Ամերիկեան Մոնթանա նահանգը ներկայացնող հանրապետական ծերակուտական Սթիւ Տէյնս իր «Խաղաղութեան համաձայնագիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար» յօդուածին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ բանակցութիւններու նիւթին: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ կը գտնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու սեմին: «Այդ յատկանշական նուաճում կ’ըլլայ՝ քայլ մը եւս դէպի կայունութիւն, որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան, իր տնտեսական օգուտները տարածելով նշեալ երկիրներու սահմանէն շատ հեռու», նշեց ծերակուտականը: Ան ամերիկեան նախկին վարչակազմերը ամբաստանեց Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն առաջնահերթութիւն չտալու մէջ: Տէյնս գրեց, որ Թրամփի օգնականներուն հետ այցելած է Երեւան ու Պաքու, ուսումնասիրած տնտեսական ներուժը եւ որոշ հարցեր քննարկած: «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Իլհամ Ալիեւը կ’ըմբռնեն ներկայ պահին կարեւորութիւնը եւ առկայ հնարաւորութիւնները», ըսաւ ամերիկացի ծերակուտականը: Խօսելով Մոսկուայի դերակատարութեան մասին, Տէյնս դիտել տուաւ, որ Ռուսիա երկար ժամանակ բորբոքած է հակամարտութիւնը, իր հարաւային հարեւանները թոյլ եւ մեկուսացած պահելու նպատակով: «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը սակայն այժմ կը թօթափեն ռուսական գերիշխանութեան լուծը եւ կը դիմեն ապագայի անկախ տեսլականներուն», ըսաւ ամերիկացի ներկայացուցիչին:

