Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ. ՄԱՍ 2

August 7, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ. ՄԱՍ 2

 

 

Պաապտայի պալատին մէջ այսօր սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան նախանցեալ օրուայ քննարկումները շարունակող նիստ մը, որուն ընթացքին նախարարները պիտի կեդրոնանան գլխաւոր նիւթին՝ բանակին վերահսկողութենէն դուրս գտնուող զէնքի երեւոյթին վերջ տալու վիճայարոյց թղթածրարին վրայ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ 5 Օգոստոսին տեղի ունեցած նիստի աւարտին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնած էր, թէ կառավարութիւնը բանակէն պահանջած է մինչեւ 31 Օգոստոս մշակել պետական հաստատութիւններուն տիրապետութենէն դուրս գործող զէնքի երեւոյթին վերջ տալու ծրագիր մը, որ պէտք է գործադրուի մինչեւ տարեվերջ, հիմնուելով այս առումով ամերիկեան վարչակազմին մշակած փաստաթուղթին վրայ: Սալամ յիշեցուց Թայէֆի ուխտին համապատասխան հատուածը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է աշխատանք տանի իր գերիշխանութիւնը պարտադրելու լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ եւ վերջ տալու իսրայէլեան բռնագրաւումին, հիմնուելով իր սեփական կարողութիւններուն վրայ: Այլ հարցով մը, կառավարութիւնը որոշեց Պէյրութի օդակայանէն Սալիմ Սալամի անուան փապուղի ուղղուող Հաֆէզ Ասատի անուան պողոտան վերանուանել Զիատ Ռահպանիի անունով: Նշենք, որ նիստէն իրենց վերապահութիւնը յայտնելով քաշուեցան Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Ռաքան Նասէր էլ-Տինը եւ Թամարա Զէյնը: Վերջինս պնդեց, թէ իր վերապահութիւնը կապ չունի զէնքի հարցին հետ, այլ կը հաւատայ, որ այս թղթածրարը գուցէ ըլլայ լիբանանեան հարստութիւններէն զիջելու սկիզբը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, թէ Լիբանանի կայունութիւնը գլխաւոր միջոցն է հասնելու տնտեսական զարթօնքի: Անոր համաձայն, զբօսաշրջութեան աշխոյժ եղանակը կ’ապացուցէ, որ աշխարհը կը վստահի Լիբանանին: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը կառավարութեան աշխատանքային ծրագրին, ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութիւնը վերականգնելու որոշումին, շեշտելով որ լիբանանեան բոլոր շրջանները պէտք է ըլլան պետութեան տիրապետութեան տակ:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԳՐԻԳՈՐ ԽԼԱԹԵՑԻԻ (ԾԵՐԵՆՑ) ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 600-ԱՄԵԱԿԸ  (1)

Next Post

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Next Post
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.