երեւակայողներ»:

Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի յայտնեց, թէ զէնքին հարցով կառավարութեան որոշումները վճռորոշ են ու վերջնական: «Այս հարցով ետդարձ պիտի չըլլայ, որովհետեւ ապօրինի զէնքին էջը փակելը լիբանանցիներուն պահանջն է», ըսաւ Ռեժժի: Արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսար իր կարգին նշեց, թէ «ապօրինի զէնքը երկիրը մղած է պատերազմներու եւ Հըզպալլա չի կրնար շարունակել պետականաշինութեան խափանումը», ըսաւ նախարար Նասսար:

Share63Tweet40
Previous Post

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ. ՄԱՍ 2

Next Post

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.