«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ուաշինկթըն կը սաստկացնէ Լիբանանի նկատմամբ ճնշումը, պահանջելով հրապարակել Հըզպալլայի ապազինումին վերաբերող կառավարական որոշում մը, նախքան իսրայէլեան գործողութիւններուն դադրեցումը եւ բանակցութիւններուն շարունակութիւնը: Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը քայլերու չձեռնարկէ, ապա ամերիկացի պատուիրակը ճնշում պիտի չբանեցնէ Իսրայէլի վրայ՝ դադրեցնելու զինադադարի խախտումները:
Իսրայէլ ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջ ներկայացուցիչ Պեզալել Սմոթրիչ յայտնեց, թէ իսրայէլեան բանակը պիտի չքաշուի լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաներէն, իսկ հարաւի կործանուած գիւղերը երբեք պիտի չվերակառուցուին: Սահմանամերձ Քիրիաթ Շեմոնա բնակավայր այցելած ատեն Սմոթրիչ դիտել տուաւ, թէ Հըզպալլա հեռացած է սահմանէն եւ իր զէնքը շատ հաւանաբար՝ կործանուած:

