Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ ընդգծեց հայրենիքին եւ զինուորական հաստատութեան հաւատարիմ մնալու հրամայականը, խտրութիւն չդնելով լիբանանցիներուն միջեւ: Բանակի տօնին առթիւ հարաւային շարք մը զօրամասեր այցելած ատեն, զօրավարը զինուորներուն հետ արծարծեց ծառայութեան պայմանները եւ անոնց յորդորեց սահմանին վրայ ամուր կանգնիլ թշնամիին դիմաց: Անցնելով Պեքաա, զօրավար Աուն գնահատեց Լիբանանի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանները պահպանող զինուորները, Լիբանանին համար անհրաժեշտ համարելով սահմանի պաշտպանութիւնը, մաքսանենգումներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, որպէսզի լիբանանցիները ապրին խաղաղ եւ անվտանգ կեանք մը: Հասնելով Պէյրութ, բանակին հրամանատարը զինուորական բարձրաստիճան սպաներու հետ անդրադարձաւ ապահովութիւնը պահպանելու եւ ոճրագործութեան դէմ պայքարի թղթածրարներուն: Ան յարգեց զոհուած զինուորներուն յիշատակը եւ զանազան շրջաններու մէջ այցելեց անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Խօսելով հարաւի մէջ տեղակայումին մասին, զօրավար Հայքալ շեշտեց, որ բանակը տեղակայուած է հարաւային բազմաթիւ շրջաններու մէջ, սակայն սահմանային բլուրներու բռնագրաւումը կը կանխէ բանակին տեղակայումին ամբողջացումը:

