Պաքուի բանտին մէջ արգելափակուած հայ գերիներուն թղթածրարը անցնող օրերուն ականատես դարձած է մտահոգիչ նորութեան: Գերիներուն մերթ ընդ մերթ այցելող եւ ընտանիքներուն հետ կապի հնարաւորութիւն ընծայող Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն գերիներու ընտանիքներուն տեղեկացուցած է, թէ այսուհետեւ պիտի չայցելէ գերիներուն, ուստի վտանգուած է անոնց կապը հարազատներուն հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» կայքը, աւելցնելով թէ լուրը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է հարազատներուն մօտ, որովհետեւ Կարմի խաչը գերիներուն այցելող միակ կառոյցն էր, կը զբաղէր նաեւ անոնց առողջական խնդիրներով, կը փոխանցէր հագուստ եւ անհրաժեշտ այլ նիւթեր:

