Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԹՈՒԱՅԻՆ ՄԵՏԻԱՅԻ ԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ» ՎԿԱՅԱԳՐԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ճինիշեան հաստատութեան նախաձեռնութեամբ

August 2, 2025
in Գաղութային
3
«ԹՈՒԱՅԻՆ ՄԵՏԻԱՅԻ ԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ» ՎԿԱՅԱԳՐԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

 

 

Ճինիշեան հաստատութեան նախաձեռնած «Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագրի» վկայագիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի։

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս արհ. Տ. Գրիգոր եպս. Պատիշահ, եւ Միջին Արեւելքի հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Նշան Պաքալեան։ Հիւրերու շարքին էին նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան, DOT Lebanon-ի տնօրէնը՝ Քամիլ Ատամ եւ անդամներ, Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմինի անդամներ, ոչ-պետական կազմակերպութիւններու (NGO) ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ։

Հանդիսութիւնը կը նշէր չորս ամիս տեւած վերապատրաստութեան դասընթացքի մը աւարտը՝ «Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիր», իրագործուած DOT Lebanon-ի եւ Ճինիշեան հաստատութեան գործակցութեամբ։ Ընդհանուր հաշուով 125 երիտասարդ եւ երիտասարդուհի, ներառեալ՝ համալսարանականներ, ստացան վկայագիրներ թուային գրագիտութեան եւ արուեստական բանականութեան մարզերուն մէջ, զինուելով 21-րդ դարու անհրաժեշտ հիմնական գիտելիքներով։ DOT Lebanon մաս կը կազմէ DOT Global-ի՝ միջազգային ցանց մը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Գանատա, գործուն է աւելի քան 12 երկիրներու մէջ եւ անոր առաքելութեան մաս կը կազմէ օժանդակութիւն տրամադրել անհատներու՝ օգտուելու թուային գրագիտութեան հնարաւորութիւններէն եւ զանոնք օգտագործելու տարբեր մարզերու եւ ձեռնարկատիրութիւններու մէջ։ Գիտելիքներու փոխանցման կողքին, «Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրը» կ’ընդգծէր նաեւ քննական մտածողութեան եւ առցանց միջոցներու պատասխանատու գործածութեան կարեւորութիւնը՝ յատկապէս ապատեղեկատուութեան եւ սուտ լուրերու սրնթաց տարածման այս օրերուն:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Գրիգոր եպս. Պատիշահի աղօթքով:

Բացման խօսքը արտասանեց Ճինիշեան հաստատութեան ընկերային ծառայողներէն՝ Ճեսիքա Պըժանն։ DOT Lebanon-ի տնօրէն Քամիլ Ատամ, իր կարգին, վեր առաւ «Ճինիշեանի» հետ գործակցութեան յաջող փորձառութիւնը ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ապագային եւս գործակցելու եւ իրագործելու նմանօրինակ ծրագրեր։

Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնակի Լիբանանի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծեց երիտասարդներն ու կիները կարեւոր գիտելիքներով օժտելու եւ զանոնք լիազօրելու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ընկերութեան եւ համայնքի հիմնասիւները։ Ան շեշտեց, որ «առանց թուային մշակոյթի եւ հմտութիւններու, այսօր անկարելի է մաս կազմել աշխարի որեւէ աշխատուժի», ինչպէս նաեւ բացատրեց, որ այս նախաձեռնութիւնը, վերապատրաստութենէ աւելի, ռազմավարական ներդրում մըն է արդիւնաւէտ եւ ընդգրկուն համայնքային զարգացումի մը ճամբուն վրայ։

Դանիէլեան գոհունակութեամբ նշեց, որ «Ճինիշեան»ի եւ «DOT Lebanon»ի գործակցութիւնը վերջին երկու տարիներուն կարելի դարձուցած է աւելի քան 250 երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու վերապատրաստումը՝ ձեւաւորելով ինքնաբաւ, նուիրուած եւ հմտացած սերունդ մը, որ պատրաստ է ոչ միայն աշխատելու, այլեւ նուիրուելու համայնքային կեանքին: Ան աւելցուց, որ ծրագրին մասնակիցները պարզապէս վկայագրերով չեն վերադառնար, այլ՝ կայուն եկամուտ եւ արժանապատիւ ապագայ կերտելու նոր հեռանկարներով։

Իր խօսքի աւարտին, Դանիէլեան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց «DOT»-ին՝ անոնց ցուցաբերած նուիրուածութեան եւ տրամադրած օժանդակութեան համար։ Ան նաեւ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին՝ անոր անշեղ աջակցութեան ու ներկայութեան համար, եւ զայն հրաւիրեց բեմ իր պատգամը փոխանցելու։

Դոկտ. Պայրագտարեան իր արաբերէնով ելոյթին մէջ ուրախութիւն յայտնեց ներկայ գտնուելու այս իմաստալից նախաձեռնութեան աւարտական հանդիսութեան, նախաձեռնութիւն մը՝ որուն շնորհիւ թուային գրագիտութեան հմտութիւններու եւ նորարարական գիտելիքներու վերապատրաստութեան վկայագրեր կը ստանան հարիւրաւոր երիտասարդներ։ Ան բարձր գնահատեց Ճինիշեան հաստատութեան եւ «DOT Lebanon»-ի համատեղ աշխատանքը, որ ըստ իրեն կը ներկայացնէ գործակցութեան յաջող օրինակ մը քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային գործընկերներու միջեւ։

«Մեր նախարարութեան համար, ներդրում կատարել ի խնդիր երիտասարդներու զարգացման ոչ թէ ընտրութիւն է, այլ՝ ազգային եւ ռազմավարական առաջնահերթութիւն։ Երիտասարդները մեր ներկան են, եւ միաժամանակ՝ յոյսը մեր ապագային։ Մեր պարտականութիւնն է անոնց տրամադրել բոլոր այն միջոցները, որոնք պիտի նպաստեն անոնց զարգացման, ինքնավստահութեան ամրապնդումին եւ գործուն մասնակցութեան հանրային ու համայնքային կեանքին մէջ», ըսաւ Պայրագտարեան։

Նախարարը ընդգծեց նաեւ թուային գրագիտութեան կենսական դերը. «Այսօրուան արագօրէն փոխուող աշխարհին մէջ երիտասարդներու ինքնկերտումը անշուշտ կախեալ է անոնց արհեստագիտական հմտութիւններէն եւ թուային կարողութիւններու զարգացումէն։ Կարելի չէ լիարժէք ինքնակերտում առանց նորարարութիւն սերմանող միջավայրի»:

Ան դիտել տուաւ, որ ծրագրերու նմանատիպ մօտեցումները պէտք է շարունակուին եւ ընդլայնուին. «Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանանի երիտասարդները չըլլան միայն թուային սպառողներ, այլ՝ նորարարներ եւ ստեղծարարներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան արդիւնաւէտ կերպով արձագանգելու հաւաքական խնդիրներուն՝ օգտագործելով թուային աշխարհի ընձեռած հնարաւորութիւնները»։

Ի վերջոյ, Պայրագտարեան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան»-ի ծրագրային տեսլականը եւ անոր հետեւողական գործելակերպը՝ եզրափակելով. «Այսօրուան թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագիրը մեզի ցոյց տուաւ, թէ ինչ կը նշանակէ գործուն, ներգրաւող եւ այլընտրանքային ուսուցում մը»:

 

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլէճի աշակերտները, իսկ Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան մեկնաբանեց ֆրանսերէն երգ մը։

Երեք շրջանաւարտներ՝ Մանուէլա Օհաննէսեան, Մոհամմատ Արնաութ եւ Նարինէ Քեհէեան ներկայացուցին իրենց վկայութիւնները «Թուային մետիայի գրագիտութեան ծրագրին» մասին՝ նշելով, թէ իրենց ստացած գիտելիքները անփոխարենելի օգտատարութիւն կ’ունենան իրենց ուսումնական եւ աշխատանքային առօրեային մէջ:

Որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան յուշանուէր մը յանձնեց DOT-ին՝ ընդգծելով երկու հաստատութիւններուն արդիւնաւէտ գործակցութիւնը անցնող տարիներուն։ Իսկ ծրագրին մասնակիցներէն՝ Պօղոս Նազիկեան նախարարուհի Նորա Պայրագտարեանին նուիրեց հայկական նուռը ներկայացնող իր գեղանկարը։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վկայագրերու բաշխումով եւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատումով:

 

Share68Tweet43
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԲԺԻՇԿ, ԳՐՈՂ ՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ ՏՈՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Next Post
ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԿԵԱՆՔ ՄԸ  ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԲԺԻՇԿ, ԳՐՈՂ ՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ ՏՈՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ  ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԲԺԻՇԿ, ԳՐՈՂ ՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ ՏՈՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Comments 3

  1. Շաքէ Մանկասարեան says:
    10 months ago

    խթանիչ ներգործութիւն մը կը յուշէ Ara Sayegh Փրոֆ. Արա Սայեղի գրութեան հետ, որ Տարբերակը հրապարակած էր FEBRUARY 22, 2025-ին:Ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորենք բեկումնային ԱԲ-ը (AI) սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ – Darperag21 Ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորենք բեկումնային ԱԲ-ը (AI) սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ – Darperag21 https://darperag21.net/%d5%ab%d5%b6%d5%b9%d5%ba%d5%a7%d5%9e%d5%bd-%d5%af%d5%9b%d5%ab%d5%b4%d5%a1%d5%bd%d5%bf%d5%a1%d6%82%d5%b8%d6%80%d5%a5%d5%b6%d6%84-%d5%a2%d5%a5%d5%af%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%b6%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6/ ,

    Reply
  2. Շաքէ Մանկասարեան says:
    10 months ago

    Այս տեղադրումներդ/գրառումները երկու նպատակ ունին, մին՝ որ քաջալերական է նման ծրագիրներ յարատեւ ու շարունակական ձեւով տեղի ունենան ԲՈԼՈՐ հայ միաւորներու , շրջանակներու մէջ, իսկ միւսը՝ ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ այն է, որ Փրոֆ. Արա Սայեղի գրութիւնը/վերլուծումը «Ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորենք բեկումնային ԱԲ-ը (AI) սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ» չկարդացողները առիթ ունենան կարդալու եւ մտածելու․․․․․․․վարձքդ կատա՛ր թանկագին փրոֆ. Արա Սայեղ:

    Reply
  3. Ara Sayegh says:
    10 months ago

    Թուային եւ Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) արհեստագիտութիւններով շրջապատուած մեր ներկայ դարուն մէջ, ճշգրիտ , կենսական եւ իմաստալից տեսլական է իրագործուած դասընթացքը Ճինիշեան հաստատութեան նախաձեռնութեամբ։ Պէտք է ընդունիլ, որ այսօր ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ վերանորոգումը, վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը աւելի քան հրատապ հրամայականներ են մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Թող այս դասընթացքը լուսաւոր նախաքայլ մը դառնայ , նման ծրագիրներ յարատեւ ու շարունակական ձեւով տեղի ունենան ԲՈԼՈՐ հայ միաւորներու, շրջանակներու մէջ ։ Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Ճինիշեան հաստատութեան նախաձեռնութիւնը , Ճաճանչող ձեր վաստակը անսպառ։ Արա Սայեղ

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.