Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՊԱՀԸ ՀԱՍԱՒ. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՓԼՈՒԶՈՒՄ

August 2, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՊԱՀԸ ՀԱՍԱՒ. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՓԼՈՒԶՈՒՄ

 

  Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Մայքըլ Քըրիլլան, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ ամերիկացի դեսպանին՝ քննարկելու հարաւի մէջ տիրող դրութիւնը եւ Հըզպալլան ապազինելու հարցով ամերիկեան պահանջները: Բանակի տօնին առթիւ իր արտասանած պատմական խօսքին մէջ, Աուն վերահաստատեց երդումի ուղերձին մէջ ներառած լիբանանեան ազգային սկզբունքները, որոնք կը ներառեն երկրի բոլոր շրջաններուն վրայ պետութեան հեղինակութեան ամրապնդումը եւ լիբանանեան պաշտօնական հաստատութիւններու տիրապետութենէն դուրս գտնուող զէնքի հարցին լուծումը: «Պէտք է առանց տատամսելու հասնինք զէնքի հարցի լուծումին, որպէսզի կարենանք վերատիրանալ աշխարհին վստահութեան եւ պետութիւնը իր անվտանգութիւնը պաշտպանէ ընդդէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը, շեշտելով որ հասած է կայունութեան եւ փլուզումին միջեւ ընտրութիւն կատարելու պահը: Աուն հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի չկորսնցնէ Լիբանանը փրկելու հնարաւորութիւնը, աւելցնելով թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Սուրիոյ հետ բացառիկ յարաբերութիւններու կառուցումին՝ յանուն երկու հարեւան երկիրներու շահերուն: Ան խոստացաւ շարունակել նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը եւ դիտել տուաւ, որ փտած անձնաւորութիւններուն հետապնդումը եւ ձերբակալութիւնները սկսած են: Աուն նաեւ յայտանեց, որ Լիբանանի մէջ չկայ պաշտօնական վատ հաստատութիւն, այլ կայ պետական հաստատութիւններու վատ տնօրինում, որուն պատճառով պաշտօնեաները կ’անցնին փտածութեան, կաշառակերութեան եւ շանթաժի, դժուարացնելով քաղաքացիներուն առօրեայ աշխատանքները: «Այս հաստատութիւնները քաղաքացիներուն ծառայութեան համար են, ոչ թէ հակառակը», շեշտեց նախագահ Ժոզէֆ Աուն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, բանակի տօնին նուիրուած ուղերձին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի չփրկուի, եթէ բանակը չվայելէ զէնքի գործածութեան մենաշնորհը եւ պետութեան հեղինակութիւնը չտարածուի Լիբանանի ամբողջ տարածքին: «Բանակը մեր գերիշխանութեան եւ անկախութեան խորհրդանիշն է ու մեր հայրենիքին պահապան ամուր ամրոցը», ըսաւ վարչապետ Սալամ:

Նշենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկզբունքով Երեքշաբթի գումարելիք նիստին ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի պաշտօնական զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն տիրապետութենէն դուրս գտնուող զէնքի թղթածրարին, հիմնուելով նախագահին ու վարչապետին վերջին ուղերձներուն վրայ: Ըստ շրջանառուող ոչ-պաշտօնական տեղեկութիւններու, քաղաքական խորհրդակցութիւնները բազմացած են՝ լաւապէս պատրաստուելու նիստին եւ երաշխաւորելու, որ Հըզպալլան ու Ամալ շարժումը պոյքոթի պիտի չենթարկեն զայն:

Share64Tweet40
Previous Post

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶԸ ԴԷՊԻ ՀԱԼԷՊ

Next Post

ԲԱՆԱԿԸ ԱՄՈՒՐ Է ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԴԻՄԱՑ

Next Post
ԲԱՆԱԿԸ ԱՄՈՒՐ Է ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԴԻՄԱՑ

ԲԱՆԱԿԸ ԱՄՈՒՐ Է ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԴԻՄԱՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.