Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԾԱՆՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՔԱՄՉԱԹՔԱՅԻ ՄԷՋ

July 31, 2025
in Այլազան
0
ԾԱՆՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՔԱՄՉԱԹՔԱՅԻ ՄԷՋ

 

 

2011-ի Ճափոնի երկրաշարժէն ետք աշխարհը հարուածած ծանրագոյն ցնցումը պատահեցաւ երէկ, Ռուսիոյ ծայրագոյն արեւելեան Քաշչաթքա թերակղզիին վրայ, որ մաս կը կազմէ Խաղաղական ովկիանոսի «կրակոտ շրջագիծին»: 8.8 աստիճան ուժգնութեան հասած ցնցումը յառաջացուց ցունամիի ալիքներ, որոնք հասան Հաուայեան կղզիներ, Ալասքա եւ Ճափոն, նոյնիսկ հարաւային Նիւ Զելանտա:

 

  ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԵՐՈՒՆ «ՈՒԺԵՂԱԳՈՅՆ ՀՆԳԵԱԿԸ»

Ըլլալով հանդերձ շատ ուժեղ երկրաշարժ մը, Քամչաթքայի երէկուայ ցնցումը ուժեղագոյնը չէր ոչ միայն արձանագրուած պատմութեան, այլ նոյնիսկ Ռուսիոյ ծայրագոյն արեւելեան այդ նոյն շրջանին մէջ: Ստորեւ, երկրաշարժերուն «Վատագոյն հնգեակը»:

5) Գրեթէ 75 տարի առաջ, նոյն Քամչաթքայի թերաղզին ցնցուեցաւ 9 աստիճան ուժգնութեան հասնող երկրաշարժով մը, որուն յաջորդած ցունամին հատեց Խաղաղական մեծագոյն ոսկիանոսը, հասնելով անոր արեւելեան ափերը:

4) Ճափոնի Թոհոքու շրջանին մէջ 9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը պատահեցաւ 11 Մարտ 2011-ին, բարձրացնելով 40 մեթրի հասնող ալիքներ, որոնք պատճառեցին աւելի քան 15 հազար զոհ, համատարած կործանում եւ 235 միլիառ տոլարի վնաս: Այս երկրաշարժը յատկանշուեցաւ մասնաւորաբար Ֆուքուշիմա հիւլէակայանին պատճառած վնասով եւ ճառագայթող նիւթերու արտահոսքով:

3) Ամանորը հանգիստ չանցաւ Հնդկական ոսկիանոսին ափամերձ երկիրներուն մէջ: Սուրբ Ծննդեան տօնէն ժամեր ետք, 26 Դեկտեմբեր 2004-ին 9.1-9.3 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Ինտոնեզիոյ Սումաթրա կղզին, յառաջացնելով պատմութեան մէջ արձանագրուած մեծագոյն ցունամին, որուն ալիքները աւեր գործեցին Ասիոյ հարաւային եւ Ափրիկէի արեւելեան 14 երկիրներու մէջ: Զոհուեցաւ աւելի քան 230 հազար մարդ, իսկ աւերը մեծ էր մանաւանդ Ինտոնեզիոյ, Հնդկաստանի, Շրի Լանքայի եւ Թայլէնտի մէջ:

2) 28 Մարտ 1964-ին Ալասքայի Փրինս Ուիլիամ Սաունտ շրջանին 9.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը ծանրագոյնն էր Հիւսիսային Ամերիկայի պատմութեան մէջ, այդ տեւեց շուրջ հինգ վայրկեան, պատճառելով քանի մը հարիւր զոհ եւ 311 միլիոն տոլարի վնաս:

1) Պատմութեան մէջ արձանագրուած ուժեղագոյն երկրաշարժը պատահեցաւ 1960-ի 22 Մայիսին, Չիլիի Վալտիվիա շրջանին մէջ, ուժգնութիւնը հասաւ 9.5 աստիճանի, կործանեց երկրին հարաւային հատուածը, իսկ ցունամիին ալիքները հասան Հաուայեան կղզիներ, Ճափոն, Ֆիլիփին եւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափ: Մահացաւ շուրջ հազար հոգի, 2 միլիոն մարդ մնաց անապաստան, նիւթական վնասը հասաւ 550 միլիոն տոլարի:

 

Share66Tweet42
Previous Post

  ԻՍՐԱՅԷԼ ՆԱՀԱՆՋԵԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ

Next Post

ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՎ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՎ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՎ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.