Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՐԻԳՈՐ ԽԼԱԹԵՑԻԻ (ԾԵՐԵՆՑ) ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 600-ԱՄԵԱԿԸ  (1)

  Լ. Շ.   

August 2, 2025
in Յօդուածներ
0
ԳՐԻԳՈՐ ԽԼԱԹԵՑԻԻ (ԾԵՐԵՆՑ)  ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 600-ԱՄԵԱԿԸ  (1)

 

 

Ամենայն հաւանականութեամբ շա՛տ տարօրինակ եւ արտասովոր պիտի թուի  այսպիսի ոգեկոչում մը։

 600-ամեա՞կ։ Եւ մանաւանդ՝ ո՞վ է սա Գրիգոր Խլաթեցին, ո՞վ է սա Ծերենցը, որ ապրեր է մեզմէ վեց-վեցուկէս դար առաջ…։

Մեր ժողովուրդին ընթերցասէր այն խաւը, որ քիչ-շատ ծանօթ է հայ գրականութեան ու անոր դասական գործերուն, «Ծերենց» անունին ետին ապահովաբար պիտի յիշէ արեւմտահայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենցը  (բուն անունով՝ տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, 1822-1888)։ Շատե՜ր կարդացեր են բնիկ պոլսեցի այս արժէքաւոր արձակագրին երեք  նշանաւոր վէպերէն մէկն ու մէկը. «Թորոս Լեւոնի»-ն, «Երկունք Թ. դարու»-նն կամ «Թէոդորոս Ռշտունի»-ն։ Երեքն ալ վայելած են լայն ժողովրդականութիւն ու երեքն ալ կը ներկայացնեն  վիպական սեռի պատմական ճիւղը։ Այսինքն՝ հայոց պատմութեան կարեւոր մէկ  ժամանակաշրջանի վիպականացած տարբերակը։ Այսպիսի վէպերու ընթերցումը ունի կրկնակի օգտակարութիւն. թէ՛ ըմբոշխնած կ’ըլլաս գեղարուեստական արձակ մը, թէ՛ ալ մանրամասնօրէն դիտած ու պեղած կ’ըլլաս հեռաւոր անցեալի  պատմութեան ինչ-ինչ մանրամասնութիւնները…։

Բայց իմ վերնագրին մէջ յիշուած Ծերենցը առնչութիւն չունի այս բոլորին հետ։ Ան ո՛չ վիպագիր է, ո՛չ ալ պատմագիր։ Ան միջնադարեան կրթական աշխոյժ գործիչ  մըն է ու բազմաբեղուն մատենագիր մը. մէկը` հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած այն համբուրելի նուիրեալներէն, որոնք խաւարի  դարերուն մէջ ու քաղաքական խիստ աննպաստ պայմաններու տակ առկայծ  պահեցին Հայ Մշակոյթի ջահը…։

Այո՛, ատեն-ատեն պէտք է ետ նայիլ, երթալ դէպի պատմութեան խորերը ու հոնկէ դո՛ւրս բերել մոռացութեան գիրկը նետուած դէմքերն ալ…։ Այլապէս, նոր սերունդը ինչպէ՞ս պիտի ճանչնայ Գրիգոր Տաթեւացին, Վարդան Արեւելցին, Առաքել Սիւնեցին, Այգեկցին, Մխիթար Գօշը, Պաղտասար Դպիրն ու նմանները…։

Ո՞վ է, ուրեմն, սա Ծերենցը, որուն նահատակութեան 600-ամեակն է այս տարի (1425-2025)։

Միջնադարու հայ վանական կեանքի պատմութեան մէջ երախտաշատ  սպասաւոր մըն է Գրիգոր Խլաթեցի՝ իբրեւ ներհուն մատենագիր, անձանձրոյթ  դաստիարակ, եկեղեցական անբասիր գործիչ, տաղանդաւոր երաժիշտ ու  մանրանկարիչ։

Ժամանակակից ու դասակից է ան Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին։ Ըստ պատմիչ Թովմա Մեծոփեցիի մէկ վկայութեան՝ Խլաթեցի իր ժամանակաշրջանի ամէնէն  բազմաշնորհ ու գիտնական վարդապետներէն մէկն էր։

Ծնած է պատմական Տուրուբերան նահանգի Բզնունեաց գաւառի Խլաթ կամ Ախլաթ քաղաքը (Վանայ լիճի  հիւսիսարեւմտեան ափին), 1349-ին։ «Ծերենց» մականունը կու գայ իր հօր անունէն (Ծեր)։ Պատանի տարիքէն  սկսեալ մինչեւ իր վերջին շունչը ապրած է հայ վանքերու կտուրին տակ, մերթ իբրեւ ուսանող, մերթ իբրեւ քարոզիչ կամ դաստիարակ եւ մերթ իբրեւ գիրի ու գիրքի  սպասաւոր։ Իրեն ուսուցիչ ունեցած է Յովհան Որոտնեցիի, Յովհան Քռնեցիի ու Սարգիս Ապրակունեցիի նման համբաւաւոր րաբունապետեր։  Վարդապետական գաւազան ստացած է այս վերջինէն։

Զինք յաջորդաբար կը գտնենք Ցիպնավանքի (իր ծննդավայրէն քիչ անդին, Արծկէ քաղաքին մօտ), Որոտնավանքի (Սիւնիք), Խառաբաստի վանքի (Արճէշ),  Սալնապատի (այլ անուանումով՝ Ձորովանք, Վան քաղաքին մօտ) եւ հուսկ Մեծոփայ վանքին մէջ (Արճէշի մօտիկ), յաճախ՝ րաբունապետի պաշտօնով։ Դասաւանդած է սուրբգրային եւ  իմաստասիրական նիւթեր։

Վերոնշեալ վանքերուն անունները եւս կրնան անծանօթ ըլլալ մեր  ընթերցողներուն։ Բայց ասո՛նք էին այդ հին դարերու մեր դպրոցները, կրթական  յարկերը, վարդապետանոցները։ Ասոնցմէ ոմանք գոհարանման զարդերն էին  Վանայ լիճի հիւսիսային ափերուն, Սիփան լեռան շուքին տակ կամ աւելի անդին,  ուր հրաշքի համազօր աշխատանք կը կատարուէր գրասէր ու մատենասէր  հոգեւորականներու կողմէ։ Սա ԽԱՌԱԲԱՍՏԻ ՎԱՆՔԸ, զորօրինակ, որուն հետքն  անգամ չկայ հիմա, կը յիշատակուի ԺԴ. դարէն սկսեալ մինչեւ ԺԶ. դար ու կ’ըսուի  թէ իբր շինութիւն կամ ճարտարապետական ոճ` հոյակապ ու գեղատեսիլ տաճար  մը եղած է։ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիէն ետք՝ Վանայ լիճի ափամերձ գօտիին  ամէնէն չքնաղ շինութիւնն էր ան, անառիկ դղեակի մը նմանողութեամբ։  Լենկթիմուրեան աւերիչ արշաւանքները խանգարած ու կասեցուցած են վանքին  կրթական ու հոգեւոր գործունէութիւնը…։

Մենք շինած ենք, անոնք` քանդած…։

*

Գրիգոր Խլաթեցի 18 տարեկանէն սկսեալ զբաղեր է գրչութեամբ։ Հոգուով-սրտով փարեր է այդ արուեստին ու զայն դարձուցեր իր կեանքին գլխաւոր  նպատակակէտը՝ գիշեր ու ցերեկ, ամառ ու ձմեռ, ո՛ւր որ գացեր է, ո՛ւր որ պաշտօնի կոչուեր է։ 70 տարեկանին երբոր ուխտի գացեր է Երուսաղէմ՝ հո՛ն ալ  ստեղծագործեր է։ Անդադար գրեր է, ընդօրինակեր, խմբագրեր, յօրիներ, նկարեր,  սրբագրեր, նորոգեր, կիսատ մնացած ձեռագրերը համալրեր, տաղեր  եղանակաւորեր եւ այս բոլորը շուրջիններո՛ւն սորվեցուցեր։ Եթէ նկատի ունենանք որ վախճաներ է 76  տարեկանին, ապա հաստատօրէն պիտի ըսենք, թէ հայ գիրի ու դպրութեան  ծառայեր է ան լման 58 տարի։

(Շարունակութիւնը՝ մեր յաջորդ սիւնակով)

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԻՆՉՈ՞Ւ Է ՏԽՈՒՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ. ՄԱՍ 2

Next Post
ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ. ՄԱՍ 2

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏ. ՄԱՍ 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.